«Արցախփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան 12 Մայիսին ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերու գլխաւոր շտապի պետ Արտակ Դաւթեանը:

Հանդիպումին, որուն մասնակցած է նաեւ ԱՀ պաշտպանութեան բանակի հրամանատարի առաջին տեղակալ-շտապի պետ Կամօ Վարդանեան, քննարկուած են բանակաշինութեան եւ այդ ոլորտէն ներս հայկական երկու հանրապետութիւններու համագործակցութեան վերաբերող  շարք մը հարցեր: