30 Ապրիլը Հայաստանի ազգային հերոս Թաթուլ Կրպէեանի մահուան օրն է: Այս առիթով, անգամ մը եւսմեր խոնարհումը բերելով Արցախեան ազատագրական պայքարի բոլոր նահատակներու յիշատակին, հարկ կը համարենք շեշտել Թաթուլ Կրպէեան մարդու եւ գործիչի իւրայատուկ կերպարը եւ դերը մեր նորօրեայ ազատամարտի պատմութեան մէջ: Դժուար է ըսել` էութեամբ մտաւորական, գործով մարտական հրամանատար Թաթուլի դերակատարութիւնը տակաւին որքան կը մեծնար ու ծանրակշիռ պիտի դառնար մեր ազգային կեանքէն ներս, եթէ ճակատագիրը շնորհէր անոր կենսագրութիւնը հարստացնելու կարելիութիւնը:
Գիտակցական կեանքի եւ աշխուժ գործունէութեան ոչ բեղուն տարիները, սակայն, բաւարար եղան, որ 26 տարեկան նահատակ հայորդին անմահութեան արժանանար իր ժողովուրդի հոգիին եւ գիտակցութեան մէջ: Թաթուլ Կրպէեանը կարելի է համարել իր սերունդի խորհրդանշական կերպար: Հայրենակորուստ գերդաստանի շառաւիղը, լսելով հայոց վերազարթօնքի ղօղանջները, ուսանողական նստարանը փոխարինեց պայքարի ասպարէզին հետ: Անդամագրուեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան եւ փափաքեցաւ ըլլալ հոն, ուր կրկին բարձրացած էր հայրենիքի ազատագրութեան դրօշը: Սիրած պատմական հերոսներուն օրինակով սեփական ճակատագիրը կապեց բռնագրաւուած հայրենիքին հետ եւ դարձաւ Գետաշէն-Մարտունաշէնի ենթաշրջանի ընդհանուր հրամանատարը: Իրականութեան մէջ, սակայն, Թաթուլ Կրպէեան եղաւ իսկական ժողովրդական առաջնորդ, հայդուկապետ, ինչպիսին էր իրմէ ոչ հեռու գործող Շահէն Մեղրեան: Կարճ ժամանակի ընթացքին ան դարձաւ անվերապահ վստահութիւն վայելող հրամանատար ոչ միայն կուսակցութեան, այլեւ տեղւոյն եւ այլ վայրերէն ժամանող մարտական ջոկատներուն համար: Թաթուլը անառարկելի հեղինակութիւն դարձաւ ժողովուրդին համար, եւ պատահական չէ, որ անոր կ’անուանէին ուսուցիչ: Թաթուլ Կրպեյեան կամաւորապէս կեանքը կապեց հայութեան ազատութեան, անոր կրթութեան, անոր առօրեայի կազմակերպման բազում այլ հարցերուն հետ` յանգելով ճակատագրական վիճռի, որ կա՛մ կ’ազատագրէ այդ հողը, կա՛մ կը մեռնի անոր կորուստին հետ: Թաթուլը նահատակուեցաւ` չդաւաճանելով իր ընտրութեան, ինչպէս նոյնը ըրած էր Շահէնը:
Ազատ եւ հզօր հայրենիքի կերտման գաղափարական հաւատամքով Թաթուլ Կրպեյեան ամենավառ մարմնաւորողներէն էր սերունդի մը, որ հայութեան եւ անոր ապագային առջեւ ճանապարհ հարթելու ծնած էր: Ազգային հերոսի բարձր կոչումը մենք կը գնահատենք որպէս իտէալի եւ փառապսակ գործի ամբողջական արժեւորման արգասիք:
Մեր հակասական ժամանակներուն, երբ դարձեալ քննարկման առարկայ կը դառնան ազգային գերակայութիւնները, անվիճարկելի ճշմարտութիւններն ու արժէքները, աւելի պահանջուած է Թաթուլ Կրպեյեանն ու անոր նմանները յիշելը, ոգեշնչուիլը անոնց հաւատքով, տեսլականներով եւ այդ տեսլականները իրականութեան վերածելու անբեկանելի կամքով:
Համաճարակի պէս ազգային կեանք թափանցող օտարածին ու ախտաւոր բարքերու ու արժէքներու դիմաց անհրաժեշտ է նորահաս սերունդներուն մատուցել հերոս հայորդիներու կեանքի ու ինքնանուիրումի դասերը:
Նահատակութեան 29-րդ տարելիցի առիթով յիշելով եւ պատշաճը մատուցելով Թաթուլ Կրպեյեանի յիշատակին` կը փափաքինք յիշեցնել բոլորին, եւ պետական պատասխանատուներուն, որ հերոսները ազգային արժէք են, եւ մենք նաեւ անոնց ըստ արժանւոյն յիշելու եւ յիշատակելու պատասխանատուութեան ժառանգորդներն ենք:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմին
30.04.2020 թ