Չորեքշաբթի, 29 Ապրիլ 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ սուրիական «Աճնիհէթ ալ Շամ» օդանաւային ընկերութեան Հայաստանի Հանրապետութեան հետ գործակցութեան լոյսին տակ, պսակաձեւ ժահրի համաճարակին հետեւանքով թռիչքներու կասեցումէն ետք Երեւանէն Դամասկոսի Միջազգային Օդակայան ժամանեց առաջին օդանաւը, որ կ՚ընդգրկէր Հայաստան մնացած 29 սուրիացի ճամբորդներ։
Ճամբորդները անմիջապէս ուղղուեցան Դամասկոսի Միջազգային Օդակայանին մէջ հաստատուած մեկուսացման կեդրոն, ուր քննութեան պիտի ենթարկուին եւ առ ի ապահովութիւն 14 օրուան տեւողութեան պիտի մնան այնտեղ։