Հովանաւորութեամբ հայ երեք համայնքապետներուն, Հինգշաբթի, 23 Ապրիլ 2020-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Հայ Աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ միջյարանուանական յուշահանդէս, ներկայութեամբ հայ հոգեւոր պետերուն, ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսին, ՀՀ Հալէպի Մարդասիրական խումբի Գնդապետ Արկատի Տոնոյեանի եւ քահանայ հայրերու:
Ողջոյնի խօսք արտասանեց եւ օրուան հանդիսավարութիւնը կատարեց պատուելի Սիմոն Տէր Սահակեան, որ նախ հրաւիրեց Բերիոյ Հայ Կաթողիկէ Թեմի Առաջնորդ Արհ. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանը, այս առիթով իր պատգամը ուղղելու:
Արհիապատիւ Տէրը փառք տուաւ Աստուծոյ, որ առիթը ընծայեց այս տարի եւս յիշատակելու մեր սրբադասուած նահատակներուն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցը, ապա յայտնեց, թէ այս տարուան յուշահանդէսը տեղի ունեցաւ յատուկ պայմաններու մէջ: Ապա Գերապայծառը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց սուրիական հայրենիքին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար: Արհիապատիւ Տէրը անդրադառնալով պսակաձեւ ժահրի համաճարակին ու անոր ազդեցութեան մեր աշխոյժ առօրեային վրայ, յիշեց Ղուկասու Աւետարանի 21-րդ գլխուն նէջ յիշուած մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի այն խօսքը, ըստ որուն պատերազմներ, աղէտներ, խռովութիւններ, երկրաշարժներ եւ համաճարակներ ընթացք պիտի առնեն, պիտի հալածուինք եւ չարչարուինք, սակայն աշխարհին վերջը պիտի չըլլայ, որովհետեւ Աստուած մեզի հետ է եւ մեր հաւատքով, վստահութեամբ, համբերութեամբ, հաւատարմութեամբ եւ յարատեւութեամբ պիտի յաղթահարենք բոլոր չարիքները:

Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցաւ Հայ Աւետարանական Համայնքի երգչախումբը, խմբավարութեամբ Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ժագ Պոզեաքալեանի, յաջորդաբար ներկայացնելով «Նահատակները», «Արժանի», «Վերականգնի՛ր Կիլիկիա»:
Ասմունքով հանդէս եկաւ Արինա Պօշկէզէնեան, ներկայացնելով Ռոզա Պետրոսեանի «Քարտէս»ը:
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան իր պատգամը ուղղելով ըսաւ. «Այսօր համախմբուած ենք յարգելու յիշատակը 1,5 միլիոն նահատակներուն: 24 Ապրիլը մեզ համախմբող թուական է, կը յիշենք մեր նախնիներուն զոհողութիւնը, տառապանքը եւ մահը վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց: Կը յիշենք բոլոր անոնց, որոնք երազեցին, սակայն զրկուեցան իրենց երազանքը իրականացած տեսնելէ: Կը յիշենք մեր ժողովուրդի զաւակները, որոնք հաւատքով, հաւատարմութեամբ եւ հայրենասիրութեամբ ընտրեցին փշոտ ճանապարհը, որ մեզ եւ զիրենք պիտի առաջնորդէր դէպի յաւիտենական կեանք: Կը յիշենք մեր սուրբերը, որոնք միացան աստուածային յաւերժութեան հետ, ուրանալով իրենց աշխարհի վայելքն ու իրենց եսը, ընտրեցին ե՛ւ Աստուծոյ, ե՛ւ ազգի ճանապարհը եւ այդ ճամբուն վրայ իրենց կեանքը զոհաբերեցին հաւատքի եւ հայրենիքի ազատութեան եւ արդարութեան համար»:

Տէր Մասիս շեշտեց, որ համախմբուելով մեր ազգային արժէքներուն, հաւատքին, լեզուին եւ հայրենիքին շուրջ, որպէս մէկ բռունցք կը յաղթահարենք կեանքի բոլոր փոթորիկները:

ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Սարգսեան իր սրտի խօսքը արտասանելով ըսաւ, որ իւրաքանչիւր հայու, հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ, պարտքն է ջերմացնել հայրենիքը, իրականացնելով մեր 1,5 միլիոն նահատակներուն երազը, որն է ունենալ հզօր հայրենիք եւ ապրիլ անոր երդիքին տակ:

Աւարտին, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան իր պատգամը ուղղելով ըսաւ. «Այս օրը մեզ կը համախմբէ, որովհետեւ մեր ազգի բոլոր բաղկացուցիչ կողմերը, համայնքներն ու միութիւնները միասնաբար կ՚ոգեկոչեն 1,5 միլիոն նահատակներուն յիշատակը»:
Վերապատուելին դիտել տուաւ, որ թէեւ այս օրերուն համաշխարհային մաշտապով համաճարակի մը իրականութեան առջեւ կը գտնուինք, սակայն աստուածաշնչական իմաստուն թելադրականութեամբ պէտք է ընդունինք նոր իրավիճակները:
Յիշելու եւ պահանջելու կոչ ուղղելով, Վերապատուելին հրաւիրեց բոլորը պահանջատէր ըլլալու, մեզմէ խլուած ապրելու եւ ստեղծագործելու աստուածատուր իրաւունքները ետ ստանալու համար՝ յիշելու եւ պահանջելու գործընթացը գործի վերածելով:
Յուշահանդէսը վերջ գտաւ երգչախումբի «Հայր Մեր»ի կատարողութեամբ եւ հոգեւոր պետերու աղօթքով: