ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ԼԵՒՈՆ ԱՐՈՆԵԱՆ ՊԻՏԻ ՉՄԱՍՆԱԿՑԻ ՃԱՏՐԱԿԻ ԱՌՑԱՆՑ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻՆ
Կիրակի օր յստակացաւ ճատրակի աշխարհի գործող ախոյեան Մակնուս Քարլսընի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած առցանց սուփըր- մրցաշարքի մասնակիցներուն ցանկը: Նորվեկիացի ճատրակ խաղացողին հետ գլխաւոր մրցանակի համար պայքար կը մղեն ամերիկացի կրանտ մասթըր Ֆապիանօ Կարուանան (ԱՄՆ), Տին Լիժենը (Չինաստան), Եան Նեպոմնեաշչին (Ռուսիա), Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւը (Ֆրանսա), Անիշ Գիրին (Հոլանտա), Հիկարու Նակամուրան (ԱՄՆ) եւ Ալիրեզա Ֆիրուջան (Իրան): Մակնուս Քարլսընի կողմէ հրաւէր յղուած էր նաեւ Հայաստանի հաւաքականի խաղացող Լեւոն Արոնեանին, սակայն մեր հայ կրոսմայսթըրը կնոջ՝ Արիանա Քաոյիլիէի մահուան պատճառով մերժած է առաջարկը: Անոր պիտի փոխարինէ իրանցի մարզիկը:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ԹՈԹԵՆՀԱՄԸ ՄԵԾ ԳՈՒՄԱՐ ՊԱՀԱՆՋԵՑ ՔԷՅՆԸ ՎԱՃԱՌԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
Անգլիական Թոթենհամը կարելիութիւն ունի մեծ գումարով վաճառել խումբին յարձակողական խաղացող Հէրի Քէյնը:
Ըստ Daily Mail-ի տեղեկութիւններուն, Թոթենհամի ակումբին հետ բանակցութիւններ կը վարեն Մանչեսթըր Իւնայթըտը եւ Սպանիոյ մայրաքաղաքի Ռէալ Մատրիտը: Աղբիւրին համաձայն, Քէյնի վաճառումի սակ նախատեսուած է 270 միլիոն եւրօ, եւ ակումբը այս որոշումը առած է, որովհետեւ պսակաձեւ ժահրի համաճարակին պատճառով նիւթական մեծ վնասներ կրած է: Աւելցնենք, որ ամիս մը առաջ Քէյն դիմատետրի իր էջին վրայ գրած էր, որ կ’ուզէ լքել ակումբը՝ խումբին ոչ մէկ յառաջդիմութիւն արձանագրելուն համար: Հէրի Քէյն Թոթենհամին միացած էր 2011-ին: Անոր պայմանագրութիւնը կ’աւարտի 2024-ին:
ՀԱՄԻՍ ՌՈՏՐԻԿԵՍ ՊԱՀԱՆՋՈՒԱԾ Է ԵՐԿՈՒ ԱԿՈՒՄԲՆԵՐԷ
Ռէալ Մատրիտի քոլոմպիացի յարձակող Համիս Ռոտրիկեսի գործակալը բանակցութիւններ կը վարէ եւրոպական երկու ակումբներու հետ: Սպանական AS-ը գրած է, որ ֆութպոլիստին գործակալ Ժորժ Մենտեշ արդէն իսկ սկսած է բանակցութիւնները երկու ակումբներու՝ անգլիական Մանչեսթըր Իւնայթըտի եւ իտալական Իւվենթուսի հետ: Նախապէս միջազգային թերթեր գրած էին, որ Ռէալի գլխաւոր մարզիչ Զինետտին Զիտան խումբին մէջ պէտք չունի Ռոտրիկեսին եւ ակումբը մտադիր է վաճառել քոլոմպիացի խաղացողը: Աւելցնենք, որ Ռոտրիկես սպանական խումբին միացաւ 2014-ին, բայց ան 2017-2019 որոշ գումարի փոխարէն տեղափոխուեցաւ Գերմանիոյ Պայերն Միւնիխ:
ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՅԻ ՎԵՑ ՎԱՐՉԱԿԱՆՆԵՐ ՀՐԱԺԱՐԵՑԱՆ
Վերջին շրջանին միջազգային գլխաւոր լուրերուն մէջ տեղ գտան Սպանիոյ ախոյեան խումբին՝ Պարսելոնայի, շրջապատին մէջ տեղի ունեցած անհաճոյ դէպքերը: Ակումբի վարչակազմին մէջ գոյութիւն ունեցած է անհամերաշխ մթնոլորտ, որուն հետեւանքով հրաժարած են վեց վարչականներ: Վարչականները համաձայն չեն ակումբի նախագահ Պարթեմիոյի ընթացքին, որովհետեւ ըստ անոնց, ակումբի նախագահը իր որոշումները կ’առնէ առանց յարգելու ժողովական ընկերներուն կարծիքը: Աւելնենք, որ հրաժարող վարչականներն են՝ Սիլվիօ Էլիաս, Էմիլի Ռոսոտ, Էնրիքէ Թոմպաս, Խուսէփ Պոնտ, Խորտի Քալսամիլիա եւ Մարիա Թեքսիտըր:
ՌՈՆԱԼՏԻՆԻՕՆ ՊԻՏԻ ՄՆԱՅ ԿԱԼԱՆՔԻ ՏԱԿ
Պրազիլի հաւաքականի եւ Պարսելոնայի նախկին խաղացող Ռոնալտինիօն անցեալ շաբթուան ընթացքին դուրս ելաւ բանտէն, բայց ան պարտաւորուած պիտի մնայ կալանքի տակ: 40-ամեայ ֆութպոլիստը, յառաջիկայ օրերուն վեց ամսուան տեւողութեամբ կալանքի տակ պիտի մնայ հինգ աստղանի հիւրանոցի մը մէջ: Ան մէկուկէս ամիս առաջ բանտարկուեցաւ Փարակուէի բանտերէն մէկուն մէջ,կեղծ անձագիր կրելուն պատճառով:
Պատրաստեց
Ռաֆֆի Սիւլահեան