Այլ ազգերու քաղաքակրթութեանց, հարստութեանց եւ հողերուն բռնագրաւումով ընդլայնած Օսմանեան Կայսրութիւնը համաշխարհային առաջին պատերազմի տարիներուն իր անկումը կ’ապրէր:
Այդ անկումը հետեւանք էր նախ օսմանեան պետութեան ներկայացուցիչներուն փտածութեան, ապա նաեւ ոչ-թուրք տարրերուն նկտամամբ ցուցաբերուած անվերջ կեղեքումներուն եւ բռնի թրքացման քաղաքականութեան, որուն իբրեւ արդիւնք ժողովուրդները իրենց ազատ ապրելու արդար իրաւունքը կը պահանջէին:
Բռնութիւնն ու սպանդն էր օսմանեան ղեկավարներուն միակ պատասխանը:
Կայսրութեան ենթակայ ժողովուրդները տարիներ շարունակ ականատեսը ըլլալով եւ  ենթարկուելով անմարդկային սոսկալի կեղեքումներու, թալանի ու սրբապղծութիւններու, բարեկարգումի ոչ մէկ յոյս կը փայփայէին այլեւս իրենց պատմական հողերուն վրայ:
Նոյնն էր պարագան արաբական բռնագրաւեալ երկիրներու բնակչութեան: Օսմանեան Կայսրութեան քաղաքականութիւնը տուեալ երկիրներու հարստութիւններու թալանին, քաղաքակրթութեան ոչնչացումին եւ ժողովուրդին բռնի թրքացման ուղղութեամբ կ’ընթանար:
Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ հայութեան ճակատագիրը վճռուած էր օսմանեան դահճապետներուն կողմէ՝ հայ ժողովուրդին տեղահանութիւնն ու ցեղասպանութիւնը:
Արաբական երկիրներու մէջ ալ ծայր առած էր յեղափոխական շարժում մը, ազատագրելու արաբական երկիրները օսմանեան չորսդարեայ բռնապետութենէն եւ վերականգնելու արաբական երկիրներու անկախութիւնը: Արաբական այս զարթօնքը Օսմանեան Կայսրութեան պետական այրերը մղեց արիւնարբու գործողութիւններու, մտաւորականներու հալածանքի եւ անխնայ ձերբակալութիւններու:
Այս քաղաքականութեան հետեւանքով, երկու փուլերով՝ Օգոստոս 1915-ին եւ  Մայիս 1916-ին, կախաղան բարձրացան եւ մահուան դատապարտուեցան ազգային գաղափարախօսութեան ջատագով սուրիացի եւ լիբանանցի արաբ մտաւորականներ, քաղաքական դէմքեր եւ յեղափոխական գործիչներ՝ նախ Լիբանանի «ալ Պըրճ» հրապարակին վրայ, որ հետագային կոչուեցաւ Ազատութեան հրապարակ, ապա Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի «ալ Մարճէ» հրապարակին վրայ:
Օսմանեան Կայսրութիւնը թէեւ քայքայուեցաւ, սակայն միջազգային ընտանիքը արդար չգտնուեցաւ դատելու այս կայսրութեան դահճապետները իրենց գործած ոճիրներուն համար եւ նպաստելու ազատագրուող երկիրներու սահմաններուն վերականգնումին:
Ժողովուրդներու պայքարին շնորհիւ միայն կարելի եղաւ փրկել այն ինչ որ փրկուեցաւ Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Հայաստանի մէջ:
Արաբ եւ հայ ժողովուրդները այդ տարիներուն եւ մինչեւ օրս ապրեցան ու կ’ապրին  իրենց անկախ գոյութեան եւ ազատութեան սպառնացող պետութեան մը հալածանքները:
Նոյն մտայնութեամբ սնանած թուրք քաղաքական գործիչներ, վերջին տասը տարիներուն, մահուան ստուերներ տարածեցին Սուրիոյ մէջ, հրահրեցին եղբայրասպան կռիւներն ու բռնագրաւեցին սուրիական հողեր, տեղահանութեան եւ ջարդի ովասիսին մէջ խեղդելով Սուրիոյ ժողովուրդը: Սուրիահայերը պայքարեցան, զոհուեցան իրենց արաբ հայրենակիցներուն կողքին, այս անգամ Սուրիական Հայրենիքին համար: Տէր Զօրէն մինչեւ Հալէպ հայ եւ արաբ սուրիացիներու արեամբ նոր երկունք ապրեցաւ Սուրիական Հայրենիքը:
Նորօսմանեան նոյն մտայնութեամբ տնտեսական պաշարումի ենթարկուած է Հայաստանը, անընդհատ կրակոցներու ենթակայ է Արցախը:
6 Մայիսին, հայ, սուրիացի եւ լիբանանցի նահատակներուն արեան  կանչը զգաստութեան կը հրաւիրէ ճակատագրակից այս ժողովուրդները՝ չմոռնալու պատմութիւնը եւ միասնաբար մաքառելու յանուն անկախ եւ ինքնիշխան իրենց հայրենիքին  ու ժողովուրդին ամբողջական իրաւունքներու ձեռքբերման:
Սուրիոյ եւ Լիբանանի խորհրդարաններուն կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը այս պատգամը կ’ուրուագծէ, նոյն եաթաղանէն անցած ժողովուրդներուն հանդէպ գործուած անարդարութեան դէմ բողոքին ու արդարութիւնը վերականգնելու այս ժողովուրդներու միասնական ճիգերուն նոր թափ կու տայ:
Յարգանքով ու խոնարհումով կ’ոգեկոչենք 6 Մայիսին զոհուած արաբ նահատակներուն յիշատակը:
«Գ.»