«Գանձասար» առցանց հարցազրոյց մը ունեցած էր սուրիահայ վաստակաշատ Ֆութպոլիստ, ՀՄԸՄ-ական Ճորճիկ Ռասթկելէնեանի հետ։ Առաջին մասը ներկայացուցած էինք թերթիս Մայիս Ա. համարով, ստորեւ՝ շարունակութիւնը.

Ճորճիկ Ռասթկելէնեան.- Կարեւորութեամբ կ’ուզեմ անդրադառնալ եւ յիշել այն կարեւոր իրագործումները, զորս կրցանք ձեռք բերել, շնորհիւ աննման եղբայրներուն եւ ՀՄԸՄ-ի պատմութեան էջերուն վրայ նաեւ այդ բոլոր յաղթանակները արձանագրել տալ ոսկի տառերով։

1.- Լիբանանի մէջ տեղի ունեցաւ քառանդամ մրցաշարք մը 1963-ի ամրան, չորս ակումբներու միջեւ՝ Հալէպէն.- ՀՄԸՄ եւ Ահլի, Լիբանանէն.- ՀՄԸՄ եւ Ռասինկ։ Մրցաշարքը վերջ գտաւ Հալէպի ՀՄԸՄ-ի յաղթանակով, եւ ախոյեանութեան այս բաժակը եւս զետե- ղուեցաւ ՀՄԸՄ-ի ակումբին բազմաթիւ յաղթանակներու բաժակներու կողքին։

2.- Կիպրոսի ախոյեան «Աբոէլ» խումբի դէմ, 26.12.65-ին, (10-2) անհաւատալի արդիւնքով։

3.- Տանիմարքէն Սուրիա ժամանած խումբը բարեկամական միայն երկու մրցում կատարեց, առաջինը՝ Հալէպի մէջ, ՀՄԸՄ-ի ախոյեան կազմը յաջողեցաւ (2-1) արդիւնքով պատուաբեր յաղթանակ մը արձանագրել։ ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին եղբայրներ հանգուցեալ՝ Սերոբ Մերտխանեան եւ Մորիս Ֆաքըս։

4.- Հայաստանի ախոյեան՝ Արարատ Երեւանի խումբին դէմ (1-2) ի նպաստ հայրենի խումբին։

5.- ՀՄԸՄ- Ղազի, Տէր Զօր, (2-0)։ Կոլերը նշանակեց՝ Գէորգ Աւընեան։

6.- Գամիշլի հաւաքականին դէմ, (5-0) բացառիկ արդիւնքով կարեւոր նուաճում մը արձանագրուեցաւ։

7.- Յորդանանի ախոյեան խումբին դէմ (4-1) արդիւնքով։

8.- Յորդանանի փոխախոյեան «Ալ Ճազիրէ» խումբին դէմ (4-1) արդիւնքով։

9.- Բամպակի բաժակի աւանդական աւարտական մրցումին Հալէպի Ահլիին դէմ (3-2) արդիւնքով։

10.- 1963-ի 8 Մարտի Յեղափոխութեան մրցաշարքի բաժակին, յաղթելով աւարտական մրցումին, Հալէպի Ահլիին (3-0) արդիւնքով։

11.- 1964-ին Վասպուրականին դէմ (իմ առաջին մասնակցութեամբս զօրաւոր մեր կազմին հետ) (5-0) արդիւնքով, որուն ընթացքին առաջին եւ վերջին կոլերը նշանակելու պատիւին արժանացայ։

Ստորեւ կը ներկայացնեմ ՀՄԸՄ-ի կազմին եւ մարզիկներուն անունները, որոնք բարձր գիտակցութեամբ, բացարձակ գործակցութեամբ եւ զոհաբերութեան վեհ ու ազնիւ ոգիով, յաջողեցան իրենց վրայ դրուած յոյսերն ու սպասումները արդարացնել եւ իրականացնել երազը մեր ժողովուրդին եւ մանաւանդ ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին, հրամ- ցնելով հաճելի, ուրախ պահեր, եւ պատմական փառաւոր յաղթա- նակներ։

Փառք ու պատիւ ՀՄԸՄ-ին։

Մարզիչներ՝ եղբ. Աբրահամ Աւընեան եւ եղբ. Վարուժան Երէցեան։

Մարզիկներ՝ եղբայրներ՝ խմբապետ՝ Անդրանիկ Սիւլիւքճեան, Վազգէն Ճապաղջուրեան, Սուրէն Երէցեան, Մորիս Ֆաքըս, Վահէ Պետրոսեան, Սարգիս Քէօշկէրեան (Նիկրօ), Գէորգ Աւընեան, Անդրանիկ Պահարեան, Անդրանիկ Մալեան, Սարիմ Ֆաքըս, Գօգօ Սեւտալեան, Գօգօ Քիլէճեան, Եփրեմ Մելքոնեան, Ճորճիկ Ռաստկելէնեան, Հրայր Մերտխանեան, Սերոբ Մերտխանեան, Յարութ (Ասքար) պահեստի բերդապահ։

ՄԱՐԱԹՈՆԵԱՆ ԱՐՇԱՒ ԴԷՊԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ ՏԻՏՂՈՍ

ՀՄԸՄ-ը դժուար, սպառիչ, մարաթոնեան արշաւ մը սկսաւ՝ հասնելու Սուրիոյ առաջին ախոյեանութեան տիտղոսին 1965-ին։

ՀՄԸՄ-ը 1963-ի ամրան բամպակի բաժակի աւարտական մրցումին (3-2) արդիւնքով յաղթելէ ետք տեղւոյն «Ահլի» խումբին, տիրացաւ ախոյեանութեան բաժակին, ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին եղբայրներ՝ Գօգօ Սեւտալեան երկու կոլ եւ Գօգօ Քիլէճեան 1 կոլ։

Այս մրցումին, իրաւարարներու աններելի եւ բացայայտ կողմնակալութեան եւ անարդար սուլիչներու որպէս հետեւանք խաղի աւարտէն 10 վայրկեան առաջ, ՀՄԸՄ-ի համակիրները, որոնք ամբողջ մրցումի ընթացքին կարողացան իրենց ջիղերուն տէրը ըլլալ, իրաւարարներու անարդարութեան հետեւանքով պոռթկացին եւ խլրտումներ ստեղծեցին։ Մրցումը կանգ առաւ որոշ ժամանակ մը, ապա շարունակուեցաւ եւ ՀՄԸՄ յաջողեցաւ մրցումի վերջին 10 վայրկեաններու (2-1) պարտուած արդիւնքը փոխել եւ (3-2) արդիւնքով փառաւոր յաղթանակ մը արձանագրել՝ արդարօրէն տիրանալով բաժակին։

Յաջորդ օր, Հալէպի ֆութպոլի ֆետերասիոնը բացառիկ նիստի մը ընթացքին, առաւ ծանրակշիռ ու անարդար հետեւեալ որոշումները։

ՀՄԸՄ քայլ առ քայլ մաքառելով եւ նուաճումներ արձանագրելով յաջողեցաւ գտնել իր բնական տեղը «մումթազ» խումբերու շարքին եւ մասնակցիլ 1965-ի «մումթազ» դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն։ Սուրիոյ ֆութպոլի խումբերը աշխարհագրական իմաստով բաժնուած էին երկու շրջաններու՝ հիւսիսային եւ հարաւային։ ՀՄԸՄ, յաղթելէ ետք Հալէպի Ահլիին հիւսիսային շրջանի ախոյեանութեան վերջին մրցումին, (1-0) արդիւնքով, շնոհիւ Ճորճիկին նշանակած միակ կոլին, դարձաւ հիւսիսային շրջանի ախոյեան խումբը, եւ իրաւունք ստացաւ մասնակցելու Սուրիոյ ախոյեանութեան աւարտականին, իր դէմ ունենալով հարաւային շրջանի ախոյեան՝ սու- րիական բանակի խառն խումբը:

Երթի մրցումին, որը տեղի ունեցաւ 14 Մարտ 1965-ին Հալէպի մէջ իրաւարարութեամբ Ռաշատ Հաուասլիի, ՀՄԸՄ-ի կազմը փառաւոր յաղթանակ արձանագրեց (1-0) արդիւնքով, միակ կոլը նշանակելու բախտը դարձեալ Ճորճիկին վիճա-կուեցաւ։

Դարձի մրցումը տեղի ունեցաւ 19 Մարտ 1965-ին Դամասկոս, իրաւարարութեամբ՝ Սալեմ Այմաշի եւ վերջ գտաւ (1-1) հաւասար արդիւնքով, ՀՄԸՄ-ի կէտը նշանակեց Մորիս Ֆաքըս։

Եւ վերջապէս իրականացաւ ՀՄԸՄ-ականներու երազը, եւ ՀՄԸՄ դարձաւ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան «մումթազ» դասակարգի առաջին ախոյեան, 1965-ին։

ՀՄԸՄ արդարօրէն եւ արժանավայել կերպով դժուար եւ սպառիչ պայքարէ ետք յաջողեցաւ իրականացնել մեր բոլորին երազը եւ արձանագրել պատմական այս աննախընթաց իրագործումը, ոսկի տառերով եւ համայն հայութեան եւ ի մասնաւորի ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին նուիրելով այս անմոռանալի նուաճումը՝ յաղթանակի բաժակը, դառնալով Սուրիոյ ֆութպոլի առաջին ախոյեան խումբը։

Փառք ու պատիւ բոլոր անոնց անխտիր, որոնք իրենց արդար քրտինքով, ջանքով, զոհողութեանց ու գործակցութեան ազնիւ ու վեհ ոգիով եւ «Բարձրացիր Բարձրացուր» նշանաբանին հաւատարիմ մնալով կատարեցին անկարելին եւ իրականացուցին ՀՄԸՄ-ի գեղեցիկ եւ արդար այս երազը։

Որպէս մարզական կարեւոր իրագործումներ Հալէպի մէջ ուսանողական շրջանիս կ’ուզեմ յիշել հետեւեալ երկուքը։

1.- 1960-ին Ճեմարանի ուսանողական ֆութպոլի կազմին հետ, յաջողեցանք արձանագրել փայլուն յաղթանակ, տիրանալով Հալէպի սեփական երկրորդական վարժարաններու ախոյեանութեան տիտղոսին։

2.- 1964-ին պետական «ալ Մաամուն» երկրորդական վարժարանին հետ, տիրացանք Սուրիոյ երկրորդական վարժարաններու ախոյեանութեան բաժակին։

Հ4.- Մաս կազմած էք Հալէպի եւ Սուրիական հաւաքականին։ Այս մասին ի՞նչ ունիք ըսելիք։

Պ4.- Բարեբախտաբար պատիւը ունեցայ մաս կազմելու Հալէպի հաւաքականի ախոյեան կազմին, ՀՄԸՄ-ի հետեւեալ եղբայրներուս հետ.- Անդրանիկ Սիւլիւքճեան, Մորիս Ֆաքըս, Գէորգ Աւընեան, Գօգօ Քիլէճեան, Սամիր Ֆաքըս, Անդրանիկ Պահարեան եւ Անդրանիկ Մալեան։

Ահլի խումբէն մաս կը կազմէին հետեւեալները. Մուսթաֆա Մուճաուազ, Ուաէլ Աքքատ, Ֆաթէհ Զաքի, Օմար Քայեալ, Սամիր Հազուէնի, Մուհամմատ Հաուաշ։

Այս ներդաշնակ խումբը պա- տուաբեր արդիւնքներ արձանագրեց եւ 1966-ին դարձաւ Սուրիոյ նահանգներու հաւաքական խումբերու ախոյեան, աւարտական մրցումին յաղթելէ ետք Դամասկոսի կազմին, Հոմսի մէջ։ Կարեւորութեամբ կը նշեմ, որ Դամասկոսի հաւաքականը կը ներկայացնէր Սուրիոյ Ազգային Խումբը, ի բացառեալ մէկ խաղացողէ՝ որ Հալէպի «Ահլիի» Ուաէլ Աքքատն էր։

Կարեւորութեամբ կը ներկայացնեմ Հալէպի հաւաքականին կատարած կարգ մը կարեւոր արդիւնքները։

1.- Դամասկոսի հաւաքականին դէմ Հալէպի մէջ բարեկամական մրցում՝ (1-1) արդիւնքով, Հալէպի կոլը նշանակեց եղբ. Ճորճիկ։

2.- Նահանգներու հաւաքական խումբերու ախոյեանութեան զտումի նախավերջին մրցում՝ Տէր Զօրի հաւաքականին դէմ, (0-0) արդիւնքով, Հալէպի խումբէն կը բացակայէին Ճորճիկ եւ Ուաէլ Աքքատ՝ Դամասկոսի Ռէճիին հետ մրցումի մը մասնակցելու պատճառով։ Փենալթիներով Հալէպ կը յաղթէ (5-4) արդիւնքով շնորհիւ Մուսթաֆա Մճուէզի։ Հալէպի հաւաքականը յաղթական կը դառնայ եւ իրաւունք կը ստանայ մասնակցելու Դամասկոսի հաւաքականին դէմ աւարտական մրցումին, Հոմսի մէջ։

3.- Լիբանանի Ազգային խումբին դէմ, բարեկամական մրցում, Հալէպ, արդիւնք (1-1)։ Հալէպի կէտը նշանակեց Ահլիի խաղացող Սամիր Հըզուանի։

4.- Լիբանանի Ազգային խումբին դէմ դարձեալ բարեկամական մրցում Պէյրութի մէջ (2-1) ի նպաստ Լիբանանի։ Հալէպի միակ կոլը նշանակեց դարձեալ եղբայր Ճորճիկ։

5.- Հալէպ-Դամասկոս հաւաքական կազմերու Սուրիոյ նահանգներու աւարտական մրցում, 1966-ին Հոմսի մէջ։ Մրցումը (1-1) արդիւնքով կանգ առաւ, որովհետեւ Դամասկոսը մերժեց մրցումը շարունակել իրաւարարի մէկ որոշումին դէմ բողոքելուն պատճառաւ եւ դաշտէն հեռացաւ։ Այսպէս իրաւարարը Հալէպի կազմը յաղթական հռչակեց։

Հաւաքականի միակ կոլը նշանակեց ՀՄԸՄ-ական Սամիր Ֆաքըսը խաղը առաջին վայրկեաններու ընթացքին։

1966-ի ամրան ՀՄԸՄ-ի խումբէն եղբայրներ հրաւիրուեցան մաս կազմելու Սուրիոյ ազգային խումբին մեկնելու Չինաստան եւ կատարելու շարք մը բարեկամական մրցումներ, հրաւիրեալներն էին՝ եղբայրներ Անդրանիկ Սիւլիւքճեան, Մորիս Ֆաքըս, Սամիր Ֆաքըս, Գօգօ Քիլէճեան, Անդրանիկ Մալեան եւ Ճորճիկ Ռասթկելէնեան։

Սակայն մինչ այդ Լիբանան հաստատուած էի։ Այստեղ ՀՄԸՄ-ի շարք մը կարեւոր մրցումներ եւ մրցաշարք մը ունենալուս պատճառով եղբ. մարզիչը չարտօնեց ճամբորդելս եւ այսպիսով հրաժարեցայ մաս կազմելէն խումբին։

(Շար. 2)