«Գանձասար» առցանց հարցազրոյց մը ունեցաւ սուրիահայ վաստակաշատ ֆութպոլիստ, ՀՄԸՄ-ական Ճորճիկ Ռասթկելէն- եանի հետ։
Ստորեւ կը ներկայացնենք զայն.
Հ1.- Կարելի՞ է մեզի եւ հանրութեան ներկայացնել, ամփոփ գիծերու մէջ, ձեր անհատական կենսագրականը։
Պ1.- Բուն անունով՝ Գէորգ Ուանէս Ռասթկելէնեան՝ Ճորճիկ անունով։ Ծնած եմ Հասիչէ, Սուրիա 1943-ին։ Նախնական ուսումս ստացած՝ տեղւոյն ազգային վարժարանին մէջ, ապա յաճախած եմ Հալէպի Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարան, միջնակարգի բաժին։ Գիշերօթիկի բաժինը փակուելուն պատճառով, հարկադրուած ուսումս շարունակեցի ծննդավայրիս պետական երկրորդական «Նուր Ատտին» վարժարանէն ներս։
Պռովէի պետական քննութեան բացառիկ յաջողութիւն արձանագրեցի եւ Ճէզիրէ նահանգին առաջին դիրքը նուաճեցի։
1963-ի ամրան, ծնողքիս հետ Հալէպ հաստատուեցանք, եւ հոն հարկադրուած, ցաւ ի սիրտ, երկրորդականի ուսումս (պաքալորիա) աւարտեցի քաղքի պետական վարժարաններէն մէկէն։ (Այս մասին եթէ ուզէք կրնամ ձեզի յստակ պատասխան տալ)։ Բացառիկ յաջողութիւն ձեռք ձգելէ ետք, իրաւունք ստացայ Հալէպի համալսարանին մէջ հետեւելու երկրաչափական ճիւղին, սակայն դժբախտաբար երեք ամիս ետք դադրեցայ ուսանելէ, որովհետեւ անակնկալօրէն ծնողքիս տնտեսական վիճակը հսկայ անկում կրեց եւ ես ծնողքիս անդրանիկ զաւակը ըլլալով (3 եղբայր եւ 3 քոյր), ստիպուեցայ դիմել այլընտրանքի։ Նոյն ժամանակ, Լիբանանի ՀՄԸՄ-էն ստացայ բացառիկ հրաւէր, միանալու ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի խումբին։ Այսպէս 1966-ին Լիբանան հաստատուելէ ետք, հետեւեցայ համալսարանական ուսման, ընտրելով արաբերէն լեզուի եւ գրականութեան ճիւղը, եւ զայն աւարտեցի բացառիկ յաջողութեամբ։ Միեւնոյն ատեն ծառայեցի Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա երկրորդական վարժարանին մէջ, որպէս արաբերէն դասաւանդող ուսուցիչ, յետոյ կարգապահական ընդհանուր պատասխանատուի պարտականութիւնը ստանձնեցի 14 տարի շարունակ։ Ապա տնօրէնութեան պաշտօնին հրաւիրուեցայ եւ մինչեւ հանգստեանս տարիքը կատարեցի ինծի վստահուած պարտականութիւններս մինչեւ 2007-2008 տարեշրջանի աւարտը։
Կեանքի մնայուն ընկեր ընտրեցի Հալէպի Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջանաւարտներէն՝ Անժէլ Սիսեռեանը, Տիրոջ օրհնութեամբ բախտաւորուեցանք երեք զաւակներով՝ Սեւակ, Շանթ եւ Լարա։ Երեքն ալ ամուսնացած եւ իւրաքաչիւրը ունի երկու զաւակ, ընդամէնը՝ մէկ աղջիկ եւ հինգ մանչ։ Բոլորն ալ կը գտնուին Միացեալ Նահանգներ։
2009-ին կնոջս Անժէլին հետ փոխադրուեցանք Միացեալ Նահանգներ, միանալու մեր զաւակներուն եւ թոռներուն։ Այժմ կը գտնուինք Լոս Անճելըս։
Հ2.- Դուք եղած էք ՀՄԸՄ-ի ընտանիքի անդամ, մանաւանդ ֆութպոլիստ եւ վարչական պատասխանատու։ Ձեզի համար ի՞նչ կը նշանակէ ՀՄԸՄ-ը։
Պ2.- Ինծի համար որպէս ՀՄԸՄ-ական եւ վստահաբար շատերուն, ՀՄԸՄ-ը սոսկ մարզական եւ սկաուտական միութիւն մը չէ։ Ան է ու կը մնայ՝ մարդակերտումի, հայակերտումի եւ մանաւանդ հայրենակերտումի ապահով դարբնոց, եւ որպէս այդպիսին ան միշտ եղած է մեր ժողովուրդի յոյսի եւ լոյսի աղբիւրը, այլասերումի, քաղքենիացումի եւ օտարացումի քանդիչ ու վարակիչ հոսանքներուն եւ զօրաւոր ալիքներուն դէմ պայքարողը եւ յանձնառու, գիտակից հայու պատրաստութեան ապահով եւ իրաւ դպրոցը։
Այսպէս է եղած ՀՄԸՄ-ը տասնամեակներու ընթացքին, իր ծնունդէն ի վեր, եւ այսպէս պիտի շարունակէ մնալ, հաւատարիմ մարդկային ու ազգային բարոյական բոլոր սկզբունքներուն, իտէալներուն, եւ «Բարձրացիր, Բարձրացուր» նշանաբանին։
Հ3.- Կ’ուզենք իմանալ ընդհանրապէս ձեր մարզական կեանքին, եւ մասնաւորապէս ՀՄԸՄ-ի հետ կատարած եւ ձեռք բերած կարեւոր նուաճումներու մասին։
Պ3.- Մարզական՝ մանաւանդ բեղուն եւ արդիւնաւէտ կեանքս ապրեցայ երեք շրջաններու մէջ, Հասիչէ, Հալէպ եւ Լիբանան։
Հասիչէ.- Փոքր տարիքէս միացած եմ ՀՄԸՄ-ի հսկայ ընտանիքին ծննդավայրիս մէջ՝ Հասիչէ, նախ որպէս սկաուտ, ապա մարզիկ՝ ֆութպոլիստ։
ՀՄԸՄ-ի ակումբը պետական արտօնագիր չունենալուն պատճառով չկարողացաւ պաշտօնապէս շարունակել իր գործունէութիւնը եւ դատապարտուեցաւ փակուելու։ Հարկադրուած՝ ընդառաջելով տեղւոյն «ալ Խապուր» ակումբի վարչութեան առաջարկ-խնդրանքին, 14 տարեկանիս մաս կազմեցի Ա. դասակարգի ֆութպոլի ախոյեան խումբին, եւ մինչեւ 1963-ի ամրան սկիզբը, օգտակար եւ շահեկան մասնակցութիւն բերի այս ակումբին ձեռք բերած բոլոր յաջող իրագործումներուն։ Երեք տարի յաջորդաբար յաղթելէ ետք քաղաքիս բոլոր խումբերուն, դարձանք «ալ Ուահտէ»ի բաժակի ախոյեան, մեր կատարած մրցումները Ճէզիրէի նահանգի խումբերուն դէմ, փայլուն յաղթանակներով արդիւնաւորուեցան։
Կարեւորութեամբ կը նշեմ, որ 16 տարեկանէս մաս կազմած եմ քաղաքիս հաւաքական կազմին եւ խմբապետի պաշտօնը ինծի վստահուած է։
1961 թուականին մասնակցեցայ յաճախած վարժարանիս, Սուրիոյ պետական վարժարաններու ախոյեանութեան մրցաշարքին եւ արդարօրէն տիրացանք տիտղոսին եւ բաժակին։
Հալէպ.- Հասիչէի մէջ արձանագրած յաջող մրցումներէն ետք, 1963-ի ամրան սկզբնաւորութեան ծնողքիս հետ Հալէպ հաստատուեցայ եւ անմիջապէս միացայ իմ պաշտելի միութեանս՝ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի Ա. խումբին։
1965-ին, ՀՄԸՄ-ի աննման, հերոս եւ բարձր պատասխանատուութեան գիտակցութեան տէր եղբայրներուս հետ բազմաթիւ յաղթանակներ եւ մրցաշարքերու բաժակներ ապահովելէ ետք, արդարօրէն տիրացանք Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան ֆութպոլի «Մումթազ» դասակարգի ախոյեանութեան բաժակին 1965-ին։ Այս պատուաբեր նուաճումը ախոյեանութիւնը Սուրիոյ պատմութեան մէջ առաջինն էր, որ կ’իրագործուէր՝ ՀՄԸՄ-ի խումբին կողմէ։
Ախոյեանութեան տիրանալէ ետք, 1966-ին յաջողեցանք հասնիլ Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահի մրցաշարքի աւարտականին, մրցակից ունենալով Դամասկոսի ոստիկանական խառն խումբը, սակայն՝ դժբախտաբար չկարողացանք իրականացնել մեր ժողովուրդին փափաքը, երազը եւ (1-0) արդիւնքով կորսնցուցինք այս ոսկի առիթը։ Հակառակ բոլոր ֆութպոլի մասնագէտներու նախատեսութիւններուն, հակառակորդ խումբը յաջողեցաւ համով պատառը դուրս խլել առիւծին բերնէն, որովհետեւ գտնուեցան պատասխանատու եղբայրներ, որոնք անհատական շահերը վեր դասեցին ընդհանրականէն եւ պատճառ դարձան այս ահաւոր աղէտին։ Եթէ ամէն ինչ բնականոն ձեւով ընթացք առնէր պիտի յաջողէինք իրականացնել այն ինչ որ 1962-ին յաջողեցան իրագործել մեր հերոս եղբայրները՝ տիրանալով Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան նախագահի առաջին բաժակին։
Յաղթելով Դամասկոսի Ահլիին՝ (3-2) արդիւնքով, մեր ժողովուրդին նուիրեցինք այս բացառիկ պատմական նուաճումը, անսահման ուրախութիւն, յոյս եւ հպարտութիւն առթելով, մանաւանդ այդ տագնապալի օրերուն, երբ մեր գաղութը ի մասնաւորի կը դիմագրաւէր բացառիկ դժուար պայմաններ քաղաքական իմաստով։
(Շարունակելի)