«Արմէնփրէս».- Արցախի հետ Պելճիքայի հոլանտախօս պատգամաւորներու բարեկամութեան խումբը շնորհաւորած է Արցախի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահն ու պատգամաւորները:
Արցախի հետ Պելճիքայի հոլանտախօս պատգամաւորներու բարեկամութեան խումբը շնորհաւորական ուղերձ յղած է Արցախի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին, ինչպէս նաեւ Արցախի Ազգային ժողովի նորընտիր պատգամաւորներուն:
ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբէն, շնորհաւորական նամակով բարեկամութեան խումբի անդամները ողջունած են ժողովրդավարական ճանապարհով իրենց երկիրը կազմակերպելու Արցախի ժողովուրդին յանձնառութիւնը, որ անոնք յաջողած են իրականացնել` ի հեճուկս պարտադրուած մեկուսացման եւ բազում դժուարութիւններուն: Անոնք յայտնած են, որ, ցաւօք, չեն կրցած մասնակցիլ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակին կազմակերպած Արցախի ընտրութիւնները դիտարկելու անկախ առաքելութիւնը, որ համավարակին պատճառով չեղեալ յայտարարտուեցաւ: