«Ասպարէզ»- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ պսակաձեւ ժահրի համաճարակին ստեղծած պայմաններուն պատճառով, որոշած է այս տարի աննախընթաց քայլի մը դիմել՝ տարեկան սպասուած ձեռնարկը իրականացնել առցանց։
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 4 Հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 8-էն սկսեալ։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան կը յայտնէ, թէ պսակաձեւ ժահրի համաճարակին ստեղծած նոր մարտահրաւէրները արգելք չեն, որ Հայ Դատի ջատագովման աշխատանքները անխափան շարունակուին:
Մեծ ժողովրդականութիւն վայլող Հայ Դատի տարեկան ձեռնարկը առիթ մըն է ներկայացնելու Հայ Դատի յանձնախումբին վերջին մէկ տարուան գործունէութիւնը եւ իրագործումները, նոյն ժամանակ պատուելու այն անհատներն ու կազմակերպութիւնները, որոնք կարեւոր ներդրում ունեցած են Հայ Դատի ջատագովման աշխատանքները անխափան շարունաելու գործին մէջ:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններ պիտի հրապարակուին յառաջիկային։