«Ազատ Օր».-Ուր­բաթ՝ 24 Ապ­րիլ 2020ին, յու­նա­հա­յու­թիւ­նը առ­ցանց կատա­րեց ­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 105ա­մեա­կի նշու­մը։ Այս ան­գամ, Պսա­կա­ձեւ ժահ­րի հա­մա­ճա­րա­կին պատ­ճա­ռով կի­րար­կո­ւած արգիլումներու լոյ­սին տակ, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ Դա­տի յանձնախումբը իր ծրագ­րո­ւած հրա­պա­րա­կա­յին ե­լոյթ­նե­րը փո­խա­րի­նեց հա­մա­ցան­ցի վրայ սփռո­ւած յա­տուկ յայ­տա­գի­րով, որ ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ 24 Ապ­րի­լի ե­րե­կո­յեան՝ ­Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բի եւ «Ա­զատ Օր»ի է­ջե­րէն ու հա­սա­նե­լի դար­ձաւ ոչ միայն յու­նա­հա­յու­թեան, այ­լեւ աշ­խար­հի բո­լոր մասե­րուն մէջ ապ­րող հա­յե­րուն։
Ար­դէն, ա­միս­ներ ա­ռաջ, ծա­նօթ դար­ձած էր, որ ­Յու­նաս­տա­նի հանրապետու­թեան նախ­կին նա­խա­գահ Փ­րո­քո­փիս ­Փաւլո­փու­լոս, ո­րու պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան շրջա­նը ա­ւար­տե­ցաւ հա­զիւ ­Մար­տին, պի­տի ըլ­լար ապ­րի­լեան կեդ­րո­նա­կան քա­ղա­քա­կան ե­լոյ­թի գլխա­ւոր հիւ­րը եւ բանախօսը։ ­Հա­յա­սէր նա­խա­գա­հը, որ իր քա­ղա­քա­կան գոր­ծու­նէու­թեան ընթացքին եր­բեք չզլա­ցաւ իր ան­կեղծ հա­յա­սի­րա­կան զգա­ցում­նե­րը եւ գործ­նա­կան զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նել հա­յու­թեան, ա­ռա­ւել՝ ան­ցեալ Նոյեմբե­րին պաշ­տօ­նա­պէս այ­ցե­լած էր ­Հա­յաս­տան, այս ան­գամ եւս չմեր­ժեց իր խօս­քով մասնակցութիւն բե­րել առ­ցանց ե­լոյ­թին, որ մե­ծա­պէս գնահատո­ւե­ցաւ, ինչ­պէս նաեւ իր խո­րի­մաստ խօս­քը եւ քաղաքական կեցո­ւած­քը յա­տուկ տպա­ւո­րու­թիւն թո­ղուց։
Ա­ռա­ւել, առ­ցանց ե­լոյ­թին նշա­նա­կա­լից ե­ղաւ յու­նա­կան քա­ղա­քա­կան բարձր ներ­կա­յու­թիւ­նը, որ յատ­կանշո­ւե­ցաւ ­Յունաս­տա­նի ար­տա­քին գործոց նա­խա­րար ­Նի­քոս ­Տեն­տիա­սի, հել­լէն խորհր­դա­րա­նի փոխնախագահ Նի­քի­թաս ­Քաքլա­մա­նի­սի, Ա­տի­կէի մարզ­պետ Եոր­ղոս Փաթու­լի­սի, ­Մա­կե­դո­նիոյ մարզ­պետ Ա­փոս­թո­լոս ­Ծի­ծի­քոս­թա­սի եւ Թրակիոյ փոխ մարզ­պետ ­Քոս­թաս Ան­տո­նիա­տի­սի ող­ջոյ­նի խօս­քե­րով։
­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ­Յու­նաս­տա­նի մէջ ար­տա­կարգ եւ լիա­զօր դես­պան ­Ֆա­դէյ ­Չար­չօղ­լեան հան­դէս ե­կաւ ող­ջոյ­նի կուռ խօս­քով։