2017-ի Օգոստոսէն սովորութիւն դարձուցած էի Կիրակի օրերու առաջին քայլերս ուղղել դէպի մեր տան խոհանոցը, որուն պատուհանը կը նայի Սրբ. Գր. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ։
Այս Կիրակի ալ նոյնը ըրի, բայց հազիւ պատուհանին հասած պահ մը շշմեցայ, հակառակ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնին, եկեղեցին իր դռները փակ կը պահէր, մինչ պատերազմի ամենաբորբ  օրերուն այդ դուռը երբեք չէր փակուած իրեն փութացող հաւատացեալներուն առջեւ։ Տակաւին մէկ շաբաթ առաջ՝ Ծաղկազարդին, թէեւ սակաւաթիւ, սակայն ընդունած էր իր զաւակները, նոյնիսկ երկու օր առաջ՝ Աւագ Ուրբաթ օրը, թէեւ դռները փակ էին, բայց գոնէ արարողութեան մեղեդիները եւ սրբազան հօր քարոզը կը լսէինք Նոր Գիւղի բնակիչներս մասնաւորապէս ու համայն սփիւռքը ընդհանրապէս։
Ո՞ւր են մանուկներուն կենսուրախ ձայները, ո՞ւր են տարեց մամիկներուն ու պապիկներուն օրհնաբեր աղօթքներն ու մաղթանքները: Այս բոլորը հիմա կը բացակային, հիմա միայն մեռելային խոր լռութիւն կը տիրէ։ Արդեօ՞ք մանր ու աննշան պսակաձեւ ժահր կոչեցեալն է այս բոլորին պատճառը։ Արդեօք մարդկութեան պատմութեան ընթացքին եղա՞ծ է նման պարագայ մը, երբ Տէրը իր դռները փակած է իր զաւակներուն առջեւ։
Եթէ այս հարցին քաղաքական ու տնտեսական տեսանկիւնէն անդին նայինք, արդեօ՞ք չենք գտներ, թէ Ամենակալը այս ձեւով կ’ուզէ բան մը հասկցնել մեզի։
Սոյն ժահրը ապտակ մըն է երկրագունդի երեսին, որ կրցաւ ծունկի բերել աշխարհի հզօրները, նոյնիսկ գիտնականները շփոթի մատնուեցան։ Այս բոլորը պատասխա՞նն է չարացած մեր կեանքին։ Աշխարհի մէկ երրորդը կը գտնուի տուներուն մէջ՝ նախազգուշանալով ժահրին ազդեցութենէն: Կենաց մահու պայքար կը մղենք, միակ ապաւէնը մեր հաւատքն է, յոյսն է։ Հասած է այն ժամանակը, երբ մեր տուները եկեղեցիներու  պէտք է վերածել, ինքնավերլուծել մեր արարքները, վերամշակել մեր ծրագիրները։ Ժամանակ տրամադրենք եւս բնութեան, որ յոգնութենէ կը տառապի ու կարիքը ունի հանգիստի։
Որքան ալ մարդը բարձր դիրքի հասնի, որքան ալ գիտութիւնը յառաջանայ, որքան ալ գերպետութիւնները հզօրանան, բոլորն ալ շատ համեստ կը մնան Տիրոջ զօրութեան առջեւ։ Պահն է լաւ ըմբռնելու համայն աշխարհին ուղարկուած նամակը, լաւ հասկնալու այդ նամակին բովանդակութիւնը ու գործելու անոր ցուցմունքներուն համաձայն։ Այս մէկը յաւելեալ առիթ մըն է մարդկութեան, պէտք չէ կորսնցնել այս առիթը այնքան ատեն որ տրամադրուած ժամանակը չէ աւարտած։
Պէթի Քիլէրճեան