«Արմէնփրէս».-Արցախի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան հանդիպած է Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի հետ:
«Հանրապետութեան կառավարման հիմքը համարելով հանրային եւ քաղաքական միասնականութիւնն ու համերաշխութիւնը` հանդիպած եմ ԱՀ արտաքին գործոց նախարար եւ վերջին համապետական ընտրութիւններուն նախագահի թեկնածու Մասիս Մայիլեանի հետ:
Քննարկած ենք մեր հայրենիքի առջեւ ծառացած արտաքին եւ ներքին մարտահրաւէրները եւ տարածաշրջանի վերջին զարգացումներուն առնչուող շարք մը հարցեր: Մեր երազանքներու մէջ Արցախի կառուցման հետագայ գործընթացներուն մէջ կարեւոր համարած ենք երկրի մէջ փոխադարձ յարգանքի ու համերաշխութեան լիակատար մթնոլորտի ստեղծումը», գրած է Յարութիւնեան: