«Գանձասար»ի այս սիւնակը կը միտի իրազեկ դարձնել հասարակութիւնը զինք հետաքրքրող սուրիական օրէնքներուն։ Առ այդ, պատրաստակամ ենք ընդունելու օրէնքներու վերաբերող ձեր լուսաբանական հարցումները եւ թերթին ճամբով պատասխանելու անոնց։
Ձեր հարցումները կրնաք ուղարկել հետեւեալ ելեկտրոնային հասցէին (E-mail) mariavaroujankaprielian@hotmail.com։
Մեր իրաւունքները պաշտպանուած են օրէնքներով՝ իմանանք եւ պաշտպանուինք։
«Գանձասար»
Շուրջ երկու ամիսէ ի վեր թագավարակին պատճառով Սուրիոյ բոլոր դատարանները փակուած են։ Բազմաթիւ քաղաքացիներու դատական գործերը առկախուած են եւ այդ մէկը զանազան բարդութիւններ յառաջացուցած է։
Տակաւին յստակ չէ, թէ դատարանները բացուելէ ետք որքան ժամանակի պիտի կարօտի կուտակուած եւ կիսաւարտ դատերը կարգի դնելը եւ անոնց դատավարութեան ժամկէտները ճշդելը։
Այս կացութիւնը առիթ ստեղծեց, որ մարդիկ իմանան, որ դատարանը միակ համակարգը չէ, որուն կարելի է դիմել հարցեր լուծելու համար։
Այսի՞նքն։
Այսինքն դատարանին կողքին կա՞յ այլ կառոյց մը, որուն ճամբով կարելի է հարց լուծել։
Յառաջացած կառոյց չկայ։ Սակայն կարելի է յառաջացնել այդ կառոյցը որեւէ պահու։
Ինչպէ՞ս։
Ուրեմն, Սուրիական օրէնքը, յար եւ նման բազմաթիւ երկիրներու օրէնքներուն, կ’արտօնէ դատարանէն դուրս իրաւարարութիւնը։ 2008-ի սուրիական թիւ 4 օրէնքին համաձայն, Սուրիոյ քաղաքացին իրաւունք ունի դատարանի փոխարէն դիմելու իրաւարարութեան։
Ինչո՞ւ մարդիկ դատարանի փոխարէն կը նախընտրեն դիմել իրաւարարութեան։
Շարք մը պատճառներով, որոնցմէ.
ա.-Հարցի լուծման արագ ընթացք ապահովելու, հետեւաբար ժամանակ խնայելու։
բ.-Իրաւարարը կամ իրաւարարները ընտրելու ազատութիւն ունենալու։
գ.-Ծախսերու խնայողութիւն կատարելու։
Իսկ իրաւարարի վճիռը օրինական ի՞նչ բնոյթ ունի, այսինքն՝ ան դատական վճիռի համազօ՞ր է։
Այո՛, համազօր է, պայմանաւ, որ գործադրման դրոյթ կամ բանաձեւում ստանայ։
Ամէն տեսակի հարցերու համար կարելի՞ է դիմել իրաւարարութեան։ 
Ո՛չ։ Կարելի չէ դիմել իրաւարարութեան այն հարցերուն պարագային, ուր ինքնին հաշտութեան դիմելը թոյլատրելի չէ, կամ երկրի ընդհանուր կանոնագիրին դէմ է։
Կարելի չէ նաեւ դիմել իրաւարարութեան ազգային պատկանելիութեան (քաղաքացիութեան) կամ անձնական իրաւանց եւ կարգավիճակի հարցերով։
Իրաւարարութեամբ հարցը լուծելու համաձայնութիւնը բանաւոր կրնա՞յ ըլլալ։
Ո՛չ։ Հարկաւոր է, որ ան գրաւոր ըլլայ։
Իրաւարարական յանձնաժողովի ճշդուած թիւ կա՞յ։
Իրաւարարական յանձնաժողովը կողմերու համաձայնութեամբ բաղկացած կ’ըլլայ մէկ կամ մէկէ աւելի իրաւարարներէ։ Եթէ կողմերը համաձայնած չըլլան իրաւարարներու թիւին շուրջ, անոնց թիւը երեք կ’ըլլայ։ Ամէն պարագայի հարկաւոր է որ կենտ թիւ ըլլայ։
Պայմա՞ն է, որ իրաւարարը փաստաբան կամ իրաւաբան ըլլայ։
Ո՛չ, նման պայման չկայ։ Իրաւարար կրնայ ըլլալ տասնութ տարեկանէն վեր լիիրաւ եւ մտային բանականութեան տէր, հաւասարակշռուած եւ փորձառու մարդը, որ կը վայելէ բարի կենցաղ, օրինակելի վարք ու բարք եւ ամենակարեւորը՝ վստահելի է եւ անաչառ։
Փաստաբան
Մարիա Գաբրիէլեան