«Էրմէնիհապեր».-Իսթանպուլի հանրապետական գլխաւոր դատախազութիւնը սկսած է հետաքննել Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած թուրք յայտնի հրատարակիչ, լրագրող եւ մարդու իրաւունքներու գործիչ, մտաւորական Ռաքըպ Զարաքօղլուն:
Հետաքննութեան հիմք ծառայած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի եւ նախագահական նստավայրի հաղորդակցութեան վարչութեան պետ Ֆահրետին Ալթունի ներկայացուցած յանցագործութեան մասին հաղորդումը:
Ներկայացուած է մեղադրանք սահմանադրական կարգը տապալելու եւ պետական յեղաշրջման կոչով հանդէս գալու իր յօդուածին համար:
Զարաքօղլուն վերջերս յօդուած հրպարակած էր, ուր յայտնած էր, որ Էրտողանը եւ իր խումբը չեն կրնար խուսափիլ քրէական պատասխանատուութենէն: