Եռաբլուր պանթէոնէն ներս ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարեց, որ Շուշիի ազատագրումը հայ զինուորի սխրանքի, կամքի, ոգիի դրսեւորումն էր: Շուշիի ազատագրումով փոխուեցաւ արցախեան ազատամարտի ամբողջ ընթացքը, եւ անով սկիզբ առին մեր հետագայ յաղթանակները, մայիսեան յաղթանակներու եւ, յատկապէս, Շուշիի ազատագրումին առիթով շնորհաւորելով հայ ժողովուրդը:

Մայիսեան յաղթանակներուն, ի մասնաւորի` Շուշիի ազատագրման եւ Արցախի պաշտպանութեան բանակի կազմաւորման ամեակներուն առիթով Եռաբլուր պանթէոն այցելած էին ՀՅԴ Բիւրոյի, Հայաստանի Գերագոյն մարմնի, ՀՅԴ ՀԳՄ-ի ազատամարտիկներու յանձնախումբի, ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպութեան շարք մը անդամներ, որոնք ծաղկեպսակ ու ծաղիկներ զետեղեցին Արցախեան գոյապայքարին նահատակուած հերոսներու գերեզմաններուն` յարգանքի տուրք մատուցելով նահատակներու յիշատակին:
«Մենք այսօր Եռաբլուրի մէջ ենք եւ հաշուետու ենք իւրաքանչիւր նահատակուած հերոսի առջեւ: Հաշուետու ենք մեր պահուածքով, մեր գործերով, մեր առօրեայով, որովհետեւ անոնք իրենց կեանքը նուիրաբերեցին մեր հայրենիքին, հայ ժողովուրդի անվտանգութեան ապահովման, Հայաստանի այսօրուան եւ ապագային համար: Մենք պէտք է վառ պահենք իրենց յիշատակը եւ շարունակենք իրենց կիսատ թողած գործը», նշեց Ի. Սաղաթէլեան:
Մեր սերունդը պէտք է դասեր քաղէ Արցախեան ազատամարտէն, պէտք է դաստիարակուի մեր հերոսներու ոգիով եւ շարունակէ անոնց գործը` Ի. Սաղաթէլեանի կարծիքն է, յայտնեց նաեւ` պէտք է յստակօրէն ձեւակերպել` մենք Արցախի մէջ սակարկութիւններու հարց չունինք, զիջումները բացառուած են, եւ պէտք է զարգանանք` չզիջելով:
ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչը անդրադարձաւ նաեւ Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին Գործոց նախարար Ս. Լաւրովի վերջին յայտարարութեան` հայկական կողմի արձագանգը անբաւարար համարելով. «Մենք շատ յստակօրէն յայտարարած ենք, որ պաշտօնական Երեւանի այն հաւաստիացումները, որ սեղանի վրայ փուլային կարգաւորման տարբերակ չկայ, մեզի վստահութիւն չեն ներշնչեր: ՀՀ վարչապետը բառախաղերու միջոցով այդ հարցին յստակ պատասխանը չտուաւ, եւ մենք կը պահանջենք իրմէ` յայտարարել, որ ՀՀ-ն երբեք չի քննարկեր հակամարտութեան կարգաւորման փուլային տարբերակը: Այդ իմաստով յստակ չէր վարչապետի` 7 Մայիսին Ազգայի Ժողովէն ներս ունեցած ելոյթը: ՀՀ վարչապետը պէտք է շատ յստակ, ուղիղ եւ առանց բառախաղերու յայտարարի, որ մենք փուլային տարբերակ չենք քննարկեր եւ չենք քննարկելու»:
Ի. Սաղաթէլեան նաեւ դիտել տուաւ, որ իրենք մանրամասնութիւններուն չեն տիրապետեր, որպէսզի յստակ արժեւորում կատարեն բանակցային գործընթացին մասին, բայց կը գիտակցին, որ Արցախի շուրջ տեղի ունեցող գործընթացները կը պահանջեն ուժերու կրկնակի լարում, աւելի պատասխանատու եւ հետեւողական աշխատանք:
ՀԳՄ ներկայացուցիչը անդրադարձաւ նաեւ Ազգային ժողովէն ներս Երկրապահ Կամաւորնրու Միութեան նախագահ Սասուն Միքայէլեանի հրահրումով տեղի ունեցած ծեծկռտուքին` զայն որակելով որպէս անթոյլատրելի եւ դատապարտելի երեւոյթ:
Շուշիի ազատագրումով փոխուեցաւ արցախեան ազատամարտի ամբողջ ընթացքը. ՀՅԴ ներկայացուցիչները Եռաբլուրէն ներս յարգանքի տուրք մատուցեցին: