«Արմէնփրէս».-Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը մեկնաբանութիւն  տարածած է Կրակի եւ ռազմական գործողութիւններու լիակատար դադրեցնելու համաձայնագիրին ի գործ դրուելուն 26-ամեակին առիթով` յայտնելով, թէ համաձայնագիրը ցոյց կու տայ, որ հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին յաջողութիւնը կախեալ է երկու  առանցքային պայմաններէն` հակամարտութիւնը ուժի միջոցով լուծելու կարեւորութեան մասին պատրանքի բացառում եւ լիարժէք եռակողմ բանակցութիւններու կազմակերպում, ուր հակամարտութեան իւրաքանչիւր կողմ բանակցութիւններ կը  վարէ իր անունով եւ իր իրաւասութեան ներքոյ գտնուող հարցերուն շուրջ:

Գերատեսչութեան մեկնաբանութեան մէջ նշուած է. «12 Մայիս 1994-ին ի գործ դրուած է Կրակի եւ ռազմական գործողութիւններու լիակատար դադրեցման մասին եռակողմ համաձայնագիրը, որ ստորագրուած է Արցախի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի կողմէն` Ռուսիոյ միջնորդութեամբ:

Հրադադարի մասին համաձայնագիրը ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին միակ շօշափելի ձեռքբերումն է, որը հակամարտութեան հիմնական կողմերէն մէկուն` Արցախի Հանրապետութեան ուղղակի եւ լիիրաւ մասնակցութեամբ լիարժէք եռակողմ բանակցութիւններու  արդիւնքն էր:

Անժամկէտ հրադադարին հասնելու ուղին դիւրին չէր: Պատերազմին վերջ դնելու նախորդ փորձերը ձախողած էին Ատրպէյճանի դիրքորոշման պատճառով, որ, վստահ ըլլալով իր ռազմաթեքնիքական գերազանցութեան մէջ, յոյս ունէր հակամարտութիւնը լուծել ուժային եղանակով: Դիւանագիտական յաջողութիւնը կարելի դարձաւ միայն, երբ Արցախի պաշտպանութեան բանակը ետ մղեց Ատրպէյճանի զինուած խումբը եւ ապահովեց հանրապետութեան անվտանգ սահմանները` լրջօրէն խաթարելով հակամարտութիւնը ռազմական ուժի միջոցով լուծելուն ուղղուած Պաքուի ներուժը:

Անժամկէտ հրադադարի հաստատման մասին համաձայնագիրին հասնելու ճանապարհին մէկ այլ խոչընդոտ էր Արցախի Հանրապետութեան հետ ուղղակի բանակցութիւններ վարելու Ատրպէյճանի դժկամութիւնը: Սակայն իր ռազմական ներուժի զգալի թուլացումէն ետք  Ատրպէյճանի իշխանութիւնները ոչ միայն դադրած են խոչընդոտել բանակցային գործընթացին մէջ պաշտօնական Ստեփանակերտի լիարժէք ներգրաւուածութիւնը, այլեւ  իրենք  բազմիցս անմիջական շփումներ նախաձեռնած են Արցախի իշխանութիւններուն հետ, ամենաբարձր մակարդակով: Ուղղակի բանակցութիւններ վարելու համար հիմնական խոչընդոտի վերացումը թոյլ տուած է կեդրոնանալ էական հարցերուն վրայ, որ հիմքն է հետագայ դիւանագիտական յաջողութեան` կրակի եւ ռազմական գործողութիւններու դադրեցման անժամկէտ վարչակարգի հաստատման:

Դժուար է գերագնահատել 12 Մայիս 1994-ին համաձայնագիրի կարեւորութիւնը, որ կարելիութիւն տուած է ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութիւնը տեղափոխել քաղաքական-դիւանագիտական հուն եւ պայմաններ ստեղծել, որպէսզի կողմերը միջազգային միջնորդներու աջակցութեամբ կարենան իրենց ջանքերը անմիջականօրէն կեդրոնացնել բանակցութիւններու միջոցով հակամարտութեան վերջնական կարգաւորման ուղիներ փնտռելու վրայ:

Ցաւօք, յառաջիկայ  տարիներուն չյաջողեցաւ զարգացնել այս նուաճումը, որ պայմանաւորուած էր, Ատրպէյճանի առճակատման վերադարձով, սպառնալիքներու եւ  արցախի ուղղակի մասնակցութեամբ բանակցութիւններէն հրաժարուելով իր նախկին քաղաքականութենէն:

12 Մայիս 1994-ի համաձայնագիրը ցոյց կու տայ, որ հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի յաջողութիւնը կախեալ է երկու  առանցքային պայմաններէն` հակամարտութիւնը ուժի միջոցով լուծելու կարելիութեան մասին որեւէ պատրանքի բացառում եւ լիարժէք եռակողմ բանակցութիւններու կազմակերպում, ուր հակամարտութեան իւրաքանչիւր կողմ բանակցութիւններ  կը վարէ իր անունով եւ իր իրաւասութեան ներքոյ գտնուող հարցերուն շուրջ:
Արցախի Հանրապետութիւնը կը վերահաստատէ իր հաւատարմութիւնը հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ կարգաւորման եւ հետեւողականօրէն ջանքեր կը գործադրէ հրադադարի վարչակարգին լիարժէք պահպանման համար` պատրաստ ըլլալով կանխել Ատրպէյճանի կողմէն հերթական արարքի սանձազերծման որեւէ փորձ»: