Հայաստանի մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող բժշկական խումբը Հալէպի Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան հետ գործակցութեամբ կը շարունակէ Հալէպի զինուորական հիւանդանոցին եւ այլ բուժհաստատութիւններուն բժշկական եւ այլ անհրաժեշտ պարագաներ փոխանցել:

«Մարդասիրական Ականազերծման Եւ Փորձագիտական Կեդրոն» ՊՈԱԿ-էն, բժշկական կեդրոններու ղեկավարները հայ մասնագէտներուն իրենց երախտագիտութիւնը յայտնած են, տրամադրուած անհրաժեշտ  պարագաներուն եւ բժշկական հաստատութիւններէն ներս ամէն օր ցուցաբերուող օժանդակութեան համար:

Հալէպի զինուորական հիւանդանոցի պետ, զօրավար Ֆայէզ ալ Այուպի բարձր  գնահատած է հայ եւ սուրիացի բժիշկներուն միատեղ ջանքերը, աշխատանքի հանդէպ  նուիրումը եւ Հայաստանի մարդասիրական խումբին մշտական աջակցութեան համար շնորհակալութիւն յայտնած   է: