«Հայեացք Երեւանից. Երկրագունդ» հաղորդումին ընթացքին ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան ըսած է. «Շուշիի ազատագրումը Արցախի եւ Հայաստանի ֆիզիքական միաւորման տանող ճանապարհի բանալին էր: Շուշին Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսայի շարունակութիւնն էր, եւ պահ մը պատկերացնենք, որ եթէ Շուշիի ազատագրումը տեղի չունենար, մենք այսօր այստեղ այս վիճակին մէջ չէինք ըլլար: Դրական իմաստով՝ այս վիճակին մէջ ըսել կ՛ուզեմ: Առանց Շուշիի ազատագրման Ստեփանակերտի ժողովուրդը արդէն ծունկի գալու ընթացքի մէջ էր»:
Ըստ Մանոյեանի, հայ ժողովուրդի հոգեվիճակի մէջ փոփոխութիւնը տեղի ունեցած էր արդէն նախքան յաղթանակը, նման քայլի ուղղուելու վճռական որոշում կայացնելու պահուն:
«Այդ յաղթանակը մեզ մօտ յառաջացուց ինքնագիտակցութիւն մը, որ մենք ոչ միայն զոհ եղած ենք, այլ նաեւ փայլուն յաղթանակներ կրնանք արձանագրել: Կարելի է ըսել, որ Շուշին այդ բոլորին բանալին էր», ըսած է ան:
Կիրօ Մանոյեան յայտնած է, որ այսօր այս յաղթանակը ըստ արժանւոյն չի գնահատուիր: «Կը կարծեմ, որ անոնք, որոնք չեն ծառայած հայկական բանակին եւ այսօր քաղաքական պաշտօններ կը զբաղեցնեն, հաւանաբար, ճիշդ չեն գնահատեր այն, ինչ տեղի ունեցաւ եւ այն, ինչ կրնայ տեղի ունենալ», աւելցուցած է ան:
Անդրադառնալով Արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին, ան խօսած է Հայաստանի իշխանութիւններուն յայտարարած դիրքորոշման մասին: Ըստ Մանոյեանի, գլխաւոր կէտը, որ կը բացակայի այս իշխանութիւններու արցախեան քաղաքականութեան մէջ, Արցախի անկախութեան ճանաչումն է եւ պայքարը միջազգային ճանաչման համար: Առաջին քայլը այս ուղղութեամբ, ըստ անոր, կրնայ ըլլալ Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ ռազմաքաղաքական դաշինքի կնքումը, որ Տը-իւրէ կ’ամրագրէ Տը-ֆաքտօ առկայ իրավիճակը:

Մանոյեան ընդգծած է, որ յաղթանակի գնահատման եւ երիտասարդներուն մօտ արժէքներու ձեւաւորման տեսանկիւնէն կարեւոր են նաեւ 9 Մայիսի տօնակատարութիւնները, իսկ պսակաձեւ ժահրի համավարակի պայմաններուն տակ Եռաբլուր այցելութիւններու բացարձակ արգիլումը սխալ որոշում է: «9 Մայիսի ձեռնարկները պատկերասփիւռով սփռելը չի կրնար փոխարինել զոհուածներուն շիրիմները այցելելն ու յարգանքի տուրք մատուցելը, որդի կորսնցուցած ծնողներուն եւ հարազատներուն տեսնելը: Այս բոլորը, այդ մթնոլորտը ստեղծելու հարց է, որ չկայ այս իշխանութեան մօտ», յայտնած է Մանոյեան:

Մանրամասնութիւնները՝ տեսանիւթով: