«Արմէնփրէս».- Մետաքսի ճանապարհէն մինչեւ Կիւմրիի մէջ գտնուած Ցին տինասդիոյ գաւաթը. 2 ժամ տեւողութեամբ հայոց պատմութեան չբացայայտուած էջերով պատմական ճանապարհորդութիւն: Ազգութեամբ հայ ռեժիսոր Ռուբէն Կինեյի «Անդին: Հայոց Ճանապարհորդութեան տարեգրութիւն» ֆիլմը օրեր առաջ  նաեւ համացանցի վրայ հասանելի դարձաւ:

2011-ին մեկնարկած եւ 3 տարի տեւած նկարահանումներով ֆիլմի հեղինակը հանդիսատեսը տակաւին չբացայայտուած աշխարհ կը տեղափոխէ եւ, միասին ճամբորդելով, կ’օգնէ բացայայտել հայ-չինական բարեկամական յարաբերութիւններու եւ Մետաքսի ճանապարհի այլ երկիրներու հետ կապերու պատմական անցեալը:
Ռեժիսորի խօսքին համաձայն, իրենց առաջնային նպատակը  եղած է ստեղծել ֆիլմ, որ հետաքրքրական պիտի ըլլար ոչ միայն պատմաբաններուն, այլեւ` հասարակ հանդիսատեսին:

Ֆիլմն ինքնին պատմական արժէք է ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ Չինաստանի եւ Միջին Արեւելքի այլ երկիրներուն համար, որովհետեւ նկարահանումներու ընթացքին բազում գտածոներ  յայտնաբերուած են: Գտնուած են կորսած համարուող փաստաթուղթեր (Չինաստանի 19-րդ դարու հայկական համայնքի կանոնադրութիւն), բացայայտուած է 700 տարուան հնութիւն ունեցող հայկական տառերով յայտնի Պանտուսովեան քարի գտնուելու վայրը, Կիւմրիի մէջ գտնուած է չինական Ցին տինասդիոյ գաւաթը, առաջին անգամ ցուցադրուած է չինական Աստուածաշունչի հեղինակ Եօհաննէս Լասարի կենսագրութիւնը: Պատմութեան մէջ առաջին անգամ վերականգնուած է նաեւ Դուին քաղաքի տեսքը 3D պատկերով: