Պուէնոս Այրէս.- Շուշիի ազատագրութեան տօնախմբութիւնը Հարաւային Ամերիկայի երեք հայաշատ երկիրներուն մէջ՝ Արժանթին, Ուրուկուէյ եւ Պրազիլ, տեղի ունեցաւ միայն առցանց: Նախորդ տարիներուն այդ օրուան նախաձեռնութիւնները քաղաքական հաւաք թէ ընկերային-ժողովրդային խրախճանք կարելի չեղաւ իրականացնել՝ համաճարակին տարածման կանխարգիլման գծով հաստատուած շրջաքայութեան արգելքին պատճառով: Շրջանի ՀՅԴ կոմիտէները ամբողջ օրուան ընթացքին ընկերային ցանցերու միջոցաւ տարածեցին օրուան խորհուրդին անդրադարձող պատգամներ եւ Արցախի ազատամարտին նուիրուած գեղարուեստական յայտագիրներ:

ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն հրապարակեց սպաներէնով յայտարարութիւն մը, ուր մասնաւորաբար համոզում կը յայտնէր, որ Արցախի հարցի լուծման տարբերակէն կախում ունի հայ ազգի ապագան եւ ողջոյնի խօսք կը յղէ սահմապահ զինուորներուն: Կեդրոնական Կոմիտէէն անդամ մը այցելեց Պուէնոս Այրէսի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի շրջափակին մէջ գտնուող Արցախի ազատամարտի նահատակներու յուշակոթողը եւ կուսակցութեան ու գաղափարակից միութիւններու անունով յարգանքի տուրք մատուցեց անոնց յիշատակին:

Մէկ օր առաջ, ՀՅ Դաշնակցութիւնն ու գաղափարակից միութիւնները միացած էին արժանթինահայ համայնքի հաստատութիւններու համախմբումի (IARA) միացեալ յայտարարութեան՝ 9 Մայիսի  Յաղթանակի եւ Խաղաղութեան Տօնին առիթով, ողջունելով Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմին դաշնակիցներուն յաղթանակի, Շուշիի ազատագրման եւ Արցախի Բանակի ստեղծման տարեդարձները: