Կիրակի, 10 Մայիս 2020-ին, “Մայրերու Օրուան” առիթով, Հայ Աւետարանական Համայնքապետ Վեր. Յարութիւն Սելիմեան Աւետարանական եկեղեցիներու մարմիններու ներկայացուցիչներէ կազմուած պատուիրակութեամբ այցելեց Հայ Ծերանոց, խրախուսելով ու քաջալերելով Ծերանոցի մէջ պատսպարուած հայ մամիկներն ու պապիկները։
Այս յատուկ առիթով վերապատուելին իւրաքանչիւր հայ մամիկի նուիրեց ծաղկեփունջ մը իբրեւ երախտագիտական արտայայտութիւն անոնց մայրական անձնուիրումին եւ մաղթեց խաղաղ ու առողջ կեանք: Աւարտին ծերունիները հիւրասիրուեցան քաղցրեղէնով։