ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՌՈՄԱՆ ՍԿՍԱՒ ԻՐ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ՓՈՐՁԵՐԸ
Հայաստանի հաւաքականի ու Ռոմայի կիսապաշտպան Հենրիկ Մխիթարեան հռոմէական ակումբի իր խաղընկերներուն հետ սկսաւ անհատական ծրագիրի յատուկ փորձերը: Իտալական Ռոման տեսանիւթ մը հրապարակեց իր դիմատետրի էջին վրայ ներկայացնելով, թէ ինչպէ՛ս ընթացք առած է մարզումի առաջին օրը: Յիշեցնենք, որ Իտալիոյ կառավարութեան որոշումով, Ա. շարքի խումբերուն թելադրուած է կատարել անհատական փորձեր, բայց մինչեւ օրս տակաւին յստակ որոշում մը չէ գոյացած, թէ ընթացիկ մրցաշրջանը պիտի շարունակուի՞ կամ ոչ:
«ՌՈԼԱՆ-ԿԱՐՈՍ»Ը ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ԴՌՆՓԱԿ ԴԱՇՏԻ ՄԷՋ
Ֆրանսայի Թենիսի Դաշնութեան նախագահ Պեռնարտ Ճիոտիչելի յայտարարեց, որ կը ծրագրուի Տեվիսի «Ռոլան-Կարոս» ֆրանսական ախոյեանութեան մրցաշարքը կազմակերպել դռնփակ դաշտի մէջ առանց հանդիսատեսներու ներկայութեան, յառաջիկայ Սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին: Ֆրանսական «Ժուրնալ Տէօ Տիմանշ» օրաթերթը Ճիոտիչելիի խօսքը մէջբերելով գրեց, որ աշխարհի տարածքին մեծ թիւով մարդիկ անհամբեր կը սպասեն «Ռոլան-Կարոս» մրցաշարքին, եւ մենք կարողութիւն ունինք այս մրցաշարքը իրականացնելու դռնփակ դաշտի մէջ, խուսափելու պսակաձեւ ժահրի համաճարակէն: Բոլոր խաղացողներուն առողջապահութեան միջոցները պարտաւոր ենք ապահովել: Ճիոտիչելլի յայտնեց, որ մրցաշարքը կարելի է մէկ շաբաթով յետաձգել եւ կատարել 27 Սեպտեմբերին: Աւելցնենք, որ «Ռոլան-Կարոս»ի թուականը նախատեսուած էր 24 Մայիսին, սակայն պսակաձեւ ժահրի համաճարակին պատճառով որոշուեցաւ իրագործել զայն 20 Սեպտեմբերին:
ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ՎԱՃԱՌԵԼ ՎԻՏԱԼԸ
Սպանիոյ ախոյեան Պարսելոնայի վարչակազմը պատրաստակամութիւն յայտնած է բանակցութիւններ վարելու Իտալիոյ Միլան խումբին հետ, անոր վաճառելու համար խումբի չիլիցի խաղացող Արթուր Վիտալը՝ ամառնային փոխադրաշրջանի ընթացքին: Վերջին մէկ ու կէս տարուան ընթացքին, Ինթերը զանազան առիթներով առաջարկած էր Վիտալը միացնել իտալական խումբին, բայց Պարսելոնայի ղեկավարները մերժած էին բոլոր առաջարկները: Յիշենք, որ սպանական ակումբին հետ Վիտալի պայմանագրութիւնը վերջ կը գտնէ յառաջիկայ տարի, եւ ակումբը մտադիր չէ նորոգելու զայն: Վիտալի համար Պարսելոնա 20 միլիոն եւրօ կը պահանջէ:
ՍՊԱՆԻՈՅ ԼԻԿԱՆ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑ ՊՍԱԿԱՁԵՒ ԺԱՀՐՈՎ ՎԱՐԱԿՈՒԱԾ ՀԻՆԳ ՆՈՐ ԽԱՂԱՑՈՂՆԵՐՈՒ ՊԱՐԱԳԱՅ
Սպանիոյ Ֆութպոլի Դաշնութիւնը յայտարարեց, որ հինգ նոր խաղացողներ վարակուած են պսակաձեւ ժահրով: Ռոյթըրզ յիշեց, որ սոյն խաղացողները պիտի մնան իրենց բնակարաններուն մէջ, իսկ մնացեալ խաղացողները պիտի շարունակեն իրենց անհատական փորձերը: Աւելցնենք, որ աւելի քան մէկ ու կէս ամիսէ ի վեր սպանական խումբերը դադրած էին իրենց փորձերէն: Անցեալ շաբթուան ընթացքին իւրաքանչիւր ակումբ իր մարզադաշտէն ներս սկսաւ նուազ խաղացողներով կատարել անհատական մարզումներ:
ՖԻՖԱՆ ԱՐՏՕՆԵՑ ԽԱՂԵՐՈՒ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԿԱՏԱՐԵԼ 5 ԽԱՂԱՑՈՂԻ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ
Ֆութպոլի Միջազգային Դաշնութիւնը ՖԻՖԱ-ն, արտօնեց մէկ խաղի ընթացքին կատարել հինգ խաղացողի փոփոխութիւն: Այս տեղեկութիւնները յայտարարեց ՖԻՖԱ-ի մամլոյ ծառայութիւնը: Ըստ աղբիւրին, պսակաձեւ ժահրի համաճարակին պատճառով որոշ ժամանակ է որ խաղացողները հեռու են փորձերէ, հետեւաբար այս որոշումը գոյացաւ նուազեցնելու համար անոնց առողջապահական վնասները: ՖԻՖԱ-ն այս որոշումը փոխանցեց բոլոր երկիրներու ֆութպոլի դաշնութիւններուն եւ թելադրեց իրականացնել զայն՝ խնայելու համար խաղացողները բոլոր տեսակի վնասներէ:
Պատրաստեց
Ռաֆֆի Սիւլահեան
Ռաֆֆի Սիւլահեան