Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթը արծարծող գեղարուեստական գրականութիւնը, երգն ու երաժշութիւնը եւ ֆիլմա-րուեստը նոյնքան կարեւոր դերակատարութիւն ունին ճանաչումին, հարցին ըմբռնումին եւ Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութեան մերկացումին վրայ, որքան փաստավաւերագրական նիւթերը:
Ճիշդ է որ անոնք որպէս փաստ չեն կրնար օգտագործուիլ գիտաուսումնասիրական շրջանակներու կողմէ, սակայն աւելի մեծ ազդեցութիւն կը թողուն ընթերցողին, դիտողին, այլ խօսքով հանրութեան վրայ, աւելի արագ կը հասնին լայն հասարակութեան,  որովհետեւ չոր ու ցամաք տեղեկութիւններ չեն պարզապէս, կ’արտացոլեն ապրումներ, երազներ, յարաբերութիւններ, հոգեբանական ապրուած վիճակներ:
Արուեստի ճամբով իրականութիւնը դիտողին կամ ընթերցողին կը հասնի աւելի մեղմ, հանգիստ ու ազդեցիկ ընթացքով մը, կը թափանցէ անոր ոչ միայն մտքէն այլեւ հոգիէն ներս ու անպայման կը մղէ զինք հետաքրքրուելու, պրպտելու, իրականութեան հասնելու:
Գեղարուեստին մէջ անկեղծութիւն կայ: Անկեղծութիւն մը որ դժուար է խեղաթիւրել: Ինչպէ՞ս կարելի է կեղծել ցեղասպանութեան ենթարկուած մօր մը օրօրոցայինը եւ անոր արձագանգը իր զաւկին յիշողութեան մէջ: Ինչպէ՞ս կարելի է կեղծել ցեղասպանութիւնը ապրած բանաստեղծի մը ցաւին ճիչը, լեզուն, նկարագրութիւնը: Ինչպէ՞ս կարելի է կեղծել սերունդէ-սերունդ անցած սովորութիւնները, երազները, յիշողութիւնը ու վրէժի զգացումը: Ինչպէ՞ս կարելի է կեղծել Հայոց Ցեղասպանութիւնը ապրած, անոր հետեւանքները կրած նկարիչի մը գծած պատկերը, ուր կ’արտացոլայ պատմութիւն մը, որուն մէջ կարօտը, պոռթկումը, զրկանքը, սպանութիւնը, հայրենազրկումը, գաղթը առանձին գոյներ ունին, գոյներ, որոնք դժուար թէ իրենց նմանը ունենան, որովհետեւ ճշմարիտ ապրումներու, հոգեվիճակներու արտայայտութիւն են անոնք:
Նոյնն է պարագան այն ֆիլմերուն, որոնք մարդկային պատմութիւններով կը ներկայացնեն արեւմտահայութեան տառապալի կեանքը Ցեղասպանութեան տարիներուն,  կեղեքումներն ու կոտորածները եւ Ցեղասպանութեան սրտառուչ նկարագրութիւնները: Աւելին՝ արեւմտահայուն աւանդութիւնները, սովորութիւնները, լեզուն, երգերն ու վէրքերը, հայ-թրքական առնչութիւնները, փոխադարձ ազդեցութիւնները եւ այլն:
Արուեստը առաջնահերթ դեր ունի Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացին մէջ: Ցեղասպանութիւնը շարժանկարի եւ  արուեստի այլ ոլորտներու ճամբով նաեւ աշխարհին ծանօթացնելը  ուժեղ զէնք է, որ կ’օգտագործուի, պէտք է օգտագործուի  ի նպաստ Հայ Դատին, ի նպաստ ճշմարտութեան, մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք, որ թուրք ժողովուրդը տարիներ շարունակ ուրացումի յանկերգը կը լսէ իր  երկրի յաջորդական իշխանութիւններէն եւ իրականութիւնները ըմբռնելու դժուարութիւն ունի, պիտի ունենայ բնականաբար, որովհետեւ շատ յաճախ անտեղեակ մնացած է մեծ ողբերգութենէն եւ անոր հետեւանքներէն իր երկրի իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութեան հետեւանքով:
Եթէ քաղաքականութիւնը ունի իր սահմանները,  արուեստի բնագաւառէն ներս ոչ մէկ արգելք եւ սահման գոյութիւն ունի:
Այս մտահոգութիւնները արուեստի ու մշակոյթի բնագաւառ փոխադրելու փորձերը գնահատելի են, բայց սակաւաթիւ: Հայ արուեստագէտը, մտաւորականը, գրողը նոյնքան գործ ունին տանելիք, որքան Հայ Դատի համար պայքարող քաղաքագէտը:
«Գ.»