Անօրէն թուրքը նպատակ դրաւ
Հայեր ջնջելու հրաման տուաւ,
Մանուկներ, կիներ քշեցին Տէր Զօր,
Ապրիլ քսանչորս, հայու մեծ սեւ օր:
Գրիգոր Զօհրապ,Սեւակ,Վարուժան,
Անապատի մէջ նահատակուեցան,
Ամբողջ աշխարհը անտարբեր մնաց,
Հայրենիքը մեր հայաթափուեցաւ:
Մէկուկէս միլիոն զոհ տուած ենք մենք,
Անգութ ու վայրագ թշնամին նոյնն է,
Արդարութիւնը պիտ յաղթանակէ,
Զի մենք բոլորս պահանջատէր ենք:
Մէյրի Ինճեճիկեան
Ը.Կարգ
Քեսապի Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարան
Քեսապի Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարան