«Ասպարէզ».- Յիշեցնենք, որ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կոչ ուղղած էր ամերիկահայերուն, որ դիմեն իրենց շրջանի ծերակուտականներուն՝ անոնցմէ խնդրելով, որ ստորագրեն ծերակուտական Մենենտեզի հեղինակած նամակը: Առ այդ, 10.000-էն աւելի դիմում կատարուեցաւ Արցախին զօրակցող քաղաքացիներու կողմէ։

Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը կը փորձէ յառաջիկայ տարեշրջանի պետական ամավարկէն հանել Արցախին վերապահուած նպաստը, որուն կ՛ընդդիմանայ նաեւ Պաքուն։

Ծերակուտական Մենենտեզ նամակին մէջ կը շեշտէ, որ Արցախին պէտք է յատկացուի առնուազն 1,5 միլիոն տոլար՝ իբրեւ մարդասիրական աջակցութիւն, որ պիտի տրամադրուի ականազերծման եւ վերականգնողական կեդրոններուն։ Նաեւ կը նշուի, որ ականազերծման նպատակով տրամադրուող նպաստը պէտք է շարունակուի՝ նկատի ունենալով շրջանի բնակչութեան ապահովութեան երաշխաւորման մէջ անոր կարեւոր դերակատարութիւնը։

Տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերուն նպաստող ամերիկեան մարդասիրական այս արշաւը կ՛իրականացուի «Հէյլօ Թրասթ» կազմակերպութեան ճամբով։

Մենետեզի նամակը կարելի է կարդալ http://anca.org/assets/pdf/042420_Menendez_Artsakh_Aid.pdf կայքէջին վրայ։

Արցախի Հանրապետութեան աջակցելու նպատակով Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին ծրագիրին կարելի է ծանօթանալ anca.org/anca360 կայքէջ այցելելով։