Գաղթական արեւմտահայը Միջին Արեւելքի տարածքին հիւրընկալուած ըլլալով մէկտեղ, իր տունը եւ իր պարտէզը վերադառնալու մղձաւանջով կ’ապրէր: 1917-ին, Երեւանի մէջ Ա. ներգաղթի համագումարը կը կազմակերպուի, որուն կը մասնակցին բոլոր կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, ֆետայական շարժման ղեկավարներ: Մուդրուսի զինադադարէն ետք՝ 1918-ին, ներգաղթի հաւանականութիւնը աւելի ընդունելի գաղափար կը դառնայ: Թէ՛ Հայաստանի այդօրուան ղեկավարութիւնը եւ թէ Սահակ կաթողիկոս ֆրանսական կառավարութեան հետ բանակցութիւններու կը ձեռնարկին եւ ներգաղթի փորձ մը կը կազմակերպուի:
  Յօդուածը լուսարձակի տակ կ’առնէ Խաչիկ Քարուկեանի առաջնորդութեամբ 1919-ին Ա. ներգաղթի տեղեկագիրը, որուն տակ զետեղուած  ստորագրոթիւնը կարաւանապետ Քարուկեանին եօթը օրերու իրեն վստահուած  դժուարին ճամբորդութիւնն է:
 Ճամբորդութեան մանրամասնութիւններուն անցնելէ առաջ, կ’արժէ արագ ակնարկ մը նետել «կարաւանապետ»ի կեանքի ընթացքին, մեկնելով իր իսկ յուշերէն:
  Քարուկեան ծնած է Զէյթուն, 1887-ին, ուր ուսումը աւարտելէ ետք կը զբաղի ուսուցչութեամբ մինչեւ 1905։
1910-ին Տարսոնի Ամերիկեան Գոլէժէն կը վկայուի անգլերէն լեզուի եւ մանկավարժութեան Պսակաւոր Արուեստից տիտղոսով, այս միջոցին ան անդամակցած է ՀՅԴ կազմակերպութեան։
1910-1914-ին իբրեւ ուսուցիչ եւ տնօրէն կը պաշտօնավարէ Զէյթունի եւ Տէօրթ Եոլի վարժարաններուն մէջ։
1914-ին կ’անցնի Պոլիս, ուր կ’աշխատակցի «Ազատամարտ»ին։
1914-ին անգամ մը կը ձերբակալուի ու ազատ կ’արձակուի, սակայն շուտով կրկին կը ձերբակալուի ու բանտակիցը կ’ըլլայ Զօհրապի, Վարդգէս Սերէնկիւլեանի եւ Վահագն Տաթաւեանի։ Վերջինիս շնորհիւ ազատ կ’արձակուի։
1918-էն 1921 տնօրէնութեան պաշտօն կը վարէ Ատանայի եւ Մերսինի Ազգ. վարժարաններուն մէջ։ Ապա կ’անցնի Ալեքսանտրէթ որպէս դպրոցի տնօրէն։
1925-1926-ին Մուսա Լերան Խտըրպէկ եւ Եողուն Օլուք գիւղերուն մէջ ուսուցչութիւն ընելէ ետք, 1928-1931-ին կը դասաւանդէ Քեսապի Ուսումնասիրաց Երկրորդական վարժարանին մէջ։
1934-1935-ին կը հրաւիրուի Հալէպի Սահակեան վարժարանի տնօրէնութեան պաշտօնին։
1935-1937 Գամիշլիի Եփրատ վարժարանի տնօրէն է։
1937-1940 Հալէպի Հայկազեան վարժարանի ուսուցիչ է։
1940-1956 դարձեալ ձեռնհասօրէն կը վարէ Գամիշլիի Ազգ. վարժարանի տնօրէնութիւնը։
1930-1945 մաս կը կազմէ Սուրիոյ ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէին։
Կը մահանայ 1960-ին Գամիշլի։
1929-ին Պոսթընի մէջ գումարուած Հայ Կարմիր Խաչի ԿՎ Թ. Պատգամաւորական ժողովի յանձնարարութեամբ շրջուն գործիչ կը նշանակուի եւ ամրան արձակուրդի օրերուն կը մեկնի Անդր-Եփրատ, ուր կը կազմակերպէ Կարմիր Խաչի մասնաճիւղեր։
Առաջին աշխարհամարտի զինադադարէն ետք արեւմտահայ գաղթականներէն շատեր կը փափաքէին վերադառնալ իրենց տուները յանձն առնելով ամէն տեսակի դժուարութիւններ։
Խաչիկ Քարուկեանի տեղեկագիրին մէջ. «Տեղեկագիր Հայ ներգաղթի Ա. խումբին» վերտարուած, կ’ենթադրուի որ ինք 250 հոգինոց խումբ մը կ’առաջնորդէ մինչեւ Ատանա։
Օրագրութեան ձեւով արձանագրուած Տեղեկագիրին մէջ կը սկսի իր ուղեւորութիւնը։ «14.1.1919. Այսօր առանց որեւէ դէպքի ժամը 4 1/2-ին հասանք Տէր Ճէմալ»։ 
Առաջին օրուան օրագրութեան մէջ ան կը գրէ. «Հալէպէն Տէր Ճէմալ ճամբուն վրայ հանդիպեցանք Անգլիական պահականոցի մը՝ սպայի մը հսկողութեան տակ 20 հնդիկ զինուորներով մասնաւոր բարեւի կեցան»։
Անգլիական պահակ զինուորները շատ լաւ վերաբերմունք ցոյց կու տան եւ զանոնք կը տեղաւորեն գիւղին մէջ։
Նոյնիսկ փայտ կը հայթայթեն, որ անոնք կրակ վառեն։
Շուրջ 100 հոգի մզկիթին մէջ կը տեղաւորեն, իսկ մնացեալները այլ տեղեր։
15 Յունուար 1919-ին Տէր Ճամալէն խումբը կը շարժի դէպի Գաթմա, ուր կը հասնին ժամը 12։00-ին։
Հոնկէ անմիջապէս կը տեղեկացնեն հեռագրով Մաժոր Մելանքուին, որպէսզի պաշտպան զինուորներ իրենց ուղեկցին մինչեւ Համամ ու անմիջապէս «հասան Անգլիական չորս օթօմոպիլներ մեզ ընկերակցելու համար»։
«Ժամը մէկէն ճամբայ ելանք Գաթմայէն եւ ամէնէն վտանգաւոր ու աւազակներով լեցուն ճամբէն սկսանք քալել, ճամբան պատահեցան զինակիցներ»։ ըստ երեւոյթին այդ ճամբուն վրայ քիլիսցի հայ մը սպանուած էր նախկին օրերուն։
Ժամը 4։00-ին կը հասնին Աֆրինի խանը, որ փլատակ էր. անմիջապէս քովը աւելի լաւ շէնքի մը մէջ 250 հոգին կը պատսպարուին, սակայն գիշերը 10 պահակներ կը զետեղուին պաշտպանութեան համար։
Խումբը կ’ունենայ չորս անհանգիստ պարագաներ, շատեր կը գանգատէին ոտքի ցաւէ։
Քարուկեան կը յիշէ նաեւ որ այդ օրուան ստուգումէն ի յայտ կու գայ որ «ցուցակէն դուրս 50 հոգի աւելի ունին»։
16 Յունուար 1919-ին՝ «կանուխ ժամը 5-ին ճամբայ ելանք երեք ժամ քալեցինք եւ 8 1/2-ին հասանք Շըխ Ապտըրահման քիւրտ գիւղը»։
Քարուկեան կը յիշէ որ հիւանդներուն թիւը կը շատնայ եւ կ’ունենան 10 ծանր հիւանդ։
Հոս մէկ ժամ հանգիստ ընելէ ետք կ’ուղղուին դէպի Համամ, սակայն ճամբան «կառքին ձիերէն մէկը կը մահանայ». այդ միջոցին կը հանդիպին նաեւ 2 աւազակներու «որոնք ձեռնթափ ընելէ յետոյ կապեցինք եւ միասին տարինք ֆրանսական կառավարութեան յանձնելու» կը գրէ ան։ Ժամը 3։00-ին Համամ հասնելէ ետք խումբին համար Իսկենտէրունէն հաց կը հասնի։ «Հացը շատ աղուոր եւ սպիտակ էր», կ’ըսէ Քարուկեան։
3-րդ օրուան կարեւոր դէպքը՝ հայ կամաւորներու հետ հանդիպումն է. «հոս հանդիպեցանք հայ կամաւորներու առաջին շարքին, կամաւորները դիմաւորեցին մեզ եւ լաւ, շատ սքանչելի վերաբերումով արտայայտուեցան մեզ հանդէպ»։
17 Յունուար 1919-ի այս օրը իրենց համար աննախընթաց ուրախ օր էր, որովհետեւ «10 հայ կամաւորներու պաշտպանութեան տակ ժամը 7։00-ին» խումբը ճամբայ կ’ելլէ։ «Տղոց ոգեւորութիւնը չափէն դուրս է հայ զինուորներ միասին ունենալնուս համար» կ’ըսէ ան։
Ժամը 11։30-ին կը հասնին Մուրատ Փաշա անունով գիւղ մը, ուր կը գտնուէր հայ կամաւորներու պահականոց մը։ Մէկ ժամ հանգստանալէ ետք ճամբայ կ’ելլեն եւ ժամը 3-ին կը հասնին Գըրգխան,  ուր 200-ի չափ հայ զինուորներ կային «Ամէնն ալ շատ լաւ տղաներ խումբը տեղաւորեցին հինգ զանազան տեղերու մէջ»։
18 Յունուար 1919-ին ժամը 6։30-ին ճամբայ կ’ելլեն «Քափիթէն Bianelli մինչեւ Պէլան խումբին հետ ընկերանալու համար մեզի հետ ելաւ», կը գրէ Քարուկեան։
Ժամը 8։30-ին կը հասնին Թօփ Պօղազը,ուր կ’ունենան 7 ծանր հիւանդ։
Վերջապէս զառիվեր մը մագլցելէ ետք ժամը 11։30-ին կը հասնին Պէլան։
«Այստեղի թուրքերը շատ գէշ աչքով սկսան նայիլ մեր վրայ»։ Ժամ մը հանգիստ ընելէ ետք ժամը 4։00-ին կը հասնին Իսկենտէրուն։ «Տղաքը սոսկալիօրէն յոգնած են ամէնն ալ ունենալով ոտքի ցաւ, խնդրուեցաւ որ քիչ մը հանգիստ ընել, բայց կարելի չեղաւ»։
19 Յունուար 1919-ին Քարուկեան կրկին անգամ կը յիշէ, որ խումբը հանգիստի կարիք ունի. «Բայց անկարելի եղաւ, շիտակը ըսելու համար, ֆրանսացիք անկարգութիւն ելլելէ կը վախնան» կ’աւելցնէ ան։
Հոս նաեւ կը յիշէ, որ իրենց տրամադրուած է մեծ քանակութեամբ հաց, որպէսզի մինչեւ Ատանա հասցնէ զիրենք, ինչ որ դժուարութիւն կը ստեղծէ եւ անիկա տեղաւորելու համար շատ ժամանակ կ’առնէ իրենցմէ։
2 հիւանդ հոն ձգելէ եւ որոշ դժգոհութիւններ լսելէ ետք խումբը կ’ուղղուի Տէօրթ-Եօլ «որովհետեւ հարմար չտեսնուեցաւ Փայասի մէջ գիշերել», կ’ըսէ Քարուկեան։ Որովհետեւ «շրջանը շատ վտանգաւոր է, թուրք ժողովուրդը լարուած վիճակի մէջ է հայերու դէմ»։
Հետեւաբար գիշերը քալելով հանդերձ «ոչ մէկ դէպք»ի կը հանդիպին եւ առաւօտ ժամը 9։30-ին կը հասնին Տէօրթ-Եօլ, ուր ընդարձակ վայրի մը մէջ կը տեղաւորուին։
20 Յունուար 1919-ին խումբը յոգնած ըլլալով այդ օր հոն կը մնայ, տեղացիներ 3000 նարինջ կը բերեն, իսկ շատեր պարտէզներէն նարինջ հաւաքելով կ’ուտեն։
21 Յունուար 1919-ին առաւօտ 7։30-ին խումբը Տէօրթ-Եօլէն ճամբայ կ’ելլէ, Հիւանդները միասին տեղափոխելը ըստ երեւոյթին հարց կ’ըլլայ, առաւել բոլորը ոտքի ցաւէ կը գանգատին։
Տէօրթ-Եօլէն Թոփրաք-Գալէ պէտք էր երթալ, բայց «ճամբաները շատ վտանգաւոր են», սակայն խումբը հանգիստ կը հասնի Թոփրաք-Գալէ ու կը տեղաւորուին 4 տեղերու մէջ։
Քարուկեան կ’ըսէ, որ հոս խումբը հարց կ’ունենայ՝ «Ալճերիացի գլխարկով ֆրանսացի սպային հետ, որ տգեղ վերաբերմունք կ’ունենայ», կը փորձեն համոզել որ իրաւունք տայ որ խումբը շոգեկառքով տեղափոխեն Ատանա, սակայն սպան չընդունիր 10 հոգիէ աւելիի իրաւունք տալ, Քարուկեան կ’ըսէ, «մինչդեռ մենք ունինք աւելի քան յիսուն հիւանդներ եւ քալելու անկարողներ»։
22 Յունուար 1919-ին խումբը չ’ուզեր քալելով ճամբայ ելլել «սպայի օժանդակութեան» կը դիմեն, բայց կը մերժուին, կը խոստանան շոգեկառքի վճարումը ընել, սակայն սպան կրկին չընդունիր եւ կը պահանջէ որ անմիջապէս մեկնին հոնկէ, ապա թէ ոչ հակառակ պարագային «պիտի թողու մեր գլխուն, առանց պաշտպան զինուոր տալու միասին»։
Խումբը իմացած էր, որ հայ պաշտօնեաներ կ’աշխատին Ատանայէն որոշ կարգադրութիւն մը ընել, «թրէնով կարենալ ղրկելու» զիրենք։
Այսպէս ամբողջ օր մը սպասելէ ետք իրիկուան դէմ «կ’իմանանք որ թրէյնով պիտի երթանք Ատանա», կրկին ֆրանսացի սպային հետ որոշ բախում մը ունենալէ ետք թուղթերը կ’ամբողջացնէ եւ «գիշերուան ժամը 11-ին թրէյնը նստանք եւ դանդաղօրէն յառաջանալով առտըւան ժամը 7-ին հասանք Ատանայի կայարանը», կը գրէ Քարուկեան։
23 Յունուար 1919-ին Քարուկեան վերջին օրուան օրագրութիւնը եւ իր դժուարին առաքելութիւնը այսպէս կը փակէ՝
«Խումբը կանոնաւոր կերպով առաջնորդեցինք քաղաք։ Երկու մասնաւոր տեղերու մէջ տեղաւորուեցան Ատանայի Հայ Ազգային միութեան կողմէ։
Խումբի ամբողջութիւնը կը ստանայ օրական հաց մը եւ իրիկուան տաք կերակուր»։
Զեփիւռ Պապիկեան-Աւագեան
Ծնթ. Մէջբերումները քաղուած են Քարուկեանի տեղեկագրին պահուած բնագիրէն։