«Արմէնփրէս».- 18 Մայիսին Վրաստանի Մառնէուլիի շրջանին երկու ամիս գործող խիստ մեկուսացումը չեղեալ համարուած է եւ մուտքի ու ելքի արգելքը դադրած է: Ըստ «Արմէնփրէս»ի, այս մասին հաղորդագրութիւն է տարածած է

Վրաստանի ՀՀ  դեսպանութիւնը։ «Վրաստանի մէջ գտնուող եւ Հայաստան մեկնիլ փափաքող ՀՀ քաղաքացիները այսուհետեւ առանց դժուարութեան Սադախլոյի անցակէտով կրնան Հայաստան մեկնիլ:

Միաժամանակ կը տեղեկացնենք, որ տակաւին օտարերկրացիներու մուտքը Վրաստանի տարածք արգիլուած է (ՀՀ քաղաքացիներու մուտքը նաեւ), եւ սոյն որոշումին նկատմամբ որեւէ փոփոխութեան պարագային դեսպանութիւնը համապատասխան յայտարարությամբ հանդէս պիտի գայ», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։