ՄՈՒՏՔ
Պսակաձեւ ժահրի տիրապետութենէն առաջ ու անոր մարումէն ետք, կար ու պիտի մնայ իրական աշխարհ մը, որուն ելեւէջները շա՛տ աւելի մնայուն ու հեռահաս ազդեցութիւն ունին ժողովուրդներու կեանքին ու առօրեային վրայ: Այդ աշխարհին պաստառը կազմուած է բազմաթիւ գոյներէ, որոնք կը կոչուին քաղաքական կեանք, տնտեսութիւն, մշակոյթ, գիտական ոլորտներ՝ իրենց ստորաբաժանումներով հանդերձ:
Համաճարակին անցողիկ կեանքէն անդին՝ մնայուն այս աշխարհին, անոր կառավարման մէջ, պատկառելի տեղ ունին պետական իշխանութիւններն ու զանոնք պետական դիրքերու հասցնող՝ քուէարկող զանգուածը: Ասոնք կը կազմեն քաղաքական աշխարհին գլխաւոր «հումքը»: Ընտրելու արարքով, քաղաքացին կիրարկողն է հին ու նոր դարերու ամէնէն կարեւոր արժէքներէն մէկուն՝ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ, որուն էական իմաստը այն է, որ հասարակութիւնը՝ զանգուածը, իր ազատ կամքով, կ’ընտրէ ներկայացուցիչներ՝ երեսփոխան, նախագահ, շրջանային կառավարիչներ եւ այլն, որոնց կը վստահի երկրին ու ժողովուրդի կեանքին կառավարումը, իրաւունք ունի հետեւելու անոնց աշխատանքին, զայն նկատել գոհացուցիչ, այլապէս՝ ունի օրինական ձեւեր՝ արտայայտելու իր դժգոհութիւնը: Այդ ձեւերուն մաս կը կազմեն ցոյցերը, հանրաքուէ. ընտրողը ի հարկին նաեւ կրնայ դիմել ոչ-բաղձալի՝ բիրտ քայլերու, մինչեւ իսկ չբաւարարող իշխանութիւն մը տապալելու միջոցին: Պատմութիւնը արձանագրած է նաեւ իշխանաւորներու գլխատում, գնդակահարութիւն եւ այլ բիրտ դրսեւորումներ:
Քաղաքակիրթ աշխարհը այսօր ինքզինք սկզբունքով հասցուցած է հոն, ուր ժողովրդավարութիւնը ըստ ամենայնի կը կիրարկուի, պէ՛տք է կիրարկուի համաձայն երկրին ու ժողովուրդի զանգուածներու շահերուն, բոլորին ապահովելու համար հանգիստ, տանելի  ապրուստ եւ անոր նախադրեալները: Մարդիկ քիչ թէ շատ ունին այն զգացումն ու բաւարարութիւնը, թէ իրենց քուէն է վճռողը, թէ՝ կայ քուէարկողներու՝ հակադիր խմբաւորումներու միջեւ ազնիւ մրցակցութիւն, մեծամասնութիւնը կը շահի իշխելու իրաւունքը, իսկ փոքրամասնութիւնը պաշտպանուած կ’ըլլայ իշխողին կողմէ, անոր իրաւունքներն ու տեսակէտները պէտք չէ բռնաբարուին, պէտք չէ անտեսուին, մինչեւ իսկ պէտք չէ լուսանցքայնացուին, որովհետեւ, ի վերջոյ, որեւէ տեսակէտ կամ ծրագիր մշակող-պաշտպանող՝ միայն անհատի մը կամ չնչին փոքրամասնութեան մը շահերը պաշտպանելու չ’ելլեր, պէտք չէ ելլէ, այլ իր մեկնակէտն ու վախճանական նպատակակէտը պէտք է ըլլայ բոլորին շահերուն եւ ապրուստի ապահովութեան պաշտպանութիւնը, անկախ անկէ, թէ խմբաւորումներու տեսակէտներուն միջեւ մի՛շտ ալ կ’ըլլան տարբերութիւններ, որոնք սակայն չեն կրնար անտեսել, ոտնակոխ ընել ընդհանրականը (իսկ այսօրուան իրականութի՞ւնը…): Կը պատահի նաեւ, որ երկրի մը մէջ ստեղծուի ստիպողական այնպիսի վիճակ, այնպիսի ծանր տագնապ, որ ամէնէն անհաշտ հակառակորդներ անգամ տեղ մը կը համոզուին, թէ պէտք չէ կարմիր գիծեր կտրել, ուրեմն, նոյն սեղանին կը նստին եւ կը գոյացնեն համախոհութիւն, որ քաղաքական բառարանին մէջ արձանագրուած է «համակեցութիւն» եզրով:  Մասնակի՝ խմբակցային-կուսակցական եւ այլ նկատառումներ կը նսեմանան՝ ի շահ երկրին ու ժողովուրդին շահերուն (իսկ թէ գործնականին մէջ որքա՞ն կը յաջողին՝ այլ հարց):
ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Եթէ վերոյիշեալ հաստատումները լիովին, կամ առաւելագոյն չափով իրականանային, պիտի ապրէինք ներկայէն շատ աւելի՛ ապահով ու արդար աշխարհի մը մէջ, սակայն ժողովրդավարութիւն հասկացութեան բանաձեւումէն ու բիւրեղացումէն ասդին, սկսեալ Պղատոնի օրերէն, անցնելով կանուխ եւ ուշ միջնադարերէն, ու հասնելով քաղաքական մտածողութեան զարգացման նորագոյն շրջաններ՝ մինչեւ մեր օրերը, այս բոլորը մեծ մասամբ կը մնան տեսութիւններու ոլորտին մէջ, գիրքերու եւ դասախօսական ամպիոններու շրջագիծին մէջ (չենք անտեսեր դարերու ճիգի արդիւնք՝ որոշ զարգացում): Իսկական ժողովրդավարութիւնը կը խեղաթիւրուի, կը չարաշահուի, մինչեւ իսկ ընթացք կը տրուի այնպիսի գործողութիւններու, որոնք զանգուածին մէջ կը ստեղծեն այլանդակ ու իրականութեան հակառակը արտայայտող խաղերու մասնակիցի տպաւորութիւն, հարկադրանք: Մէկ խօսքով՝ պատրանք կամ խաբկանք: Մարդիկ կը մտածեն, որ սա է կարելին, աշխարհն ու մարդկային կեանքը երբեք պիտի չըլլան կատարեալ: Մինչեւ իսկ չեն անդրադառնար, որ կարելի լաւին սահմանները անհասանելի չեն, մինչեւ իսկ եթէ զանգուածը կը ձգտի իտէալական կատարելութեան: Եւ այս «խաղերը» կը բեմադրուին թէ՛ իրենք զիրենք լաւագոյն ժողովրդավարութիւնը սեպող երկիրներու եւ թէ, մինչեւ իսկ, ամէնէն բռնատիրական վարչակարգերու լուծին տակ:
Մեր նպատակը տեսաբանական նիւթերու, հարցերու մէջ մխրճուիլ չէ, այլ լուսարձակ բերել կարգ մը իրականութիւններու վրայ, որոնք յաճախ կը վրիպին մեր ուշադրութենէն, մէկ կողմէ՝ աշխարհը ցնցող իրադարձութեանց, միւս կողմէ՝ մարդոց ուշադրութիւնը ոչ-էական իրադարձութեանց վրայ սեւեռելու պետական մարդոց ու անոնց արձագանգող մամուլին դերակատարութեան պատճառով: Կրնանք թուել բազմաթիւ այլ պատճառներ ալ, սակայն բաւականանաք այս երկու գլխաւոր գիծերով:
Աւելորդ է կանգ առնել Թուրքիոյ նման երկիրներու մէջ ժողովրդավարութիւն խաղալու խաբկանքին վրայ, որովհետեւ հոն շատ բան չկայ ըսելիք: Նման երկիրներու մէջ, բռնատիրութիւնը աւելի քան 100 տարիէ ի վեր հագած է ժողովրդավարութեան բազմապիսի պատմուճաններ, դիմակներ, իսկ աշխարհն ալ հաշտ աչքով կուլ կու տայ այդ վիճակները, որովհետեւ ժողովրդավարութեան խեղաթիւրեալ ըմբռնումները հազար ու մէկ տեսակի հաշիւի ու շահու խաղալիք են, իսկ երբ բռնատիրական վարչաձեւի մը դէմ քննադատութիւններ կը լսուին, անոնք լիովին չեն մեկնիր լաւագոյն նպատակներէ, այլ ջուր կը ստանան մասնակի շահերէ…: Պարագան կը տարբերի, երբ աչքի առջեւ բերենք այսպէս կոչուած՝ Ազատ աշխարհի երկիրները, ուր ընտրական փոթորիկներէ բարձրացող փոշիները, արդարատենջ յեղափոխութիւններու ստեղծած աղմուկը կը ծառայեն դաժան իրականութեանց վարպետօրէն քողարկման, յանգելու համար նոյնինքն ժողովրդավարութենէն բարիք սպասող զանգուածներուն մոլորումին, զանոնք խաբկանքի մթնոլորտի մէջ պահելու մեքենայութիւններուն զոհը դառնալուն, մինչեւ իսկ անոնց շահագործման: Այս ու նման զարգացումներ համապատասխան արձագանգներ կը գտնեն նաեւ մեզ անմիջականօրէն շահագրգռող՝ Հայաստանի ու Լիբանանի պէս երկիրներու բեմերուն վրայ:
Եթէ պահ մը կեդրոնանանք ինքզինք Ժողովրդավարութեան դրօշակիրներէն հռչակող՝ Միացեալ Նահանգներուն վրայ, առանց շատ չտարածուելու՝ աչքի առջեւ բերել վերջին մէկ-երկու տասնամեակներու զարգացումները, կրնանք աւելի յստակ պատկերով պարզել մեր դիտարկումները: Իսկ բացայայտ է, որ այսօր, ամբողջ աշխարհի աչքերը սեւեռած են Միացեալ Նահանգներու վրայ, համակիր թէ հակադրուող՝ զայն կը նկատեն տիպար օրինակ, թէ՛ անոր վարքագիծին հետեւելու եւ թէ զայն չընդօրինակելու մօտեցումով: (Ուղղամտութիւնը կը թելադրէ յիշատակել նաեւ, որ խեղաթիւրումներ միշտ ալ եղած են. մեր սեւեռակէտը այսօրուան աշխարհն է, այժմու փուլը):
Յաջորդիւ՝ մանրամասնութեանց մէջ մտնելէ առաջ, արձանագրենք, որ Միացեալ Նահանգներ եւ եւրոպական զարգացած այլ երկիրներ օրինակելի շատ բան ունին Երրորդ Աշխարհի կամ թերաճ երկիրներուն համար, սակայն պէտք է զգուշանալ տարուելէ այն տեսութեամբ, թէ ինչ որ Ամերիկայէն կու գայ՝ պէտք է առանց հարց ու փորձ ընելու, առանց բանականութեան պրիսմակէն անցընելու որդեգրել: Զգոյշ եւ դատող ըլլալու համար, քաղաքական կեանքին կողքին, անշուշտ կան մշակութային եւ այլ ոլորտներ, սակայն անոնց քննարկումը այլ հարց է, առանց բոլորովին տարանջատուելու էականէն:
Սարգիս Մահսերէճեան