Սփիւռք, արտերկիր, գաղթաշխարհ, տարաշխարհ…
Որքան բառ, այնքան ալ տարբեր պատկերացումներ մեր իրավիճակին, որ անկասկած իւրայատուկ է, որքան ալ գաղթերն ու տարագրութիւնները համաշխարհային երեւոյթ ըլլան, որքան ալ բազմաթիւ ժողովուրդներ տակաւին հեռանան իրենց բնակավայրերէն, արտաքսուին իրենց հայրենիքներէն։
Արդարեւ, պատմութեան սկիզբէն ի վեր ցեղեր, ցեղախումբեր տեղափոխուած են ի որոնումն աւելի լայն տարածքներու, աւելի հարուստ բուսականութեան եւ արգասաբեր հողերու, աւելի հանգստաւէտ պայմաններու։ Տիրապետող սկզբունքը եղած է «ուր հաց՝ հոն կա՛ց»։ Այդպէ՛ս է, որ  մարդկութիւնը տարածուած, շէնցուցած է երկրագունդը։ Այդպէ՛ս է նաեւ, որ հետզհետէ կազմուած են ժողովուրդներ, ազգեր եւ պետութիւններ։
Մենք ալ, ինչքան ալ վաղեմի ըլլայ մեր ներկայութիւնը Հայկական բարձրաւանդակին վրայ, արդիւնքն ենք տեղաշարժերու, միաձուլումներու, բաժանումներու։ Եթէ Քրիստոսէ հազարամեակներ առաջ այնտեղ մեր ուրոյն քաղաքակրթութիւնը սկսած է կերտուիլ, արտագաղթեր տեղի ունեցած են նաեւ մեր երկրէն, յատկապէս ԺԱ. դարէն սկսեալ՝ Բագրատունեաց իշխանութեան անկումէն ետք, երբեմն անկէ ալ առաջ։  Այս բոլորը՝ նման բազմաթիւ այլ հաւաքականութիւններու։
Ինչ որ ուրիշներէ կը տարբերէ այսօրուան մեր Սփիւռքը՝ անոր ընդհանուր բնոյթն է, որ հետեւանքն է քանի մը ազդակներու.
1. Ան առաւելաբար կազմուած է Օսմանեան պետութեան կողմէ հայոց դէմ գործուած ցեղասպանութեան պատճառաւ։ Ճիշդ է, 1915-էն, նոյնիսկ 1895-էն ալ առաջ հայութիւնը կ’ապրէր հայկական հողերէն դուրս՝ Կ. Պոլիս, Թիֆլիս, Պարսկաստան (բռնի արտագաղթի հետեւանք), Հնդկաստան, Եւրոպա եւ այլուր, սակայն հայութեան բուն զանգուածը    կը գտնուէր պատմական Հայաստանի ու Կիլիկիոյ տարածքներուն վրայ, եւ միայն Մեծ Եղեռնի պատճառաւ է, որ ցրուեցանք աշխարհով մէկ։ Ներկայ գաղթաշխարհի այս հատուածը ճանչցուած է որպէս Դասական Սփիւռք՝ Միջին Արեւելքի եւ Արեւմուտքի մեր գաղթօճախներով։  Սա մեր վերապրած մեծ ծնողներուն եւ ծնողներուն Սփիւռքն էր, որ կրնանք ըսել, թէ գործնականին մէջ անոնց հետ ալ անցած է պատմութեան։ Պիտի կոչեմ զայն Վերապրումի տարաշխարհը։
2. Այդ տարաշխարհը սկսաւ ձեւափոխուիլ անցեալ դարու 50-ական ու 60-ական թուականներուն, երբ Միջին Արեւելքի երկիրներու քաղաքական ու տնտեսական պայմանները վատթարացան ու հայերը, ուրիշներու նման, աւելի ապահով ու հանգիստ վայրեր փնտռեցին որպէս կայք։  Այդ հայերը արդէն Մեծ Եղեռնէն վերապրողներու յաջորդ սերունդներն էին՝ մե՛նք, որ ոչ թէ վերապրելու, այլ աւելի լա՛ւ ապրելու նպատակով կը տեղափոխուէինք։ Ընդհանրապէս՝ մե՛ր իսկ կամքով եւ ոչ ուրիշին պարտադրանքով. գուցէ՝ պայմաններո՛ւն պարտադրանքով։ Սա արդէն Բարեկեցութեան տարաշխարհն է, անոր առաջին տարբերակը, որ տակաւին կ’ընդլայնի։ Անո՛ր մաս կը կազմէ այլեւս Դասական Սփիւռքը, այնքան ատեն, որ կրնայ ապահով երդիք մը ու կեցութիւն մը շնորհել իր բնակիչներուն։
3. Կար սակայն զուգահեռ երկրորդ Սփիւռք մը, որ կազմուիլ սկսած էր հինէն, հաւանաբար ԺԹ. դարու երկրորդ կիսուն, կամ անկէ ալ առաջ, երբ Ռուսաստան Կովկաս իջաւ։ Ամբողջ կայսրութիւնը մատչելի սկսաւ դառնալ արեւելահայութեան։ Եւ չմոռնանք նաեւ համայնավար իշխանութեանց քաղաքականութիւնը՝ բռնագաղթի ու աքսորի մարզերուն մէջ։ Այս մէկն ալ կը ճանչցուէր որպէս Ներքին Սփիւռք, որ չունէր Դասական Սփիւռքի կազմակերպական կեանքը։
4. Բարեկեցութեան տարաշխարհի երկրորդ տարբերակը սկսաւ կազմաւորուիլ 1975-էն ետք, երբ Խորհրդային Հայաստան ապրող հայեր սկսան գաղթել, արտօնութիւն ստացա՛ն, որ գաղթեն։ Այս պարագային ալ նպատակը նոյնն էր՝ կեանքի աւելի լաւ պայմաններ գտնել, ոչ միայն նիւթական իմաստով, այլեւ ընկերային։ Ուրեմն ա՛լ աւելի ընդլայնեցաւ Սփիւռքը, եւ այս պարագային նորանոր գաղթօճախներ սկսան յառաջանալ։ Վերեւը նշուած ներքին Սփիւռքն ալ մաս կազմեց այս տարբերակին։ Այս գործընթացը շարունակուեցաւ եւ աւելի մեծ թափ ստացաւ Հայաստանի վերանկախացումէն ասդին։
5. Այսօր սակայն Բարեկեցութեան տարաշխարհը նոր տարբերակ մը սկսած է ունենալ։ Այդ՝ Սահմանազերծ տարաշխարհն է, որ, ինչպէս ըսուեցաւ, մարդկութեան պատմութեան սկիզբէն ի վեր գլխաւոր շարժառիթը եղած է գաղթերուն-տեղափոխութիւններուն։ Սա արդէն մեր զաւակներուն եւ մեր թոռներուն Սփիւռքն է, որ դժուարաւ կարելի է պարփակել որեւէ կազմակերպական յղացքի մէջ։ Սա նաեւ հայրենաբնակ հայութիւնը իր հողերէն հեռացնող տարաշխարհն է։ Աշխարհի քարտէզին վրայ որեւէ երկիր, որեւէ քաղաք կամ գիւղ ընդունելի վայր է բնակելու համար՝ եթէ կ’ապահովէ կեանքի ապահովութեան նուազագոյն պայմաններ ու… առաւելագոյն հասոյթ։ Սկզբունքը՝ «ո՛ւր աւելի հաց, հո՛ն կաց», թէկուզ առժամաբար…։ Այս Սահմանազերծ տարաշխարհը կրնայ արագ ու անչափելի թափով ընդլայնիլ։
Տարաշխարհի այս տարբերակները, բացի առաջինէն, այսօր զուհահեռաբար գոյութիւն ունին եւ գոյութիւն պիտի ունենան հաւանաբար դեռ երկար ժամանակ, քանի որ հայութիւնը իր սեփական հողերուն վրայ՝ իր հայրենիքին մէջ համախմբելու կարելիութիւնը տակաւին հեռու է իրականութիւն դառնալէ։
Կայ այսօր նաեւ տարաշխարհի այլ տարբերակ մը, որուն մասին խօսելէ առաջ, սակայն, կ’ուզեմ հարց տալ, թէ ի՞նչ են մեր ակնկալութիւնները Սփիւռքէն։ Միանշանակ չեն անոնք, եւ կան տարբեր մօտեցումներ, երբեմն հակոտնեայ, որոնք շատ դժուար կը դարձնեն մեր ներկայ իրավիճակի ըմբռնումը։
Նախ՝ ամէնէն բացասական, ամէնէն յոռետես մօտեցումը։ Այդ՝ իբր հայութեան անբաժանելի մաս՝ Սփիւռքի վրայէն գիծ քաշելն է։ Այդպէս չէ՞ր խորհրդային տարիներու իշխանութիւններուն պաշտօնական կեցուածքը, մինչեւ որ հասկցան, թէ կրնային նաեւ օգտուիլ Սփիւռքի ներուժէն։ Որքան ալ անկախութենէն ետք հայրենի նոր իշխանութիւնները հակառակը ուզեցին ցոյց տալ, մինչեւ հիմա քիչ չեն Սփիւռքը ժամանակաւոր ու ի վերջոյ անհետանալու դատապարտուած դաւանողները։ Եւ շատ սփիւռքահայեր ալ կարծէք համակերպած են այդ պարտուողական ոգիին, ի զուր կը նկատեն ինքնութիւն պահելու ամէն ճիգ։
Ապա՝ ամէնէն դրական, ամէնէն լաւատեսական մօտեցումը. թերեւս «դրական» կամ «լաւատեսական» եզրերուն տեղ պէտք է ըսել Սփիւռքէն ամէնէն աւելի ակնկալիքներ ունեցող մօտեցումը։ Այն, որ Սփիւռքը կը նկատէ մնայուն երեւոյթ, իր սեփական ինքնութեամբ, իր մեծ ներուժով եւ կարելիութիւններով, իր հարցերը լուծելու մեծ կարողութեամբ, հայ ժողովուրդի քաղաքակրթական երթը շարունակողի դերով, ինչպէս եղած է անցեալին։ Չմոռնանք, հայութեան մեծամասնութիւնը՝ երկու երրո՞րդը, թէ՞ երեք չորրորդը հայրենաբնակ չէ այլեւս։
Եթէ միայն այս երկու ծայրայեղ մօտեցումները ունենային գոյութեան իրաւունք, ես երկրորդին հաւատացողներուն մէջ պիտի ըլլայի ի հարկէ։ Սակայն այդ մէկը կ’ենթադրէ, թէ տարաշխարհի հայութիւնը գոյութիւն ունի իբր մէկ ամբողջութիւն, մէկ հայկակա՛ն ամբողջութիւն, ինչ որ չի համապատասխաներ իրականութեան։
Այստեղ կ’ուզեմ ընել մէջբերում մը 2019-ի Յունուարին Արցախի մէջ գումարուած ՀՅԴ 33-րդ Ընդհանուր ժողովի որդեգրած ռազմավարական բանաձեւումներէն։ Խօսքը կը վերաբերի Սփիւռքին.
«Ազգին համար սփիւռքահայութիւնը ունի բարոյական եւ քաղաքական անժամանցելի արժէք ու կարեւորութիւն։ […] Սփիւռքեան համայնքները կերտած են քաղաքական, տնտեսական եւ կազմակերպական իւրայատուկ ներուժ, որ պէտք է հունաւորուի դէպի Հայաստանի հզօրացումը եւ համայն հայութեան ինքնահաստատումը։ […] Ռազմավարական նպատակ է Սփիւռքի հզօրացումը աւանդական եւ նոր համայնքներու մէջ […]՝ հայկական իրականութենէն հեռացող, բայց տակաւին յուսալի բազմութիւններն եւ երիտասարդութիւնը հայկական ինքնութեան եւ հայութեան լինելութեան պայքարին շաղկապուած պահելը»։    
Այստեղ է, որ կ’ուզեմ աւելցնել վերեւը նշուած՝ հայկական տարաշխարհի վերջին տարբերակը, որ պիտի կոչեմ Պայքարի տարաշխարհը, որ գոյութիւն ունի Բարեկեցութեան տարաշխարհին առընթեր, եւ որուն մաս կը կազմենք հայութեան ճակատագրով մտահոգուողներս, մեր այլազան կազմակերպութիւններուն մէջ եւ շուրջ համախմբուածներս, կուսակցութիւններուն մէջ թէ անոնցմէ դուրս՝ հաւաքաբար թէ անհատապէս հայ կեանքին մէջ մեր նիւթական թէ բարոյական մեծ թէ փոքր ներդրումը կատարողներս։ Այո՛, փոքրամասնութիւն մըն ենք, բայց որքան Բարեկեցութեան տարաշխարհի հայութիւնը դառնայ Պայքարի տարաշխարհի հայութիւն՝ այնքան զօրաւոր կ’ըլլայ թէ՛ Սփիւռքը եւ թէ Հայրենիքը։
Սփիւռքի գոյութիւնը ինքնանպատակ չէ՛, չի՛ կրնար ըլլալ։ Սփիւռքը հայութեան անբաժան մասն է, Հայրենիք եւ Սփիւռք մէկ ամբողջութիւն ենք, մեր տարբերութիւններով հանդերձ, մեր  տարակարծութիւններով հանդերձ։ Այդպէս եղած է ի սկզբանէ, Մեծ Եղեռնէն առաջ, ետքը, Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան օրերուն, խորհրդային տարիներուն եւ ներկայիս։
Մեր մարտահրաւէրը անսասան պահելն է այդ ամբողջականութիւնը՝ Հայաստանի եւ Արտահայաստանի ամբողջականութիւնը։ Ահա այդ մարտահրաւէրը ունենալո՛վ է, որ մենք կը տարբերինք բոլոր միւս սփիւռքներէն։
Վրէժ-Արմէն
Աղբիւր- «Գանձասար Բացառիկ-2020»