Եթէ ըսենք, թէ դպրոցը ուսանողի կեանքին մէջ այդքան ալ կարեւոր դեր չունի, սխալած կ’ըլլանք բնականաբար։ Դպրոցը բոլոր ժամանակներուն, նաեւ՝ այսօր եւ վաղը, առանցքային դերակատարութիւն ունի մանուկին, պատանիին կրթութեան կազմակերպման, ուսուցման գործընթացին մէջ։
Պարզ է, որ դպրոցը միակ կառոյցը չէ, ուր կը կազմակերպուի երեխային կրթութիւնը. այսօր հմտութիւններու փոխանցման այլազան հաստատութիւններ, ենթակառոյցներ եւ ծրագիրներ կան, որոնք նոր լուծումներ ու նորարարութիւն կ’առաջադրեն։
Կրթական գործընթաց կազմակերպող մարդուն հայեացքը չի կրնար անցեալին ուղղուած ըլլալ. այդ պարագային կրթական գործընթացին ձախողութեան վտանգը անխուսափելի կը դառնայ։
Ժամանակակի՛ց ուսուցիչը կը կազմակերպէ ժամանակակից կրթական գործընթաց, ժամանակակից բոլոր առումներով՝ մտածելակերպի, աշխարհահայեացքի եւ ապրելակերպի։
Կրթութիւնը պէտք է օգնէ ժամանակակից մարդուն ապրելու, կողմնորոշուելու այս մեծ ու յարատեւ զարգացող աշխարհին մէջ, չկորսուելու զարգացումներու արագընթաց հոսքին մէջ, ունենալու ներկայութիւն եւ ըսելիք։ Մարդը պէտք է հասկնայ՝ ինչու կը սորվի, ինչու համար եւ ուր կրնայ օգտագործել իր սորվածը։ Կրթական կառոյցը չի կրնար դռները փակել, չի կրնար երկխօսութիւնը դադրեցնել ուսանողին հետ։ Կրթութիւնը՝ մարդուն անհատականութիւնը կը կերտէ, զինք կը դարձնէ ուսանող մը, որ պատասխանատու է հասարակութեան մէջ իր դերին, խօսքին համար,  կ’ընդգծէ հասարակութեան հետ ու հասարակութեան մէջ  ապրելու կարեւորութիւնը, մասնակից է հասարակական գործընթացներուն եւ կը գիտակցի քաղաքացի ըլլալու իրաւունք ու պարտականութիւններուն։
Կրթութիւնը այսօր նախկինէն տարբեր չափանիշներ ունի։ Հիմա ամէն տեղեկութիւն կարելի է կարճ ժամկէտի մէջ գտնել, օգտագործել, հետեւաբար չ’արժեր յիշողութեամբ ամէն ինչ պահել եւ ինչ որ կարելի ալ չէ արդէն։
Այսօր շատ կը խօսուի առցանց կրթութեան մասին։ Իսկ ի՞նչ է առցանց կրթութիւնը կամ մետիա-կրթութիւնը։ Մետիա կը նշանակէ զանգուածային հաղորդակցութեան միջոցներ։ Մետիա-կրթութեան հիմնական նպատակը նոր սերունդը տեղեկատուական նոր պայմաններու մէջ ապրելու պատրաստելն է։ Մետիա-կրթութիւնը կը սորվեցնէ անհատներուն տեղեկութիւնը մեկնաբանել եւ տեղեկութիւն ստեղծել, հաղորդակցութեան համար ընտրել ամենայարմար ու ամենամատչելի միջոցը՝ օգտագործելով նաեւ ժամանակակից ճարտարագիտութիւնը։
Ճարտարագիտութեան կիրառումը կրթութեան մէջ նորութիւն չէ։ Այսօր մանուկին ձեռքէն անպակաս է ժամանակակից ձեռնահեռաձայնը,  ձայնագրիչը եւ համակարգիչը, որոնց միջոցով ան կրնայ իրագործել ծրագիրներ եւ համացանցով տարածել իր իսկ մշակած նիւթը։ Ճարտարագիտութիւնը կարելիութիւն կ’ընծայէ մեր ըսելիքը ոչ-բառային միջոցներով արտայայտելու։
Երկու ամիսէ ի վեր մեր աշակերտները կրթական գործընթացէն հեռու մնացած են։ Պսակաձեւ ժահրը ամենալաւ առիթն էր օգտագործելու արդի ճարտարագիտութիւնը եւ մետիան կիրառելու մեր կրթական գործընթացին մէջ, սակայն երկու ամիս է դպրոցները ոչ մէկ աշխատանք կը տանին այդ ուղղութեամբ։ Ուսանողին համար ալ հետաքրքրական պիտի դառնար դասը, պիտի փորձէր իր կարելին ընել սորվելու եւ ժամանակին հետ քայլ պահելու, պիտի տիրապետէր արդի ճարտարագիտութեան, պիտի հարստացնէր օտար լեզուներու իր բառապաշարը, պիտի բաժնեկցէր իր փորձը, պիտի փոխանցէր իր ձեռք բերած նոր գիտելիքները իր ուսուցիչին, որ իր կարգին պիտի սորվէր նորը ու այդ նորը պիտի փոխանցէր նոր սերունդին։ Ուսուցիչին ու աշակերտին համար առիթ մըն էր փոխանակելու նոր փորձ, նոր հմտութիւն։
Պսակաձեւ ժահրին համաճարակը պարզեց, որ գիտելիքը ոչ միայն գիրքի, տետրակի ու գրատախտակի միջոցով կը փոխանցուի, այլ արդի ճարտարագիտութեան ճամբով: Այս զարգացումներուն լոյսին տակ, անհրաժեշտ է վերատեսութեան ենթարկել մեր կրթական ողջ գործընթացն ու համակարգը։
Պէթի Քիլէրճեան