ՍՕԽ-ի Տերիքի «Սարդարապատ» Մասնաճիւղի Վարչութիւնը, նկատի ունենալով պսակաձեւ ժահրի համաճարակին ստեղծած արտակարգ իրավիճակն ու տնտեսական տագնապը, կը շարունակէ իր բարեսիրական աշխատանքը:
Առ այդ, Երկուշաբթի, 20 Ապրիլ 2020-ին վարչութիւնը մաքրութեան եւ հականեխիչ իրեր բաշխեց Տերիքի հայ ընտանիքներուն: