ՄԱՐԻԱՄԻ ԿԵԱՆՔԸ
Երեխան աշխարհ կու գայ ինն ամսուան յղութենէ ետք եւ կը կոչուի Մարիամ: Փոքրիկը քալել կը սկսի վեց ամսուան տարիքէն եւ անիկա չի ձեռներ որեւէ պիղծ բան: Երեք տարեկանին, մանուկին ծնողները զայն տաճար կ’ընծայեն եւ այլեւս չեն միջամտեր: Մարիամ տաճար կը մնայ տասներկու երկար տարի եւ այդտեղ ան կը սնուի հրեշտակի մը միջոցով: Երբ Մարիամ տասնհինգ տարեկան կ’ըլլայ եւ անոր արբունքի շրջանը կը սկսի, քահանաները կը սկսին մտածել, թէ Մարիամ այսպիսով կը պղծէ տաճարը եւ Զաքարիա քահանայապետին կը դիմեն, որպէսզի օգտակար լուծում մը տայ այս հարցին: Զաքարիա, տաճար կը մտնէ աղօթելու համար: Երբ ան կ’աղօթէր, Աստուծոյ հրեշտակը իրեն երեւելով կ’ըսէ. «Զաքարիա՛, Զաքարիա՛, դուրս ե՛լ տաճարէն, հաւաքէ՛ ժողովուրդի այրերը եւ թոյլ տուր, որ ամէն մէկը գաւազան մը վերցնէ: Արդարեւ, անոր որ Աստուած մատնանշէ նշանով մը, Մարիամ անոր կինը պիտի ըլլայ» (Աւետարան ըստ Յսկոբոսի 8.7-8):
Զաքարիա կը հրամայէ, որ Աստուծոյ փողերը հնչեցնեն, որպէսզի ժողովուրդը հաւաքուի: Քաղաքի այրերը, ինչպէս նաեւ Յովսէփ, փողի ձայնը լսելով իրենց գաւազանները կ’առնեն եւ տաճար կ’երթան: Զաքարիա գաւազանները կը հաւաքէ եւ տաճար մտնելով կ’աղօթէ: Երբ ան դուրս կու գայ տաճարէն, գաւազանները իրենց տէրերուն կը վերադարձնէ եւ յանկարծ Յովսէփի գաւազանէն աղաւնի մը դուրս կու գայ ու անոր գլխուն վրայ կը կենայ: Այս մէկը տեսնելով Զաքարիա կ’ընտրէ Յովսէփը, իբրեւ Մարիամին նշանածը: Այստեղ կ’ուզեմ յիշել, որ նոյն այս օրերուն կը պատահի Զաքարիայի համրութիւնը եւ Եղիսաբէթի յղութիւնը (Ղկ. 1. 5-25):
Ահաւասիկ այս բոլորը գիտնալով աւելի ճանչցանք մեր Տիրոջ ու Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի մայրը, սակայն միշտ պէտք է յիշենք, թէ այս տեղեկութիւնները առնուած են երկրորդականոն աւետարանէ մը, որոնք կրնան ճիշդ չըլլալ: Հոս կ’ուզենք ըսել, որ Մարիամի կենսագրութեան միւս գիծին, այլ խօսքով՝ աւետման մասին, պիտի անդրադառնանք, երբ ներկայացնենք Ս. Կոյս Մարիամը Նոր Կտակարանին մէջ:
Եզրակացութեան փոխարէն կ’ուզենք Մարիամ Աստուածածնին նուիրուած շարականներէն տուն մը մէջբերել, որ հոգիի հանգստութիւն կը պարգեւէ: «Այսօր լցաւ խոստումն Աստուծոյ առ նահապետսն, ի զաւակէ նոցին օրհնիլ ամենայն ազանց. զի յարմատոյ նոցին բղխեաց կոյսն սուրբ որ ծնաւ զբանն բարձող մեղաց նախահօրն, փառս տացուք տուողին մեզ զօրհեալն ի կանայս», իսկ աշխարհաբարը՝ «Այսօր կատարուեցաւ Աստուծոյ խոստումը նահապետներուն՝ թէ անոնց զաւակներէն բոլոր ազգերը պիտի օրհնուին, որովհետեւ անոնց արմատէն բխեցաւ սուրբ կոյսը, որ նախահօր մեղքերը վերցնող Բանը ծնաւ. փառք տանք անոր որ կիներու մէջ օրհնեալը տուաւ մեզի» (կանոն ծննդեան սրբոյ Աստուածածնին ի ծնողաց իւրոց ի Յովակիմայ եւ յԱննայէ):
(Շար. 3 եւ Վերջ)

Շանթ Կիս. Սրկ. Գատէհճեան
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք
Պիքֆայա, Լիբանան