«Երկիր».-Արցախի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ, «Ազատ Հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան դիմատետրի ուղղակի սփռումով «զրոյց քաղաքացիին հետ» նախագիծին խօսած է իր խոստումներուն շուրջ․
«Տնտեսական ճգնաժամի գործընթացը կը խորանայ, վարակը չի վերանար: Սակայն կրնամ վստահօրէն յայտնել, որ Արցախը այս առումով աւելի ապահովուած է` եւ՛ պարենային առումով, եւ՛ ընդհանուր առումով: Եւ կ’ուզեմ դարձեալ կարեւոր համարել մեր երկրէն ներս պարենային եւ ուժանիւթի անվտանգութիւնը», յայտնած է Յարութիւնեան:
Ըստ Արայիկ Յարութիւնեանի, յաջորդ կարեւոր երեւոյթը համերաշխութիւնն է: Ան նաեւ կոչ ուղղած է քաղաքացիներուն պսակաձեւ ժահրի պայմաններուն մէջ պահպանել անվտանգութեան կանոնները:
Նորընտիր նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է Արցախ/Տեղեկատուական շտապին, պարետատան, առողջապահական կառոյցներուն պսակաձեւ ժահրով պայմանաւորուած իրավիճակը վերահսկողութեան տակ պահելու, վարակի տարածման վտանգներէն մարդոց հեռու պահելու համար:
«Երէկ զբօսնելով Ստեփանակերտի մէջ, կ’ուզեմ ըսել, որ պէտք է գիտակցինք վտանգները, զգոյշ ըլլանք, դուրսը ըլլալու պարագային ընկերային հեռաւորութիւն պահպանենք, մեր տան անդամներուն հանդէպ հոգատար ըլլանք: Կը խնդրեմ բոլորին` պահպանել կանոնները», ըսած է Ա․Յարութիւնեան: