«…հայութիւնը կը խեղդուէր սուրի ու սովի մղձաւանջին մէջ, ու ես չուզեցի տեղ տալ իմ անձնական ցաւերուս, գրեթէ լռեցուցի իմ սիրտս ու նախընտրեցի երգել ցեղին սիրտը, որուն բաբախիւնները կը լսէի իմ մէջս, իմ սեփական արիւնիս խորը։ Հայութիւնը կու լար ու կը մռնչէր իմ մէջս… »։
Վարդգէս Ահարոնեան նամակով մը Դանիէլ Վարուժանէն խնդրած էր կենսագրական տեղեկութիւններ տրամադրել իրեն։ 1914 Մարտ 26-ին, պատասխան նամակի մէջ, իր ստեղծագործական ճանապարհին անդրադառնալով ու մասնաւորաբար «Ցեղին Սիրտը» հատորը նկատի ունենալով՝ Դանիէլ Վարուժան վերը, իբրեւ բնաբան մեր գործածած տողերը գրած է ։
Ամէն անգամ, երբ կու գայ կեանքը նորոգող Գարունը, զմեզ կը տանի մե՛ր ԱՊՐԻԼԻՆ, ու հայ մարդը խառն ապրումներով կը դիմաւորէ զայն։ Ոմանք իբրեւ ամէնօրեայ շարունակուող իրականութիւն կ’ընդունին 1915-ի ազգային մեծ ողբերգութիւնը, ուրիշներ մեր ձայնն ու պահանջը աշխարհին լսելի դարձնելու ճիգերու մէջ են, ժողովրդական լայն խաւերը նահատակներու յիշատակին խունկ ու աղօթք կը յղեն երկինք… Կան նաեւ, որոնք «հարիւրամեայ հնութիւն» կը սեպեն զայն ու մոռնալ, հաշտուիլ կ’առաջարկեն. տարբե՛ր են մարդկային հոգիները։ Սակայն ինքնուրոյն մղումով կամ կողմնակի դրդումով մը՝ ամէնէն տգէտ, ամէնէն անտարբեր հայն ալ գէթ պահ մը կը խորհի իր ազգի անցեալին ու ներկայի մարտահրաւէրներուն մասին։ Կը հաւատամ որ այդպէս է, քանզի աշխարհի մէջ գոյութիւն չունի գէթ մէկ հայ, որ կերպով մը առնչուած չըլլայ Մեծ Եղեռնին ու այսօր ալ չկրէ անոր անուղղակի ազդեցութիւնը՝ հոգեպէս կամ ֆիզիքապէս։
Ահա մտքիս առջեւ կրկին կը տողանցեն դէպքեր, անուններ, որոնք երբեք ալ մոռցուած չէին, բայց այժմ առաւել կը պահանջեն «իրենց ոտքը երթալ», ինչպէս Աբովեան կ’ըսէր։ Ու մեծ նահատակներու շարքերէն կը լեռնանայ լուսաւոր անուն մը՝ ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ։ Բնաւ նպատակ չունիմ թերագնահատել միւս նահատակներու անջնջելի յիշատակը, սակայն, ինծի կը թուի թէ, Մեծն Կոմիտասին հետ միաժամանակ, ի դէմս Վարուժանի, հայութան հետ նա՛եւ մարդկութիւնը կորսնցուց իր հանճարեղ զաւակներէն մին։
Հնարաւոր է որ խօսքս ազգայնամոլութիւն կոչուի, սակայն համոզուած եմ, որ փոքր ազգերը ազգայնամոլ չեն ըլլար, այլ հայրենասէր-ազգասէր, որ ինքնապաշտպանութեան ճամբայ է, յատկապէս մեզի համար։ Ուստի չեմ վարանիր բազմիցս ուսանողներուս կրկնած միտքս հոս յիշելու՝ միայն Վարուժան մը ամբողջ թուրք ցեղը կ’արժէր։
Այս հարցին առնչուած՝ անհնար է մոռնալ հայու Ցաւին ու Պայքարին միւս երգիչները (եւ ո՞ր հայ բանաստեղծը չունի նման երգեր) եւ մասնաւորաբար Սիամանթօն, բայց այսօր կարկինը լայն չենք բանար։ Նաեւ՝ մեծ յաւակնութիւն չունիմ այս սեղմ տողերուն մէջ լիարժէք քննարկելու Վարուժանի հայրենի քնարը։ Կուզեմ անդրադառնալ յատկապէս քանի մը քերթուածներու միայն, դիտուած այսօրուան պատկերի տեսանկիւնէն։
Եթէ աշխարհի միւս բանաստեղծները ազատ են (էին) «ըստ կամաց լարել աղի», երգել սէր ու աղջիկ, վարդ ու շուշան, կամ բանաստեղծական նորանոր ու բարձր ոլորտներ փնտռել,  ապա հայ բանաստեղծը ստեպ կը կրէր «Մի՞թէ վերջին պոէտն եմ ես, վերջին երգիչն իմ երկրի» տագնապը։ Ու, բնականաբար, ան չէր կրնար անգիտանալ ճակատագիրի կողմէն  իր ուսերուն դրուած պարտականութիւնը՝ հրեղէն խօսքի զէնքով իր ազգին որդիներուն «զինելու բռունցքը, հոգին բռունցքին մէջ»։ Որքա՜ն ցաւ կայ արուեստագէտ-քերթող Վարուժանի այս տողերուն մէջ, երբ պարտականութիւն կը զգայ կասեցնել իր ոգիին թռիչքը, սահմանափակել իր տաղանդը ու խօսիլ իբրեւ Հա՛յ բանաստեղծ.
…Երբ որ անդին միշտ կու լան
Զի կը մեռնին, ու կը մեռնին, զի կու լան՝
Ինձմէ հեռո՜ւ թուղթ ու գիրք.
Տանթէն բոցին ես կը նետեմ,
Գերեզմանոց կը նետեմ ես 
Դուրեանն՝ որ ա՛յնքան ժամանակ սիրեցի։
(«Կռուի Երթ»)
Սիամանթօն, որ ունակ էր հրաշալի քնարերգակ ըլլալ, գիտակցաբար գնաց այդ դաժան քայլին՝ սահմանափակեց իր տաղանդը՝ միայն ազգին հոգեվարքի ու յոյսի ջահերը վառելով։ Բարեբախտաբար, Վարուժանին քնարին լարերը բազմաթիւ ու բազմաբնոյթ են։ Այնուամենայնիւ իր գլուխ գործոցներէն՝ «Ցեղին սիրտը» հատորին մէջ ծանր կշռողը հայրենիքի ցաւի ու պայքարի երգերուն նժարն է, իսկ «Հեթանոս Երգերը» անուղղակիօրէն կ’արծարծէ նոյն նիւթը։ Այդ առթիւ տեղին է յիշել Րաֆֆիին մէկ խօսքը, թէ լաւ գրուած գիրք մը կարող է ժողովուրդի ճակատագիրը փոխել։ «Ցեղին Սիրտը» այդ առաքելութիւնը ունէր։
 Հատորը կը բանայ «Ձօն»ը, հայ քերթութեան ադամանդեայ նմոյշներէն մին, խտացուած հայոց պատմութիւն, որ, ամէնքին ծանօթ ըլլալու իր հանգամանքով, կարիք չունի մեկնաբանութեան (յուսամ) ։
«Նեմեսիս»ը, իբրեւ վրէժի դիցուհի, արդէն խօսուն է, թէեւ քերթողը հոն նաեւ արուեստագէտի իր էութիւնը ու գեղագիտական տեսիլք-հաւատամքը կը դնէ։ Միայն քերթուածին բնաբանը բաւարար էր, որ Վարուժան հայ ընթերցողին փոխանցած ըլլար իր պատգամը՝
«Պաշտէ՛դահանակէ աչքերով աստուածուհին, ով ժողովուրդ. երբ բռնակալութիւնները կործանես, կործանէ այլեւս զինքն ալ, եւ դուն բարձրացիր իր պատուանդանին վրայ՝ շուշան մը ձեռքիդ մէջ»։
Իրարայաջորդ քերթուածներու մէջ բանաստեղծը մերթ ցաւի ու մերթ վրէժի լարերը կը թրթռացնէ։ Թէեւ, ըստ մեզի հասած տեղեկութիւններու, Վարուժան եղած է մեղմ անձնաւորութիւն, սակայն քերթողութեան մէջ անոր ոգիին խորթ է ողբասացութիւնը։ Ահաւոր նախճիրը, կործանումը, ազգասպանութիւնը անոր մէջ, ողբէ աւելի, վիրաւորանքի, ցաւի ու ըմբոստացումի աղաղակներ կը ծնին։ Երբ իր հնագոյն մշակոյթով ու քաղաքակրթական մակարդակով շատ աւելի բարձր ազգ մը գլուխ կը ծռէ արիւնարբու խուժանի սուրին տակ, այս է որ բանաստեղծին զայրոյթը կ’արթնցնէ.
Ու, ո՛վ ցասում, ո՛վ ամօթ,
Քեզ դէմ առ դէմ բըզըքտողները նենգժոտ
Չեղան արծիւ՝ այլ գայլե՜ր…
(«Անիի Աւերակներու Մէջ»)
 Ազգային արժանապատուութիւնը խոցուած բանաստեղծի հոգիին մէջ, Ցաւին հետ զուգընթաց, այլեւայլ կերպերով, մշտագոյ տրամադրութիւն է իր ժողովուրդի կրաւորական զոհի նսեմ դերի համար այդ զայրոյթը.
Իսկ որդիներդ թշուառ
Կամ հեռացած հօրենական երկրէն
Կը խառնակին ազգերու խորդ արիւնով,
Կամ նոյն երկրին ծոցին մէջ
Կը մեռնին լուծն ուսերնուն,
Ապրողներուն թողլով մաս
Մերկացում ողջ հայութենէն, խորդացումն՝ *  
Որով կ’ըլլան իրարու դէմ թշնամի
Եւ թշնամւոյն դէմ՝ ծառայ…
(«Հայրենիքի Ոգին»)
Խիստ ըսուած է, անշո՛ւշտ։ Այո՛, իրաւ բանաստեղծները յաճախ մերկ ճշմարտութիւններ կ’ըսեն։  Վարուժան հայու տոհմիկ առաքինութիւններու կորուստի ցաւն է որ կը պոռայ։ Երէկ, երբ Արցախի մէջ մեր պատմական իրաւունքները վերականգնելու պայքար կը մղուէր, ազգը բռունցքուեցաւ։ Այսօր ալ, երբ մշտազգօն մնալու պարտադրուած ենք, ատելութիւնը, անձնականը, հատուածականը գերագոյն շահէն գերադասելը, նախանձը, նեղ շահամոլութիւնը թափ կ’առնեն ու վտանգաւոր աստիճաններու կը հասնին (Որով կ’ըլլան իրարու դէմ թշնամի Եւ թշնամւոյն դէմ՝ ծառայ…)։  Թէեւ մասամբ այլեւս գիտակից ենք մեր ազգային արժանապատուութեան, բայց արդեօք մենք ամբողջութեամբ ազատա՞ծ ենք զմեզ բանաստեղծի նշած նսեմ յատկանիշներէն։ Խորհելու է՝ երբ պայուսակները դուռին ետին պատրաստ ունինք, ովկիանոսներէն անդին եւ ո՛չ հայրենիք երթալու համար (Մերկացում ողջ հայութենէն, խորդացումն). խորհելու է՝ երբ նոյնիսկ Հայաստան հաստատուելով՝ մեր մանչերը չենք դարձներ իրենց հայրենիքի քաղաքացին՝ բոլորս ալ գիտենք ինչու… բայց հայրենասիրութիւն կը դաւանինք ու Արցախի մէջ զոհուածներուն կենացը կը խմենք…
Հայրենիքին հանդէպ Վարուժանի անսահման սիրոյ ու տառապանքի  աղաղակն է «Անիի Աւերակներու Մէջ» քերթուածը, ուր, Բագրատունեաց շքեղ փառքերու կորուստին (ո՛չ առանց մեր մասնակցութեան) կրկին կը միանայ իր օրերուն պատկերը.
Կը ջնջուին, կ’այլասերին հոգիներ
Խեղդուելով նոյնիսկ իրենց արեան մէջ,
Կամ մալ ու կուրտ եզի պէս
Ժուժով մը վատ, իւրաքանչիւր հարուածի 
Ներքեւ ջլատ կ’ըսեն.- Լծէ՛։
Բանաստեղծը իր բարձրագոյն դերին խորապէս կը գիտակցի, ամէն ինչ ընելու պատրաստ է ազգին զաւակները թմբիրէն ցնցելու, անոնց մէջ ազատութեան պայքարի ոգին արթնցնելու, սակայն իրականութենէն բան մը փոխելու անկարող՝ ան այլեւս ինքնամեղադրանքի կ’երթայ.
Ո՛վ այպանք, ո՛վ նախատինք,
Ուրեմն ինչո՞ւ, ապրիլ, ինչո՞ւ ընդունայն
Հարենիքի անունն ասանկ մռնչել,
Երբոր Ողջերը թմրած
Քեզ չե՛ն ուզեր լսել, ոստնուլ չե՛ն ուզեր,
Եւ ռազմերգէդ ահաբեկ
Ականջներնին ծոցերնուն մէջը դողած՝
Երբ գլխուդ շա՛նթ կը մաղթեն,
Ուրեմն ինչո՞ւ, ինչո՞ւ ապրիլ…
20-րդ դարասկիզբին, երբ Երկիր Նայիրիին գոյութեան բախտը դաժան անորոշութեան մէջ կ’երերար, գրեթէ նոյն հոգեվիճակը Չարենցը կը մղէր նոյն երկմտանքին՝
«Գուցէ այդ ե՛ս եմ, որ սրտով իմ լուսնահար 
Ո՛չ մի կրակ հեռուներից քեզ չբերի…»
1907-ին, «Անահիտ» հանդէսին ղրկելով «Ջարդը» քերթուածը, Վարուժան Արշակ Չոպանեանին կը գրէ. «Ընդունեցէ՛ք, արցունքիս, ցասումիս ու հեգնանքիս մէկ խմորումն է»։
Արցունք՝ սրածուող սերունդներու, հեղուող արեան, պղծուող սրբութիւններուն համար,
Ցասում՝ մեր խեղճութեան, անզօրութեան, ու «բարբարոս ոգի»ին՝ թուրքին դէմ,
Հեգնանք՝ Եւրոպայի եւ այլոց տակաւին յոյսեր կապելու համար։
Ա՛յս է ոգին «Ջարդը» քերթուածին։ Հզօր՝ իբրեւ արուեստ, ահաւոր՝ իբրեւ 1894-96-ի ջարդերու բանաստեղծական նկարագրութիւն։
Վարուժանէն առաջ Խրիմեան, Րաֆֆի, Պատկանեան եւ ուրիշներ իրենց խոր հիասթափութիւնը յայտնած էին «Քրիստոնեայ Եւրոպայի» եղբայրական օգնութեան վերաբերեալ։ «Ժողովո՛ւրդ, քո ազատութեան յոյսը քո վրայ դիր, քո բազուկին ու խելքին ո՛ւժ տուր, մարդ ինքնիրմէն պիտի աշխատի որ փրկուի»։ Հոգեւորական Խրիմեան Հայրիկ, Պեռլինի վեհաժողովէն վերադարձին, այս յորդորով աւարտած էր իր նշանաւոր ճառը՝ որ, անկասկած, ուղենիշ եղաւ հետագայ մարտիկներուն, նաեւ՝ բանաստեղծներուն։ Հայր Ղեւոնդ Ալիշան, Վենետիկ, վանքի մէկ անկիւնը նստած՝ հայութեան կը յուշէր. «Դրախտի Հայաստանի մէջ ծաղկիլը զմեզ չկրնար ազատել հիմակուան փուշերէն, որ լեցուն է ճամբնուս վրայ… մեր աննման դիւցազունք եւ քաջերն եւ երեւելի մարդիկը չեն կրնար մեր գերութեան եւ խեղճութեան վիճակը մեզի մոռցնել. նախնիք միայն այն ատեն պարծանք են, երբ մենք ալ իրենց պէս կ’ըլլանք… մենք պէտք է աչուընիս բանանք ու ոտուընիս շարժենք…»։ Թէ՛ Վարուժան եւ թէ՛ Սիամանթօ, անկասկած, Հայրիկի ու Ալիշանի գաղափարներուն զինուորագրուած էին։ Եւ ահա Վարուժանին խօսքը կարծես այսօրուան դիւանագիտական խաղերունը կ’ակնարկէ.
Ու Եւրոպան դէմքն իր ետեւ դարձուցած՝
Կոպերը թաց կը շփէ-
Մեր ծուխէն աչքն իր բոզի
Կըսկըծելուն համար լոկ։-
(«Ջարդը»)
Բանաստեղծը այդ ծանրագոյն տրամադրութիւնը կը ջանայ ցրել լաւատեսական աւարտով։ Մէկ անգամ չէ որ մեր փրկութիւնը օտարէն յուսալու մեր միամտութիւնը աղէտներու դուռ բացեր է. ուրեմն՝ յոյսը հայ մայրերու արգանդներէն ելլելիք «հսկայ ու հերոս» զաւակներն են, որոնց բերելիք վարդահեղեղ արշալոյսի ոտնաձայները կ’առնէ ինք։
Բոլոր ժամանակներու մեծ արուեստագէտները, կամայ թէ ակամայ, կը ներազդեն մարդկային միտքին ու հոգիին կազմաւորումին ու մշակումին։ Հայ գրականութեան մէջ, մեր երկրին՝ անվերջ ոգորումներով ընթացող պատմութեան իբրեւ հետեւանք, այդ կը կատարուէր առաւել միտումնաւոր, գիտակցուած ձեւով։ Հայ բանաստեղծը յաճախ խօսքը իբրեւ զէնք գործածելով՝ թիկնապահ դարձած է իր մարտիկին, զօրավարին՝ վանելու անոր երկիւղն ու վարանքը, նոր աւիւն ու կամք ներշնչելու եւ յեսանելու համար անոր թուրը։ Սիամանթօն ու Վարուժանը, իբրեւ նոյն արհաւրալից ճակատագրով հոգեկցուած եղբայրներ՝ նոյն յանձնառութեամբ երգը իբրեւ զէնք գործածեցին։ Այսպէս՝ Սիամանթոյի «Ես երգելով կ’ուզեմ մեռնիլ» քերթուածին մէջ մարտիկը կը դիմէ բանաստեղծին.
«Եւ դուն, սա՛ մաքրափայլ թերթերուդ վրան, ցեղին ցաւը եւ ցեղին ուժը բանաստեղծէ,
Ապագայ սերունդներուն ու մեր անցեալին տխրութեանն ի նուէր.
Ես որբ մըն եմ եւ ըմբոստ մը, մնա՜ս բարեաւ, կորուսեալներս փնտռելո՜ւ կ’երթամ…
Քու երգերէդ երգ մը տո՛ւր ինձ, երգ մը, ես երգելո՜վ կ’ուզեմ մեռնիլ…»
Նոյն գաղափարը Վարուժան- բանաստեղծը ուղղակիօրէն կու տայ՝ դիմելով մարտիկին.
Արշալոյսին կառքն արդէն կը սպասէ մեր դռան քով՝
Պէտք է մեկնի՜լ.- Սակայն հոն խառնուրդին մէջ հարուածի
Չմոռնաս որ Սուրիդ վրայ իմ ոսկեղէն հերիւնով
Ես «Կեանք կա՛մ Մահ» գրեցի։- 
(«Դիւցազնի Մը Սուրին»)
Եւ այսպէս, բանաստեղծներու քանի՜ սերունդ ստիպուած եղաւ մէկդի դնել քնարը ու ռազմի շեփոր հնչեցնել։ Ու սերունդները որքան որ մարտիկներուն ու աշխարհազօրին, նոյնքան ալ զանոնք ոգեղէն զէնքով ոտքի հանող քերթողներուն կը պարտին Սարդարապատն ու մերօրեայ Արցախեան գոյամարտին իրենց ազնուական արիւնը բերած բոլոր ազատամարտիկներուն կերտած հրաշափառ յաղթանակները։
Հարազատ մնալու համար Վարուժանի ոգիին, այս թռուցիկ ակնարկը կ’աւարտենք իր բանաստեղծական նկարագիրը լաւագոյնս բնորոշող տրամադրութեամբ.
Ու պայքա՜ր, պայքա՜ր, պայքա՜ր երգեցի.
-Ձեզի ընծա՜յ, հայ մարտիկներ-
Գրիչս եղաւ անթրոց սըրտերու հնոցի…
-Ձեզի ընծա՜յ, քաջ մարտիկներ-
Եղեգնեայ գրչով վրէժ երգեցի. 
Ընդ եղեգան փող բո՛ց ելանէր։
(«Ձօն»)
Լալա Միսկարեան-Մինասեան