Բաժանում…:
Շատ դժուար է բաժնուիլ սիրելի անձէ մը, գեղեցիկ վայրէ մը  ու որեւէ մէկէն կամ բանէ մը, որուն կապուած ես:
Ճիշդ երէկուան պէս կը յիշեմ՝ ինչպէս առաջին անգամ ոտք դրի այս դպրոցս, աշակերտուհին դառնալով անոր՝ Ազգ.Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարանին: Եօթը տարեկան էի. նոր միջավայր, նոր շրջանակ, նոր ընկեր-ընկերուհիներ: Արդէն տասը տարի անցած է այդ օրերէն: Կրնամ ըսել ամէն մէկ դասարան, դպրոցի ամէն մէկ անկիւն քաղցր յիշատակներով լեցուն է ինծի համար, շրջափակին ամէն մէկ մեթրին վրայ դպրոցական օրերուս հետքերը կան: Լեցուն, լեցուն յիշատակներ: Երբ հիմա այս տողերը կը գրեմ, միտքս կու գան այդ բոլորը, աչքերս կը լեցուին այնքան լաւ յիշատակներու վերյուշով:
Դպրոցական երկար ճանապարհին ինծի համար ԺԲ. դասարանը հակառակ իր բոլոր դժուարութիւններուն, խրթին դասերուն,  ամէնէն հաճելի դասարանը եղաւ: Մեր շատ լուրջ աշխատանքը իր տեղին,  շատ ալ լաւ  հաճելի  մթնոլորտ կը ստեղծէինք, բան մը, որ պիտի չկրկնուի, բայց պիտի մնայ անմոռանալի:
Դպրոցական այս երկար ճանապարհին վրայ ունեցանք ընկերներ, որոնք աշնան տերեւներու պէս թափեցան ու հովու նման անցան, իսկ ուրիշներ, որոնք մնացին, ալ աւելի հոգեհարազատ դարձան եւ այդպէս ալ պիտի մնան:
2019-2020 տարեշրջանի աւարտական դասարանը ըլլալով՝ շատ յաճախ կը մտածէինք , թէ ինչե՞ր պիտի ընենք  մեր հանդէսին:
Մեզի համար շատ դժուար պիտի ըլլայ դպրոցէն բաժնուիլը: Ճիշդ է որ կը մտածենք եւ գիտենք որ կեանքը փուլերէ կազմուած է, մեր դպրոցական փուլը վերջացած է  եւ մենք նոր փուլ պիտի անցնինք: Այո՛, արդէն՝ բայց այսպէ՞ս պիտի ըլլար:
Ամէն ինչ կիսկատար մնաց:
Մեզի համար դժուարը ա՛յն եղաւ,  որ նախապէս չիմացանք, թէ ե՛րբ է մեր դպրոցական վերջին օրը, հայերէնի վերջին դասապահը, թէ ե՛րբ դպրոցին պիտի յանձնենք մեր վերջին յիշատակները,  թէ ե՛րբ  պիտի հնչէ մեր «Վերջին Զանգը», որուն հնչելուն այնքան անհամբերութեամբ  կը սպասէինք:
Ափսո՜ս: Անտեսանելի ժահրը մեզմէ խլեց այս գեղեցիկ բաներուն ուրախութիւնը,   խանգարեց մեր ծրագիրները:
Իրականութիւնը ա՛յն է, որ հասած ենք մեր դպրոցական կեանքի վերջին կէտին: Մեր գլուխները լեփ-լեցուն են գիտելիքներով, կը պատրաստուինք մեր տքնաջան աշխատանքին արդիւնքը տալու:  Բայց  առանց «Մնաք Բարի» ըսելու մեր դպրոցական ընկեր-ընկերուհիներուն, ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն, մեր սիրելի դպրոցին:
Մեղեդի Աբէլեան
(ԺԲ.կարգ)
Քեսապի Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարան