Երկուշաբթի, 18 Մայիս 2020-ին, Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց, որ նախարարութեան պատկանող խորհուրդը որոշեց Դամասկոսի արուարձանին մէջ գտնուող Սէյիտա Զէյնապ շրջանի առողջապահական մեկուսացումը չեղեալ համարել, շրջանի բնակիչները քննութեան ենթարկելէ ետք: Նախարարութիւնը հաստատեց, որ 2 Մայիս 2020-էն ի մինչեւ օրս պսակաձեւ ժահրով վարակուած ոչ մէկ պարագայ արձանագրուած է տուեալ շրջանին մէջ:
Յիշենք, որ նախորդ 2 Ապրիլ 2020-էն, սուրիական կառավարութիւնը որոշում առաւ Սէյիտա Զէյնապ շրջանը ամբողջութեամբ առողջապահական մեկուսացման ենթարկել, նկատի ունենալով, որ Սուրիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուած պարագաներու մեծամասնութիւնը այնտեղ կը գտնուէր: