Թուրքիոյ Առեւտուրի Նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երկրէն ներս Ապրիլ ամսուան ընթացքին առեւտուրի բացը հասած է 13,4 առ հարիւրի, որ համարժէք է 3,4 միլիառ տոլարի:
«Ռոյթըրս», վկայակոչելով նախարարութիւնը,յայտնեց, որ վերջերս հրապարակուած վիճակագրութեան մէջ՝ «ներմուծումը նուազած է 32,2 տոկոսով՝ հասնելով 11,84 միլիառ տոլարի, իսկ արտածումը նուազած է 41,6 տոկոսով՝ հասնելով 8,44 միլիառ տոլարի»:
Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի վարչակարգը պատուհասող տնտեսական՝‘ քաղաքական տագնապները կը շարունակեն խորացնել ճգնաժամը: Այս տարի թրքական լիրան կորսնցուց իր արժէքին աւելի քան 3,5 տոկոսը, յատկապէս երբ վերջին երկու տարուան ընթացքին, վերջին քառասուն տոկոսի անկումէն ետք, Թուրքիոյ արտաքին պարտքը բարձրացաւ՝ նկատի ունենալով երկրի նախագահին տնտեսական անխոհեմ քաղաքականութիւնը: