«Էրմէնիհապեր».-Թուրք ռազմական գործիչ, պահեստազօրի ծովակալ Ճեմ Կիւրտենիզը հեռուստաեթերէն քննադատած է թէ՛ իշխանութիւններուն եւ թէ՛ ընդդիմութեան Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին նկտմամբ ունեցած դիրքորոշման համար:
Ըստ Կիւրտենիզի` բոլորը Թուրքիոյ հիմնադիր նախագահ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի սկզբունքներէն հեռացած են, եւ ուշ չէ Աթաթուրքի հիմնած կուսակցութեան (իմա` «Ժողովրդահանրապետական») որոշ առաջատար գործիչներ ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Թուրք ծովակալը նաեւ յայտնած է, որ Աթաթուրքի ստեղծած համակարգը` քեմալիստական համակարգը, «դեղատոմս» ստեղծած է, որ ոչ միայն Թուրքիոյ, այլեւ ամբողջ աշխարհին բարեկեցութիւն կրնայ ապահովել:
Ճեմ Կիւրտենիզ կը կարծէ, որ Աթաթուրքի հիմնած կուսակցութիւնը սկսած է մտածել իմպերիալիստական (կայսերական«Գ.») երկիրներու նման, ուստի Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին նկատմամբ կուսակցութեան ունեցած դիրքորոշումը, ըստ ծովակալին, խիստ մտահոգիչ դարձած է: