Գիտութիւնը ու մասնագիտութիւնը ներկայ դարու հիմնական պահանջներն են, մանաւանդ երբ խօսքը ուղղուած է պետութիւններու եւ կառավարութիւններու աշխատանքներուն:
Քաղաքական վերջին իրադարձութիւնները անգամ մը եւս երեւան բերին գիտական մօտեցումի կարեւորութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը: Այս բոլորէն մեկնելով, պէտք է նաեւ զգացումներէ զուրկ տրամաբանութեամբ քննարկել եւ զրուցել քաղաքական տարբեր նիւթեր, որպէսզի  եզրակացութիւնները երեւակայութեան ու անհիմն լաւատեսութեան ազդեցութեան տակ չմնան: Ի վերջոյ գիտական մօտեցումին հիմնական պայմաններէն մէկն է չէզոքացնել զգացական ու բարոյական որեւէ ազդեցութիւն: Այստեղ կը յայտնուի քաղաքականութիւն եւ քաղաքագիտութիւն եզրերը զանազանելու կարեւորութիւնը:
Բնականաբար հոմանիշներու մասին չէ խօսքը, հակառակ որ յիշեալ երկու սահմանումները շատ կը նմանին իրարու եւ զանազան պարագաներու մէջ նոյնանման իմաստը կրնան ներկայացնել, սակայն անոնց տարբերութիւնը մեծ է:
Մեղադրելի չէ նաեւ զանազանելու կարողութիւն չունենալը, յատկապէս սովորական անհատին համար, որովհետեւ այսօրուան քաղաքական քննարկումները ընդհանրապէս, մասնաւորապէս հայկական շրջանակներէ ներս, առօրեայ այլ նիւթերու շարքին կը կատարուին նոյն եղանակով եւ նոյն պարզութեամբ: Աւանդութիւն դարձած այս քննարկումները, սակայն, յատկապէս տարեցներու կողմէ, պէտք չէ որեւէ  ձեւով նսեմացնեն այս վսեմ գիտութիւնը՝ քաղաքագիտութիւնը: Այս մտահոգութենէն մեկնած,  որպէս այս գիտութեան մէջ մասնագիտացող աշակերտ, պարտք կը զգամ հակիրճ ձեւով անդրադառնալու գիտականացուած քաղաքականութեան:
Քաղաքականութիւնը, որպէս երեւոյթ, գոյութիւն ունի հնագոյն քաղաքակրթութիւններու օրերէն: Այս մէկուն կը վկայեն ներկայիս մեր տրամադրութեան տակ գտնուող անցեալէն հասած աղբիւրները: Ուժը, ղեկը, իշխանութիւնը, պետականութիւնը եւ բոլոր նման հասկացութիւները կը պարզաբանէին քաղաքականութեան սահմանումն ու իմաստը: Ուժ ըսելով շեշտը պէտք է դնել զինուորական ուժի հասկացութեան վրայ, ղեկը՝ պետութեան առաջնորդի, իշխանութիւնը՝ վարչաձեւի ու անսահման իրաւասութեան, իսկ պետականութիւնը՝ երկիրի ձեւաւորման եւ կարգաւորման:
Այլ երեւոյթներու շարքին, քաղաքականութիւնը իր պարզութիւններով ու բարդութիւններով դարձած էր փիլիսոփաներու ու գիտնականներու լուրջ ուսումնասիրութեան առարկան: Զանազան այլ գիտնականներու շարքին, յատկանշական է յիշել յոյն փիլիսոփաները՝ Պղատոնը, Արիստոտելը եւ Թուկիտիտեսը, որոնք իրենց իւրայատուկ ներդրումը մատուցած են քաղաքականութեան ծանօթացման գործընթացին: Հակառակ այս փիլիսոփաներու ուսումնասիրութիւններուն, սակայն, քաղաքականութիւնը չէր բնորոշուած եւ չէր յստակացած որպէս անկախ գիտութիւն մինչեւ 19-րդ դարու վերջաւորութիւն, երբ առաւելաբար եւրոպացի գիտնականներ բնորոշեցին զայն:
Այսօր քաղաքագիտութիւնը բաւական զարգացած եւ տեղեկութիւններով ու տեսութիւններով համալրուած գիտական ասպարէզ մըն է: Ան մաս կը կազմէ ընկերային գիտութիւններու մեծ ընտանիքին: Ինչպէս այլ գիտութիւններ, քաղաքականութիւնը եւս մասնագիտացման ենթաբաժիններ ունի (միջազգային յարաբերութիւններ, քաղաքական միտք, քաղաքական համակարգեր…): Պէտք է յիշել նաեւ, որ այս գիտութեան հանդէպ ամբողջական տեսլական ունենալը կարելի չէ առանց անդրադառնալու անոր հետ շաղկապուած այլ գիտական բաժանմունքներու՝ պատմութեան, տնտեսութեան եւ իրաւաբանութեան:
Այս բոլորը գիտակցելէ ետք, յստակ կը դառնայ, թէ մեր առօրեայ քաղաքական քննարկումները ինչքա՛ն պարզութեամբ եւ մակերեսայնութեամբ կը կատարուին, եւ այս ընթացքը որքա՛ն կը նսեմացնէ քաղաքական ասպարէզի գիտական հիմնարկը եւ անոր մշակները: Ցաւօք սակայն յիշուածները երկրորդական կը թուին, երբ սովորական քննարկումները կը հանդիսանան հանրային կարծիքի ձեւաւորման հիմնական ազդակները: Տակաւին աւելի վտանգաւոր կը դառնայ այն, որ այս քննարկումները իրենց ազդեցութիւնը կը ձգեն կազմակերպութիւններու առհասարակ վերնախաւերուն վրայ: Նման պարագաներու դաշնակիցը անկեղծ ընկեր կը դառնայ, իսկ թշնամին՝ դաժան ոսոխ: Այս մտայնութեան ազդեցութեան տակ առնուած որոշումները տարբեր ձախողութիւններու կ’առաջնորդեն:
Քաղաքագիտութեան պարտականութիւնը երբեք չէ եղած բարոյական արժէքներով ու շնորհքներով զարդարել քաղաքական դէպքերն ու դէմքերը: Ի վերջոյ, սակայն, ինչպէս ընդհանրացած իմաստութիւն կը համարուի քաղաքագիտական շրջանակներու մէջ, շահն ու վնասը առաւելաբար բարիի ու չարի չափանիշներն են:
Հայկ Պաթալեան