Ուիլպի, Աւստրալիա․- Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ հակառակ այն իրողութեան, որ Աւստրալիոյ դաշնակցային իշխանութիւնները կը շարունակեն անընդունելի կերպով ուրանալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, 24 Ապրիլին տեղի ունեցած ցեղասպանութեան առցանց ոգեկոչման Աւստրալիոյ դաշնակցային եւ նահանգային խորհրդարաններու կարգ մը անդամներ իրենց մասնակցութիւնը բերին՝ դատապատելով ցեղասպանութեան ուրացման քաղաքականութիւնը։

Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբի գործադիր վարիչ Հայկ Կայսերեան ողջունելի գտաւ նաեւ այն իրողութիւնը, որ աւելի քան 15.000 անձեր հետեւեցան ուղղակի սփռուած ոգեկոչման յայտագիրին։