Գարունը իր իրարայաջորդ երկու՝ Ապրիլ ու Մայիս ամիսներով հակասական ապրումներու ու մտորումներու տեղիք կու տայ։ Մեր ազգի ցաւն ու տառապանքը մարմնաւորող Ապրիլը, չսպիացող վէրք հանդիսանալով հանդերձ, չվերածուեցաւ ազգի ինքնակործանման ու ինքնաոչնչացման ազդակի, այլ վերածուեցաւ յառաջիկայ հայկական մայիսներու կերտման խորհրդանիշի։ Կարելի չէ անջատաբար դիտարկել 1918 թուականի Մայիսեան Արարատեան դաշտավայրի եկեղեցիներու թախծող ու արիւնաքամ, բայց միժամանակ վճռական ու պարտաւորեցնող ղօղանջը եւ1992 թուականի Մայիսին, Հայկական լեռնաշխարհի գոհարը հանդիսացող Շուշիի լեռներուն մէջ կազմակերպուած «հարսանիք լեռներում» գործողութեան կանչերը։
Գրեթէ մէկ դարեայ ընդհատումէն ետք, կրկին արիւնալի գինարբունք էր հայկական բարձրաւանդակին վրայ։ Փանթուրքիզմի արեւելեան թեւի այժմեան թիրախը այդ ժամանակուան «Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավառ Մարզի» մայրաքաղաք՝ Ստեփանակերտն էր, իսկ ելակէտը՝ Արցախ աշխարհի երբեմնի մայրաքաղաք, մինչեւ 20-րդ դարասկիզբ տարածաշրջանի մշակութային ու քաղաքակրթութեան կարեւորագոյն օճախ հանդիսացող Շուշի քաղաքն էր։ Շուշիի բարձրադիր դիրքը պատուհաս դարձած էր Ստեփանակերտի հայ ազգաբնակչութեան համար, որոնք առօրեայ դրութեամբ ենթակայ էին Շուշիէն արձակուած մահաբեր արկերու տարափին։ Պահը օրհասական էր եւ պէտք էր որոշում գոյացնել, կամ՝ Ստեփանակերտը դատարկել իր սեփական բնակչութենէն, խուսափելու համար մարդկային զոհերէն, եւ կամ անհրաժեշտ էր լռեցնել մահաբեր այդ օճախը։ Վճիռը չուշացաւ՝ «Ամէն գնով ազատագրել Շուշին»։
«Հարսանիք լեռներում» գործողութիւնը ռազմական առումով լուծեց իր առջեւ դրուած հարցը եւ անկարելի համարուող առաքելութիւնը իր լրումին հասաւ Քաշաթաղի շրջանի ազատագրումով եւ Մայր Հայաստան-Արցախ ողջագրկումով։
Մօտաւորապէս երեսուն տարիներ կը բաժնեն մեզ հերոսական մաքառման այդ օրերէն, երբ արդէն կը կերտէինք երկու հայկական պետութիւններ, իրենց բազում-բազմապիսի չլուծուած հարցերով ու մարտահրաւէրներով, որոնք կարիք ունին մեր սրտցաւ ու բարեխիղճ յանապազօրեայ զօրակցութեան։ Համախմբող ու նորարական գաղափարներն ու մօտեցումները կրնան ապահովել մեր երկրի կայուն զարգացումն ու բարգաւաճումը։
«Հրասանիք լեռներում» գործողութեան ճիգերը անհրաժեշտ է տեղափոխել պետականաշինութեան ոլորտ։ «Հարսանիք լեռներում» գործողութիւնը թերաւարտ կը համարուի այնքան ատեն, երբ լիարժէքօրէն չեն իրագործուած այդ գործողութեան հեռահար նպատակները՝ ունենալ միասնական, կայուն ու յարատեւ զարգացող պետութիւն, իր բոլոր պետական բաղադրիչներով, ուր ազգային արժեհամակարգը գերագոյն արժէք է եւ ուր քաղաքացին ամբողջովին եւ լիիրաւ կերպով պաշտպանուած է։
Տոքթ. Տիգրան Փիլաւճեան