«Էրմէնիհապեր».- Թուրքիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրի կանխարգիլման ծիրէն ներս իրականացուող նախաձեռնութիւններու լոյսին տակ սահմանափակումներ յայտարարուած են եւ տօնական ու զանգուածային ձեռնարկներու կազմակերպումը արգիլուած է:

Թուրքիոյ սեւծովեան Սամսուն նահանգի Նահանգապետարանը այս տարի արգիլած է 19 Մայիսին կազմակերպուող նախաձեռնութիւնները:

Թուրքիոյ  հանրային միացեալ աշխատանքի համադաշնութեան Սամսունի ներկայացուցիչ եւ կրթական աշխատանքի արհեստից միութեան Սամսունի մասնաճիւղի ղեկավար Ռիւսթեմ Քարան 4 Մայիսին դիմած է Սամսունի նահանգապետարան, որպէսզի 19 Մայիսին 8-10 հոգիէ բաղկացած խումբին Աթաթիւրքի յուշարձանին առջեւ թոյլատրուի ծաղկեպսակ դնել:

Այդ դիմումէն 11 օր ետք պատասխանած է փոխնահանգապետ Հասան Պալճըն` յայտնելով, որ երկրի 15 նահանգներուն մէջ արգիլուած է փողոց դուրս գալ եւ այդ պատճառով յարմար չեն  տեսներ ծաղկեպսակ դրուիլը:

Այդ համադաշնութեան ներկայացուցիչներէն մէկը որոշումին հետ կապուած իր բողոքը  յայտնած է: Օրինակ բերելով երկրի իշխանութիւնները 1 Մայիսին` աշխատաւորներու օրը, Սթանպուլի մէջ Թաքսիմի յուշարձանին առջեւ թոյլ տուած են   ծաղկեպսակ դնել:

Անոր խօսքով` իրենց դիմումով նախատեսուած էր, որ նախաձեռնութեան մասնակիցները պիտի պահպանեն ընկերային հեռաւորութիւնը եւ պիտի կրեն  դիմակներ: