Երկուշաբթի, 18 Մայիս, 2020-ին ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ Խորհրդարանի սուրիական-քուպական խորհրդարանական բարեկամութեան յանձնախումբը խորհրդակցեցաւ Դամասկոսի մէջ Քուպայի Հանրապետութեան դեսպան Միկել Փորթօ Պարկայի հետ երկու երկիրներու խորհրդարանական յարաբերութիւններու ամրապնդման շուրջ:
Հանդիպումին ընթացքին կողմերը անդրադարձան Սուրիոյ եւ Քուպայի միջեւ կայացած պատմական սերտ յարաբերութեան, շեշտելով երկու երկիրներուն միացեալ պայքարի անհրաժեշտութիւնը՝ ԱՄՆ-ի բռնատիրութեան դէմ:
Քուպացի դեսպանը շեշտեց, որ Քուպա պիտի շարունակէ նեցուկ կանգնիլ Սուրիոյ, յատկապէս ներկայ իրավիճակին մէջ, յայտնելով, որ ԱՄՆ պսակաձեւ ժահրի համաճարակը կ’օգտագործէ Սուրիոյ, Քուպայի եւ իւրաքանչիւր ինքնիշխան պետութեան դէմ իր թշնամական քաղաքականութիւնը շարունակելու:
Նախապէս սուրիական-քուպական խորհրդարանական բարեմակութեան խումբը խստիւ դատապարտած էր Սուրիոյ պարտադրուած տնտեսական պատժամիջոցները: