«Պահանջատիրութիւնը մեր ժողովուրդին համար լոզունք չէ, այլ ամէնօրեայ տագնապ, ապրում ու ձգտում է»։
ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոս։

Ուրբաթ, 24 Ապրիլ 2020-ի առաւօտեան ժամը 10։00֊ին, Գամիշլիի բոլոր եկեղեցիներու զանգերը ղօղանջեցին ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն եւ ի զօրակցութիւն մեր ժողովուրդի պահանջատիրութեան երթին, որուն առընթեր Ազգային Առաջնորդարանի շրջափակին մէջ 24 Ապրիլի նահատակաց յուշակոթողին դիմաց սկիզբ առաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, նախագահութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, ներկայութեամբ Սուրբ Յակոբ Եկեղեցւոյ Թաղականութեան, ազգային, միութենական եւ բարեսիրական մարմիններու ներկայացուցիչներուն։

Օրը խորհրդաւոր էր։
Հոգեշնորհ հայր սուրբը օրուան պատգամը ուղղելով մէջբերում մը կատարեց Աւետարանական այն հատուածէն որ կ՚ըսէ. «Մի՛ վախնաք անոնցմէ, որոնք մարմինը կը սպաննեն եւ սակայն հոգին չեն կրնար սպաննել»։ Ապա աւելցուց. «Այս եղաւ մեր սուրբ նահատակներուն հաւատքը, երբ ցեղասպան թուրքին կողմէ կը տարագրուէին եւ կը ջարդուէին։
Սիրելի՛ Հայորդիներ, այո ունեցանք նահատակներ եւ բռնագրաւուեցան մեր հողերը, սակայն եւ այնպէս մենք յաղթեցինք. բարոյական յաթանակ չէ որ կատարուեցաւ, այլ բառին ամբողջական իմաստով յաղթանակ։
Ո՞վ կրնայ ըսել, թէ չբեկանեցինք Օսմանեան Կայսրութեան ծրագիրը։ Ո՞վ կրնայ ըսել, թէ չխորտակեցինք Օսմանեան կառավարութեան ղեկավարները։ Ո՞վ կրնայ ըսել, թէ մենք այսօր ներկայութիւն չենք։
Ուրախացէք, ով Սուրբ Նահատակներ, ահա այսօր ձեր որդիները կը շարունակեն ձեր հաւատքով ապրիլ։
Ուրախացէք, ով ֆետայիներ, ձեր սուրբ արիւնը ի զուր տեղ չէ հեղած։
Ահաւասիկ ձեր որդիները կը շարունակեն յաղթանակի պատերազմը, կը յիշեն ձեր սուրբ անունը, կը յիշեցնեն ձեր տարած չարաչարանքը եւ աւելին կը շարունակեն պահանջել ձեր իրաւունքը, մեր իրաւունքը, ամբողջ հայ ժողովուրդին իրաւունքը։
Պայքարը չէ վերջացած Սիրելի՛ արիւնակիցներ, տակաւին կը շարունակենք պայքարիլ։ Պայքարեցանք եւ կը շարունկենք պայքարիլ հասնելու մեր իրաւունքին, մեր արդար իրաւունքին։ Հայ Դատի Յանձնախումբը արթուն կերպով կը շարունակէ իր գործը, անսալով մեր նահատակներուն արեան կանչին։
Պայքարեցանք եւ կը շարունակենք պայքարիլ եւ ահա մեր եկեղեցւոյ զանգերուն ղօղանջները կը լսուին հասնելով կապոյտ երկինք, ուր մեր Տէրը կը գտնուի։
Պայքարեցանք եւ կը շարունակենք պայքարիլ օտարութեան դէմ եւ ահա մեր դպրոցներուն մէջ հայերէն տարերը կը գրուին ու անոնցմով մեր հայ աշակերտներուն շրթներէն դուրս կու գայ հայերէնը։
Ահաւասիկ մեր երկրին մէջ կը ծածանի կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն դրօշը։
Պայքարեցանք,կը շարունակենք եւ պիտի շարունակենք պայքարիլ մինչեւ արդար իրաւունքներոու հատուցումը»։
Հայր սուրբը աւարտեց իր պատգամը ըսելով. «Այսօր աղօթենք մեր Հայր Աստուծոյ, որ ինք պահէ հայ ազգը եւ առաւել եւս զօրացնէ զմեզ՝ հասնելու մեր պահանջատիրութեան լուսազարդ պսակին, որովհետեւ մեզ չեն ընկճեր ո՛չ շղթաները, եւ ոչ կապանքները։ Մեզ հետ է Տէր Աստուած, որուն կը վայելէ Փառքը իշխանութիւնը եւ պատիւը»։

Պատարագի աւարտին, պատմական քայլով մը, Գամիշլիի մէջ առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցաւ ջրօրհնէքի արարողութիւն սրբադասուած նահատակներու մասունքով, որոնցմով հայ ազգը բարեխօսութիւն կը հայցէ։ Օրհնուած ջուրը պիտի բաշխուի հաւատացեալ ժողովուրդին, որպէսզի մեր սուրբ նահատակները բուժէն մեր հիւանդները, վանէն ամէն չար եւ չարիք մեր հայ ընտանիքներէն։

Այնուհետեւ, ազգային, միութենական եւ բարեսիրական հաստատութիւններու ներկայացուցիչները Հայոց Ցեղասպանութիւնը խորհրդանշող յուշակոթողին դիմաց յաջորդաբար իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին եւ ծաղիկներ զետեղեցին, որմէ ետք ՀՄԸՄ-ի փողերախումբը հնչեցուց ազգային երգերու նուագներ՝ խրախուսելով եւ ոգեւորելով ներկաները, ինչպէս նաեւ հաստատելով նոր սերունդի պահանջատիրական երթը հասնելու համար Հայ Դատի արդար լուծման։

Բժշկհ. Մարի Մելքոն