Չար բաներուն բարեւ ըսէք մեր կողմէն
Ըսէք գիտենք, թէ անոնք կան ու միշտ կրնան պատահիլ.
Ըսէք գիտենք, թէ կրնան
Օր ցերեկով մութ գիշերով յանկարծակի գալ մեզի։
Ուզեցի սկսիլ Զահրատի այս տպաւորիչ եւ ներկայ իրավիճակին համընկնող քառեակով։
Երէկ պատերազմ, այսօր պսակաձեւ ժահր, իսկ վաղը՝ հարցա-կան…։
2020 թ. գարունը ամբողջ աշխարհին մօտ սառած է։
Մենք պէտք է միշտ պատրաստ ըլլանք բոլոր անակնկալներուն, բայց ամենակարեւորը իմանանք, թէ ինչպէ՛ս պէտք է օգ- տուինք անոնցմէ նաեւ առանց վնասուելու։ Կ’ուզեմ շեշտել այս օրերուն եղածը։
Մեզի՝ սուրիացիներուս համար նորութիւն մը չէր դպրոցները փակ տեսնել անակնկալօրէն եւ այս անգամ ալ «քորոնա» ժահրին պատճառով, որմէ կը տառապի ամբողջ երկրագունդը։ Իսկ ինչպէ՞ս օգտուինք անկէ։
Սուրիոյ Կրթութեան Նախարարութիւնը կը սփռէ մեր դասերը հեռատեսիլէն։ Լաւ. եթէ մենք պսակաձեւ ժահրին կամ պատերազմին սերունդն ենք նաեւ, ուրեմն արդարացնե՞նք մեր տգիտութիւնն ու ծուլութիւնը։
Եթէ որեւէ անձի հարցնես, թէ ինչո՞ւ չսորվեցար օգտուիլ ժամանակէն. ան պիտի պատասխանէ՝ «Անոնք են պատճառը, ես չեմ», ինքզինք պիտի արդարացնէ, «Ես քորոնայէ եւ պատերազմէ անցած եմ», կամ ի՜նչ-ինչ պատճառներ ներկայացնելով։
Բայց ամէն պարագայի կ’արդարացուի՞ն այս պատճառները։
Անշուշտ՝ ո՛չ։
Մենք մեզ չարդարացնենք այլազան պատճառներ ներկայացնելով։ Յիշենք նաեւ, որ բացառութիւնները յարգելի են։
Անցողիկ շրջանի մը մէջ կ’ապրինք, այսօրուան արարքը պիտի ազդէ մեր ապագային վրայ։
Եթէ հիմա լուրջ վարուեցանք այս կացութեան հետ, ան կրնայ մեծ ազդեցութիւն չունենալ մեր վրայ, իսկ եթէ անլուրջ վարուեցանք, գինը շատ սուղ պիտի վճարենք։
Ժրաջան բժիշկները կ’աշխատին օր ու ցերեկ իրենց գիտութեամբ, իսկ մենք՝ աշակերտներս դաս սորվելով. ամէն մէկը իր պարտականութիւնը կատարելով պիտի պայքարի։
Այս ժահրը ապացուցեց մարդ արարածին տկարութիւնը։ Ապացուցեց, որ մարդկային ուժը անզօր է, միայն Աստուած կրնայ մեզ ազատել այս պատուհասէն։
Փորձենք անապատին մէջ ծաղիկ մը գտնել. այսինքն՝ եկէք խօսինք ժահրին դրական կողմին մասին։ Այս հարցը համընդհանուր հարց է։ Աշխարհը անարդար կը վարուէր մարդոց հետ, բայց այս ժահրը արդար վարուեցաւ առանց հարցնելու անոր գոյնը, նիւթական վիճակը, ցեղն ու պաշտօնը (իշխաններ, նախարարներ…)
Երբ տունը մնացինք կրկին անգամ վերականգնուեցան ընտանեկան յարաբերութիւնները, մտերմիկ եւ ջերմ մթնոլորտը վերստին սկսանք վայելել մեր ընտանիքներուն հետ, որ բացակայէր մեր բազմազբաղ ըլլալուն պատճառով։ Սկսանք գնահատել ինչ որ իրապէս կարեւոր է։ Սորվեցանք հաշտուիլ մեր հակառակորդներուն հետ, իմաստութեամբ անցընել մեր ազատ ժամերը։
Պզտիկ նախազգուշացում մը հազար դարման կ’արժէ։
Աղօթենք եւ խնդրենք Աստուծմէ, որ մեզ պարգեւէ առողջութիւն, իսկ բժիշկներուն՝ իմաստութիւն։
Թող ոչ մէկ բան կասեցնէ մեր յառաջընթացը։
Ինչպէս կ’ըսէ Մարթին Լուտեր Քինկ. «Եթէ չես կրնար թռչիլ, ուրեմն վազէ՛, եթէ չես կրնար վազել՝ քալէ՛, եթէ չես կրնար քալել՝ սողա՛. միեւնոյնն է, թէ ինչ, որ կ’ընես շարունակէ՛ ջանալով»։
Առանց յուսահատութեան։
Միշտ յառա՛ջ։
Աննա Սաղպազարեան
Թ. կարգ
Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարան