«Երկիր».-Աւանդոյթին համաձայն, 18 Մայիսին Թանգարաններու Միջազգային Օրը պիտի յիշատակուի, իսկ «Թանգարաններու Գիշեր» շարժումը աշխարհի մէջ տիրող համավարակի կանխարգիլման ուղղուած ջանքերուն բերումով Նոյեմբեր ամսուան ընթացքին  նախատեսուած է իրականացնել:

Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանը 18 Մայիսին կը միանայ Թանգարաններու Միջազգային Օրուան` առցանց հարթակով տրուող կարելիութիւններու ծիրէն ներս:

Յարգելի՛ հետեւորդներ,

«Հետեւեցէ՛ք, մեր էջի հրապարակումներուն, ծանօթացէ՛ք Մարաշի, Հաճընի, Այնթապի ինքնապաշտպանութիւններու 100-ամեայ տարելիցին նուիրուած «ինքնապաշտպանական մարտերը Կիլիկիոյ Հայոց Ցեղասպանութէան տարիներուն» առցանց ցուցադրութեամբ», ըսուած է թանգարանի դիմատետրի էջին կատարուած  գրառումով: