Արժանթինի եւ Ուրուկուէյի Նախագահներն ու Արտաքին Գործոց Նախարարները պատգամներ հրապարակեցին

«Փրենսա ԱՐՄԵՆԻԱ» (Պուէնոս Այրէս, 25.04.2020).- Արժանթինի եւ Ուրուկուէյի նախագահները՝ Ալպերթօ Ֆեռնանտէս եւ Լուիս Ալպերթօ Լաքաժէ Փօու իրենց ընկերային ցանցերու մէջ զօրակցական պատգամներ յղեցին Հայոց Ցեղասպանութեան 105րդ տարելիցին առիթով: Նոյն քայլին դիմեցին իրենց Արտաքին Գործոց նախարաները՝ Ֆելիփէ Սոլա եւ Էրնեսթօ Թալվի: Բազմաթիւ այլ անձնաւորութիւններ՝ պատգամաւորներ, քաղաքական ղեկավարներ, հանրային գործիչներ, մտաւորականներ եւ արուեստագէտներ Արժանթինի, Ուրուկուէյի եւ Պրազիլի մէջ, ընդառաջելով ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի դիմումին, ընկերային ցանցերով իրենց մասնակցութիւնը բերին պսակաձեւ ժահրի պայմաններուն մէջ բացառաբար համացանցային նախաձեռնութիւններով տեղի ունեցող 105րդ տարելիցի համայնքային նախաձեռնութիւններուն:

24 Ապրիլի առաւօտեան, Արժանթինի Նախագահական Պալատի կայքէջին վրայ նշում կար 105րդ տարելիցին.
«Հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած ցեղասպանութիւնը դաս մը պէտք է ըլլայ աւելի լաւ աշխարհ մը կառուցելու համար»:

Նախագահ Ալպերթօ Ֆեռնանտէս Թուիթըրի իր հաշիւով այդ զօրակցութիւնը տարածեց: Գրութիւնը կը նշէր Արժանթինի թիւ 26199 օրէնքը, որով Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչցուեցաւ: Օրէնքը քուէարկուեցաւ Դեկտեմբեր 2006ին եւ նախագահ Նեսթոր Քիրչնէր չառարկեց անոր եւ ան վաւերացուեցաւ 11 Յունուար 2007-ին:

Նախագահական պատգամին հետ գրեթէ զուգահեռաբար, Արտաքին Գործոց Նախարարութեան կողմէ հրապարակուեցաւ Թուիթըրեան պատգամ մը, որ կ’ըսէր. «Հայ եւ Արժանթինցի ժողովուրդները այսօր միացած են այս թուականի խորհուրդով», նշելու համար Ցեղասպանութեան 105րդ տարելիցը: «Առանց յիշողութեան մարդկութեան համար լաւագոյն ապագայ չկայ», կ’եզրակացնէ գրութիւնը:

Կրթութեան Նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, համացանցի վրայ զետեղուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին նիւթեր առ ի օգտագործում մանկավարժներու եւ դաստիարակներու:

Սեպտեմբեր 1987-ին, Նախագահ Ռաուլ Ալֆոնսի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած առաջին արժանթինցի նախագահը եղաւ:

Այդ օրուընէ ի վեր, Գործադիր Մարմինը առիթներով միայն անուղղակի զօրակցութիւններ յղած է Ապրիլեան ոգեկոչումներուն: Մինչեւ նախագահ Նեսթոր Քիրչնէր, որ սկզբունքային կեցուածք որդեգրեց եւ մերժեց թրքական ճնշումներուն տեղի տալ, որուն շնորհիւ Արժանթին ունեցաւ Ցեղասպանութիւնը ճանչցող օրէնք: Իր նախորդներէն Գարլոս Սաուլ Մենէմ 1995-ին վեթոյի ենթարկած էր Ցեղասպանութիւնը ճանչցած նմանօրինակ օրէնք մը, թրքական Ազգային Ժողովէն յատուկ Արժանթին ճամբորդած պատուիրակութեան մը ճնշումներուն հետեւանքով: Ի բացառութիւն Ռաֆայէլ Պիելսայի եւ Խորխէ Թայեանայի, Արժանթինի Արտաքին Գործոց նախարարները ընդհանրապէս խուսափած են հարցին անդրադառնալէ՝ Թուրքիոյ հետ դիւանագիտական տարակարծութիւնէն խուսափելու համար: Ցեղասպանութեան 105րդ տարելիցին, Ապրիլ 24-ի օրը, Նախագահական Պալատի եւ Արտաքին Գործոց նախարարութեան  զոյց այս պատգամները Հայ Դատի նորագոյն յառաջընթաց մըն են Արժանթինի մէջ, որ ցարդ միակ երկիրն է աշխարհի մէջ ուր Ցեղասպանութիւնը ճանչցուած է Գործադիր, Օրէնսդիր եւ Արդարադատական Իշխանութեանց մակարդակով:

Ուրուկուէյի մէջ, 24 Ապրիլին, նախագահ Լուիս Ալպերթօ Լաքաժէ Փօու ընկերային ցանցերով տարածեց գրութիւն մը օրը անուանելով՝ «յիշողութեան եւ խորհրդածութեան օր հայերուն եւ համայն մարդկութեան համար»: Ան իր ողջոյնը փոխանցեց Ուրուկուէյի հայ համայնքին նշելով Ուրուկուէյի ներդրումը Հայ Դատին: Փոխ-նախագահ Պէաթրիս Արխիմոն նմանօրինակ պատգամով մը յիշեց որ այս տարի Ուրուկուէյի մէջ ցեղասպանութեան ճանաչման օրէնքի 55ամեակն է: Երկրի Արտաքին Գործոց նախարար Էրնեսթօ Թալվի նաեւ նշեց Ուրուկուէյի այդ եզակիութիւնը: Արտաքին Գործոց փոխ-նախարարը, Պաշտպանութեան Նախարարն ու Ծերակոյտի նախագահը եւս զօրակցութեան պատգամներ յղեցին:

Ուրուկուէյ աշխարհի մէջ առաջին երկիրն է որ օրէնքով զօրակցեցաւ Հայ Դատին՝ Սեւրի Դաշնագրին հիմնաւորումով:
1965ի այդ օրէնքին մէջ ցեղասպանութիւնը կը նշուի օրէնքին տուն տուող պատճառներուն մէջ, որու հիման վրայ պաշտօնապէս կը ճանչցուի: Օրէնքի 55 ամեակի կողքին, համայնքը կարեւորութեամբ յիշեցուց որ 20 տարիէ ի վեր երկրի Խորհրդարանին մէջ պաշտօնապէս կ’ոգեկոչուի ցեղասպանութիւնը: Հասկնալիօրէն այս տարի բոլոր նախաձեռնութիւնները սահմանափակուեցան համացանցային սփռումներով:

Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցին առիթով, եւ այն համոզումով որ տունը մնալու հրամայականը չէր կրնար յիշելու եւ պահանջելու հրամայականը մոռցնել, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը տարածաշրջանին մէջ դիմեց քաղաքական եւ մտաւորական անձնաւորութիւններու, հանրածանօթ հանրային գործիչներու եւ արուստագէտներու որպէսզի իրենց ընկերային ցանցերով հանդէս գան հայութեան արդար պահանջատիրութեան: Մեծ թիւով անձնաւորութիւններ ընդառաջեցին եւ անոնց ելոյթները ամբողջ օրուան ընթացքին տեղադրուեցան Հ. Դ. Յանձնախումբի ընկերային ցանցերուն միջոցաւ: Այդ բոլորէն ծաղկաքաղ մը ընելով, Հայ Դատի Յանձնախումբը պատրաստեց յատուկ տեսահոլովակ մը որ զետեղեց դիմատետրի իր էջին վրայ (https://www.facebook.com/watch/?v=2786997108095537&external_log_id=4e326b98897bc5d7bde940fc293d329e&q=consejo%20nacional%20armenio%20de%20sudamerica) ցոյց տալով անոնցմէ 28 արժանթինցի՝ Փերոնական, Ռատիքալ, Ընկերվարական, Կեդրոն-աջ եւ Միացեալ Ձախ կուսակցութիւններէ, մէկ ուրուկուէյցի Ազգային Կուսակցութենէն, 8 պրազիլցի՝ Ընկերային Ազատական, Աշխատաւորական, Ընկերվար-Ժողովրդավար, Համայնավար, Հանրապետական, եւ Կանաչ կուսակցութիւններէ, մէկ չիլէցի (ընկերվարական) եւ մէկ փարակուայցի (Ժողովրդավար Յառաջդիմական):