Նուրիկեանի պատմուածքները տեսակ մը մանրապատումներ են կարծես։ Խճանկարներ։ Այնքան խիտ ու սեղմ են անոնք, որ երբեմն երկու էջէ անդին չեն անցնիր։ Կը զգաք որ հեղինակը կը մերժէ աւելորդ զարդեր ու երկարաբանութիւններ, կը խուսափի մանրամասնութիւններէ եւ ընդլայնումէ։

    Իր կարճ ու կտրուկ այս ոճը կը թուի թէ բնածին բան մը եղած է Նուրիկեանի մօտ, նպաստաւորուած՝ պատկերաւոր ու կենդանի լեզուով մը, նուրբ երգիծանքով եւ զուարթախոհութեամբ, ինչպէս նաեւ ճոխ բառամթերքով մը, որ արդէն գլխաւոր զէնքն է որեւէ գրողի։ Ուշագրաւ է իր հետեւեալ հաստատումը.«Ինծի համար մեր լեզուն հրաշալի միջոց մըն է գրական ստեղծագործութեան. աւելի՛ հարուստ, քան անգլերէնը եւ ֆրանսերէնը, որոնց ծանօթացած եմ ուսանողութեանս տարիներուն ու յետոյ ալ՝ երկար տարիներով, մանաւա՛նդ անգլերէնին»։

   Խտութեան կողքին, իր գրականութեան միւս երկու յատկանիշերն են պարզութիւնն ու իրապաշտութիւնը։ Փոքր չէ թիւը իր այն պատմուածքներուն, ուր հերոսներէն մէկն ալ ի՛նք է՝ «Արմէն» անունին ետին պահուըտած։ Իր ինքնակենսագրական նօթերուն մէջ առիթով մը գրած է.«Իբրեւ գրող երբեք չեմ կրցած ձեռք զարնել շինծու նիւթերու։ Կը գրեմ միայն՝ երբ սիրտս եւ ամբողջ էութիւնս լեցուած են նիւթով մը, որ փակուած է սրտիս մէջ, եւ որ կը ճչայ որպէսզի  լոյս աշխարհ գայ թուղթին եւ գրչին ճամբով։ Այլապէս երբեք պիտի չուզէի, պիտի չկարենայի գրել»։

   Գրականագէտ Մինաս Թէօլէօլեան իր «Դար Մը Գրականութիւն» հատորին մէջ սապէ՛ս կը բնորոշէ Նուրիկեանի արուեստը.«Պարզ, անճիգ լեզուով մը եւ իր տիպարները միշտ իրենց հարազատ ապրումներուն ընդմէջէն սեւեռումի տակ առնելու բծախնդրութեամբ՝ յաջողած է կենդանի ու մնայուն վկայութեան վերածել գրական իր վաստակը»։

 

*

   Բենիամին Նուրիկեան իր պատկառելի ուսուցիչին՝ Թլկատինցիի նկատմամբ, պահեց միշտ անպարագիծ սէր մը։

   Ինչպէս տեսանք արդէն, 20-ական թուականներուն, Գոլումպիա համալսարանը աւարտելէ կարճ ժամանակ անց, ան ձեռնամուխ եղաւ նահատակ գրագէտին հոս-հոն ցրուած այլաբնոյթ գործերուն հաւաքման աշխատանքին, նեցուկ ունենալով այդ օրերուն Ամերիկայի մէջ կազմուած Թլկատինցիի Սաներու Միութեան երախտագէտ անդամները։ Հին թերթերէ ու տարեցոյցներէ ժողվեց Թլկատինցիի պատմուածքները, քրոնիկները, թատերգութիւններն ու քերթուածները։ Այս աշխատանքին մէջ իրեն մեծապէս օժանդակեց Վենետիկէն Հ. Արսէն Ղազիկեանն ալ։ Մէկտեղեց նաեւ լուսանկարներ։ Գաւառային դժուարիմաց բառերու համար (որոնցմով կը վխտան Թլկատինցիի գրութիւնները) կազմեց առանձին սիւնակներ ու տուաւ անոնց բացատրութիւնները։ Այսպիսով, մէջտեղ եկաւ 700 էջանի հրաշալի մատեան մը, որ թերեւս «ամբողջական» չէր, բայց որ լայն չափով մոռացումէ կը փրկէր գրողին վաստակը ու կոչուած էր անկորնչելի փառապսակ մը դառնալ Խարբերդի Թլկատին (Խույլու) գիւղի մեծանուն զաւկին համար։

   Այս գիրքը տպուեցաւ Նիւ Եորք, 1927-ին, այսինքն՝ Թլկատինցիի նահատակութենէն ընդամէնը 12 տարի ետք։

   Ողջունելի՜, համբուրելի՜ աշխատանք՝ նախկին սաներու այս նախաձեռնութիւնը։

   Այլ առիթով մը, Նուրիկեան իր «Նոր Գիր»-ին մէկ թիւը ամբողջովին նուիրեց Թլկատինցիին, հեղինակաւոր գրիչներու աշխատակցութիւնը ապահովելով ատոր (1950, աշուն\ձմեռ)։

   Ծանօթ է որ Թլկատինցի Խարբերդի մէջ կրցած էր խմորել գրասէր սերունդ մը, որ յետոյ լայն թեւերով բացուեցաւ մեր գրականութեան ու դրոշմ դրաւ այնտեղ։ Այդ սերունդին մաս կը կազմեն, Նուրիկեանէն զատ, նաեւ Ռուբէն Զարդարեան, Վահէ Հայկ, Վահան Թոթովենց, «Ամերիկահայ Պատկերներ»-ու հեղինակը՝  Պետրոս Կէօլճիկ, հրապարակագիր Հրաչ Երուանդ եւ այլն։

   Թլկատինցի, իրաւամբ, կը նկատուի գաւառի գրականութեան վարպետներէն մէկը, նաեւ՝ գլխաւոր տեսաբանը այդ գաղափարին։ Մուշեղ Իշխան իր «Արդի Հայ Գրականութիւն» դասագիրքին մէջ (Բ. հատոր, Պէյրութ, 1974) կը հաստատէ.«Գրիչով ու խօսքով պայքարած է, որպէսզի հայ գրողը իր աչքերը դարձնէ դէպի  հայ գիւղը  եւ մշակէ հայեցի ոգիով նոր գրականութիւն մը, իսկ հայ մարդը  չհեռանայ իր պապենական հողէն ու օճախէն։  Նախանձախնդիր է տոհմային աւանդութեանց պահպանման եւ այդ պատճառով ալ համակիր չէ անոնց, որոնք հայ հողէն, սովորութիւններէն եւ եկեղեցիէն կը բաժնեն հայը կամ կը քանդեն անոր կրօնական եւ բարոյական ըմբռնումները»։

   Մեզի համար շահեկան է իմանալ Նուրիկեանի յուշերն ու տպաւորութիւնները իր ուսուցիչին վերաբերեալ։

   Այդ յուշերը կու գան 1910–1913-ի շրջանէն, երբ Բենիամին աշակերտեց Խարբերդի Ազգ. Կեդրոնական վարժարանին, ժողովրդային բնորոշումով՝ «Թլկատինցիի դպրոց»ին։

   Մեր սիրելի գրողը կը պատմէ, որ երբ գիւղին ծխական դպրոցը աւարտեց՝ հայրը որոշեց զինք Խարբերդ ղրկել, Ազգ. Կեդրոնական վարժարանը ուսանելու համար։ Վերամուտէն շաբաթներ առաջ՝ համագիւղացի հինգ ընկերներով ճամբայ ելան դէպի քաղաք։ Երկիւղով մտան Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ բակը, ուր կը գտնուէր դպրոցը։ Տնօրէն Յովհաննէս էֆէնտին (իմա՝ Թլկատինցին) եւ ուսուցիչներ կէս ժամ բերանացի քննութենէ անցուցին զիրենք. քիչ մը քերականութիւն, քիչ մը պատմութիւն, քիչ մըն ալ կրօն։ Արդիւնքները գոհացուցիչ եղան։ Ընդունուած էին։ Բայց տեսչարանէն դուրս գալէ առաջ, տնօրէն Թլկատինցի կատարեց սա՛ հրահանգիչ թելադրանքը.«Հոս գեղ չէ, տղա՛ք։ Սեպտեմբերին, դպրոց գալէ առաջ՝ չմոռնաք մազերնիդ յապաւել»։

   – Հինգ ընկերներս ալ զարմացած,– կը գրէ Նուրիկեան,– մէկ անգամէն շօշափեցինք մազի առատութիւնը, որ կը դիզուէր մեր գիւղացիի գլուխներուն վրայ։ Եւ բոլորս ալ, այդ օր, հայերէնի մեր առաջին դասը առինք Թլկատինցիէն՝ սորվելով իմաստը «յապաւել» բառին։ Դաս մը, զոր պիտի չմոռնայինք երբեք։

   Սեպտեմբերը եկաւ շուտով։ Աշակերտները կենդանութիւն բերին դպրոցին։ Հնչեց օրուան առաջին պահի զանգը։ Կարդա՛նք Նուրիկեանը.

    «Նստարանները գրաւուած են բոլորն ալ. տղաքը ցած ձայնով կը խօսին, կը կատակեն իրարու հետ։ Դուռը կը բացուի։ Ձայները կը մարին, դէմքերը կը լրջանան։ Կամացուկ մը, կատուի քայլերով՝ ներս կը մտնէ ուսուցիչը, Յովհաննէս էֆէնտին։ Ոտքի վրայ են տղաքը, մէկ շարժումով, կարծես միեւնոյն զսպանակէն ազդուած։

   – Բարի լո՛յս, տղա՛ք, կ’ըսէ Թլկատինցին, ժպիտը աչքերուն։ Եւ ձեռքով նշան կու տայ որ նստին տղաքը։ Հայրական բան մը կայ իր շարժումներուն ու իր նայուածքին մէջ. ժպիտին տակ անգամ՝ տրտմութեան ցոլք մը կը պահէ կարծես։

   Հասակը միջակ է. միջակէն ալ քչիկ մը վար թերեւս։

   – Պաշտօնապէս՝ «Գանձարան»-ն է ձեր դասագիրքը, Անտոնեանի կազմածը, կ’ըսէ։ Կը կարդաք զայն մաս առ մաս, եւ միասին կը խօսինք հոն տրուած կտորներուն եւ հեղինակներուն մասին։ Բայց ես գրականութեան դասագիրքի չեմ հաւատար այնքան։ Դասագիրքը մե՛նք ենք. ես եւ դուք, եւ կեանքը՝ որ կը յորդի մեր շուրջը, ամէն օր, ամէն վայրկեան»։

   Անուանի ուսուցիչը անմիջապէս կը յիշեցնէ իր պատանի սաներուն, թէ ամէն շաբաթ շարադրութեան հերթական նիւթ մը պիտի տայ իրենց։ Սակայն կ’ուզէ որ մոռնան «աստղերն ու լուսինը, վարդն ու սոխակը, եւ ոտքերնին դնեն իրակա՛ն գետնի վրայ, կեանքի՛ գետնին վրայ»։

   Քանի մը վայրկեան անց աշակերտները պիտի նկատէին, թէ Թլկատինցին պատուհանին մօտենալով՝ իր հայեացքը սեւեռած կը պահէր դուրսի հեռաւոր մէկ տեսարանին վրայ։ Ո՞վ կրնար ենթադրել, թէ այդ րոպէներուն ուսուցիչը դուրսի այդ տեսարանէն կը ջանար որսալ շարադրութեան նիւթ մը…։ Ու գրատախտակին վրայ անմիջապէս կը գրէր.– «Գաւառացիին Տանիքը»։ Ասիկա պիտի ըլլար դասարանին շարադրութեան առաջին նիւթը։

   – Այս վերնագրով, կը շարունակէ Նուրիկեան,– գաւառի գրականութեան մեր վարպետը քառասունհինգ վայրկեանի մէջ կու տար լման պատկերը դրացի տանիքին, զոր դիտած էր քիչ առաջ.- պլղուրն ու ծեծածը եւ քաղցրեղէնները՝ զորս գաւառացի տանտիկինը պատրաստեր ու արեւին տակ հաներ էր այդ օրերուն. նոյն իսկ ճնճղուկները, որոնք կու գային գողնալ իրենց կերը տանիքին վրայէն։

   Թլկատինցի նիւթին ամփոփումը պատը կը գրէր՝ մարգարիտի հատիկներ յիշեցնող կոկիկ ձեռագրով։ Տղաքը կ’ընդօրինակէին։

   Յաջորդող դասապահերուն, երբ շարադրութեան կարգը կու գար դարձեալ, Թլկատինցի մի՛շտ կը կրկնէր իր թելադրանքը.- նիւթերը քաղել շրջապատէն։

   Այսպէս, օր մը կ’ուզէր որ նկարագրեն քաղաքին այգեստանը, այլ օր մը՝ գերաններ շալկող բեռնակիրները, ուրիշ անգամ՝ ջրկիր Յակոբ աղբարը։ Գրութիւնները տուն կը տանէր, կը սրբագրէր, յետոյ կը վերադարձնէր՝ բերանացի կամ գրաւոր թելադրանքներով։ Կը զգուշացնէր ածականներու անտեղի ու առատ գործածութենէն։ Երբեմն, իր գրած քրոնիկներէն ու թատերակներէն հատուածներ ալ կը կարդար դասարանին մէջ, որոշ մեկնաբանութիւններով։ Կը կարդար նաեւ ժամանակակից գրողներէ, ինչպէս՝ Օշականի «Խոնարհներ»-էն։

   Այս բոլորով՝ դասարանին մէջ կը ստեղծուէր գրական վարակիչ մթնոլորտ մը։ Ինքնավստահ տղաքը կը սկսէին պատրաստել ձեռագիր թերթիկներ, որոնք ձեռքէ-ձեռք կը փոխանցուէին։ Այդպիսի թերթիկ մըն ալ խմբագրեր էր ինք՝ Բենիամին Նուրիկեան, «Հասկեր» անունով, բաւական երկար շաբաթներ…։ Իսկ  Թլկատինցի մասնաւոր հաճոյքով ու հպարտութեամբ կը նայէր այդ թերթիկներուն վրայ, զգալով որ գրական հունտ մը հետզհետէ կը սկսէր ծաղկիլ իր սաներուն հոգիին մէջ…։

  Նուրիկեան դեռ կը պատմէ, որ հոգեր շա՜տ ունէր իրենց ուսուցիչը։ Կար ընտանիքին ապրուստի հրամայականը (ունէր ինը զաւակ, կին ու ծերունի մայր մը), կար դպրոցին նիւթական ու բարոյական հոգը (դպրոցը գոյատեւումի լուռ պայքար կը մղէր Խարբերդի միսիոնարական կրթարաններուն դէմ), կար իր գրական աշխատանքներուն մղում տալու ցանկութիւնն ու կիրքը, որոնք յաճախ կը ջլատուէին դպրոցին այլատեսակ հոգերուն տակ։ Այս բոլորը՝ «առնուազն երեք մարդու կամքն ու ժամանակը կը պահանջէր»։

   Ահա՛ այսպիսի մարդ մըն էր Թլկատինցի։ Այսպիսի մեղուանոց մըն էր «Թլկատինցիի դպրոցը»՝ հայութեամբ խայտացող երբեմնի Խարբերդի Ս. Յակոբայ թաղին մէջ…։

(Շարունակելի – 4)
Լեւոն Շառոյեան