Երբ յուսաս Տիրոջ թանկագին խոստումները յիշելով՝ արտայայտութիւնդ կ’ըլլայ մխիթարական:
Երբ յուսաս կասկածներդ մէկդի ձգելով՝ կը հարթուի հարցեր լուծելու ճամբան:
Երբ յուսաս նոյնիսկ տագնապներուդ միջոցին՝ անսպասելի հրաշքներ տեղի կ’ունենան:
Երբ յուսաս հակառակ դժուար պայմաններուն՝ կը բազմապատկուի ուժը տոկունութեան:
Երբ յուսաս բարին ակնկալելով՝ աղօթքներդ չեն մնար անպատասխան:
Երբ յուսաս հոգերդ Տիրոջ յանձնելով՝ առանց կաշկանդուելու կ’ապրիս ներկան:
Երբ յուսաս Աստուծոյ հովանիին ապաւինելով՝ չես մնար անպաշտպան:
Երբ յուսաս ներումի շնորհքին՝ Քրիստոսի արեամբ կ’առաջնորդուիս փրկութեան:
Երբ յուսաս աստուածային միջամտութեան՝ գաղտնի թակարդներ վնաս հասցնելու անկարող կ’ըլլան:
Երբ յուսաս Աստուծոյ անհուն ողորմութեան՝ սրտաբուխ փափաք մը կը մղէ խոստովանութեան:
Երբ յուսաս յաւիտենականութեան՝ ժամանակաւոր արժէքներուն կու տաս ճիշդ գնահատական:
Երբ յուսաս առատ հունձքին՝ պիտի դառնաս ժիր սերմնացան:
Երբ յուսաս արդար վաստակի արդիւնքին՝ պիտի մերժես կեղտ հաշիւները խաբէական:
Երբ յուսաս Յարութեան Կիրակիին՝ Աւագ Ուրբաթի դառն բաժակէն պիտի ըմպես անպայման:
Երբ յուսաս Ելն Ի Վիրապին՝ Մուտն Ի Վիրապի ուղին պիտի ընտրես անվարան:
Երբ յուսաս Տիրոջ երկրորդ գալուստին՝ կարօտալի սիրով պիտի սպասես Երկնաւոր Փեսան:
Երբ յուսաս Աստուծոյ հայրական խնամքին՝ պիտի մատուցես աղօթաբոյր խօսքեր գոհաբանական:
Երբ յուսաս հակառակ պղտոր ներկային եւ մութ գալիքին՝ պիտի ըլլաս հաւատաբոյր անդաստան:
Երբ յուսաս հակառակ յուսահատեցնող երեւոյթներուն՝ դուն կանթեղ ես Լուսաւորչեան:
Երբ յուսաս հակառակ եսի փուշին եւ նախանձի թոյնին՝ հոգիով եղար արիական:
Երբ յուսաս առանց կառչելու նիւթի հրապոյրին՝ պիտի կոչուիս հաւատքի ախոյեան:
Երբ յոյսդ ապրող է հակառակ օրերուն ողբերգական՝ դուն կ’ըլլաս աւետաբեր երգարան:
Երբ յուսաս անխախտ հաւատքով՝ կը ստանաս պատուաստ դիմադրողականութեան:
Երբ յուսաս երկնաւոր բժշկապետին դիմելով՝ կը գտնես ցաւերուդ դարման:
Երբ յուսաս ժպիտով՝ վշտահարներուն հիւանդապահն ես կամաւորական:
Երբ յուսաս դրական խօսքով՝ խռովածներուն հոգատարն ես շտապ օգնութեան նման:
Երբ յուսաս ծառայելով՝ անօգնականին խնամատար ես սիրողական:
Երբ յոյսդ շողուն է նոյնիսկ խաւարախիտ ժամանակներուն՝ լաւատեսութիւն ներշնչող ես տեւական:
Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան